ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը արձագանգեց Սահմանադրական դատարանի դատաւորներու վաղ կենսաթոշակի համակարգի ներդրման մասին օրէնքի ստորագրութեան վերաբերող լրատուամիջոցներու հարցումներուն՝ շեշտելով, որ նախագահը, առաջնորդուելով բացառապէս համապետական եւ համազգային շահերով ու կարեւորել նկատելով սահմանադրական դատարանի բնականոն գործունէութեան ապահովումը նման որոշում ստորագրած է։
Լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչները հարցուցին, թէ ինչո՛վ պայմանաւորուած էր նախագահին՝ այս որոշումը, արդեօք որեւէ ճնշում եղա՞ծ է նախագահին վրայ՝ օրէնքը ստորագրելու հարցին գծով, արդեօք օրէնքի ստորագրման որոշումը տալու ատեն նկատի առնուա՞ծ են անոր վերաբերեալ արտայայտուած տարբեր դիրքորոշումները եւ որքանո՞վ տրուած որոշումը պիտի նպաստէ Սահմանադրական դատարանին շուրջ ստեղծուած ճգնաժամի լուծման:
Հանրապետութեան նախագահը հանգամանալից կերպով ուսումնասիրած է «Սահմանադրական դատարանի մասին» օրէնքին մէջ լրացումներ կատարելու մասին օրէնքը, ինչպէս նաեւ անոր վերաբերեալ զանազան քաղաքական ուժերու, հասարակական, քաղաքական գործիչներու, իրաւաբան-գիտնականներու տեսակէտները, զանգուածային լրատուամիջոցներու հրապարակումները: Ան նաեւ լսած է քաղաքական խմբակցութիւններու, մասնագիտական հանրութեան եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու տեսակէտները՝ անոնց հետ ունեցած իր հանդիպումներուն ընթացքին, դիտարկուած է միջազգային փորձագէտներու կարծիքը, ուսումնասիրուած են օրէնքին վերոբերող միջազգային փորձառութիւնը եւ օրէնքին վերաբերեալ Եւրոպայի խորհուրդի Իրաւունքի միջոցով ժողովրդավարութեան եւրոպական յանձնաժողովի (Վենետիկի յանձնաժողով) փորձագիտական եզրակացութիւնը:
«Օրէնքի վերաբերեալ արտայայտուած դիրքորոշումներն ու բերուած փաստարկները յաճախ ունեն բարոյաքաղաքական եւ զգացմունքային շեշտադրումներ եւ արդիւնք են իրաւական նորմերի մեկնաբանութեան ընթացքում տարբեր եւ երբեմն հակասական մօտեցումների, քաղաքական շահերի:
«Նախագահը, առաջնորդուելով բացառապէս համապետական եւ համազգային շահերով եւ կարեւորելով սահմանադրական դատարանի բնականոն գործունէութեան ապահովումը, ստորագրում է օրէնքը՝ գտնելով, որ օրէնքի գործողութեան ընթացքում սահմանադրական դատարանի անդամները, ինչպէս իր եզրակացութեան մէջ նշել է Վենետիկի յանձնաժողովը «առանց որեւէ անհարկի ճնշման (քաղաքական կամ անձնական)», բացառելով կամաւորութեան սկզբունքից որեւէ շեղում, կ՛արտայայտեն դրա վերաբերեալ իրենց վերաբերմունքը՝ ընդունելով կամ չընդունելով օրէնքով սահմանուած կենսաթոշակի անցնելու հնարաւորութիւնը:
«Նախագահը կարեւորելով օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական իշխանութիւնների եւ պետական ինստիտուտների (հիմնարկութիւններու-Խմբ.) արդիւնաւէտ եւ համագործակցութեան ոգով գործունէութիւնն ապահովելու անհրաժեշտութիւնը՝ ողջունում է Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան՝ Սահմանադրական բարեփոխումների մասնագիտական յանձնաժողով ձեւաւորելու մտադրութիւնը, որի աշխատանքներին կը ներգրաւուի նախագահի աշխատակազմը», կը նշուի նախագահական հաղորդագրութեան մէջ։