ՀՀ տնտեսական աշխուժութեան ցուցանիշը 2019 Յունուար-Հոկտեմբերին, նախորդ տարուան նոյն ժամանակին համեմատ, աճած է 7,1 տոկոս: Այս մասին Facebook-ի իր էջին վրայ հրապարակած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ վկայակոչելով պաշտօնական տուեալները:
Նոյն ժամանակահատուածին՝ արդիւնաբերական արտադրանքի աճը կազմած է 8,8%, շինարարութեան աճը՝ 4,5%, առեւտուրի աճը՝ 8,9%, ծառայութիւններու աճը՝ 15,1%:
Արտահանումը աւելցած է 7,2%-ով: Միջին ամսական աշխատավարձը աճած է 5,9 տոկոսով: «Ասոնք բաւական լաւ ցուցանիշներ են, եթէ չըսեմ՝ շատ լաւ: Այսպիսով, ունինք բոլոր հիմքերը պնդելու, որ 2019-ի տնտեսական աճը մօտ պիտի ըլլայ 7 տոկոսին: Յոյս ունինք՝ նաեւ պիտի հատէ 7 տոկոսի սահմանագիծը»,- նշած է Փաշինեան: