ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի մէջ սկսան Հայաստանի եւ Ռուսիոյ զօրքերու միացեալ խմբաւորման մարտավարական զօրավարժութիւնները: Այս մասին «Սփիւթնիք Արմէնիա»ի թղթակիցին յայտնեց զօրքերու միացեալ խմբաւորման հրամանատարը՝ զօր. Տիգրան Փարուանեան:
Զօրավարժութիւններուն կը մասնակցին թէ՛ Հայաստանի զինուած ուժերու յատուկ բանակային ջոկատի եւ թէ ռուսական 102րդ ռազմակայանի ուժեղացուած ստորաբաժանումները:
Զօրավարը նաեւ ընդգծեց, որ նման զօրավարժութիւններ տեղի կ՛ունենան տարին անգամ մը՝ նախապատրաստական ծրագիրին համաձայն:
22 Հոկտեմբերի զօրավարժութիւններուն պիտի կազմակերպուին քանի բեմագիրներ: Զօրավարժութիւններուն մէջ ներգրաւուած են մեծ քանակութեամբ ռազմական սարքեր, մասնաւորապէս՝ հրասայլեր, հետեւակի մարտական մեքենաներ եւ ինքնագնաց հրետանի: Աշխոյժ փուլէն ետք պիտի ամփոփուին արդիւնքները եւ պիտի տրուին համապատասխան յանձնարարականներ: