Հայաստանի հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան այսօր հանդիպում մը ունեցաւ Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինի հետ:
Անոնք անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիին մէջ ռազմական գործողութիւնները լիակատար դադրեցնելու վերաբերեալ ստորագրուած յայտարարութեան եւ անոր յօդուածներուն:
Նախագահ Սարգսեան նշեց, թէ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորումը համազգային նշանակութեան եւ կարեւորութեան հարց է, եւ բնական է, որ անոր առնչուող ցանկացած որոշում, առաւել եւս՝ փաստաթուղթի ստորագրութիւն, մարդոց մէջ կտրուկ արձագանգ եւ յաճախ ալ ընդվզում պիտի յառաջացնէ:
Նախագահ Սարգսեան ընդգծեց ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահ երկիրներու եւ յատկապէս Ռուսիոյ կարեւոր միջնորդական դերը պատերազմական գործողութիւնները դադրեցնելու աշխատանքներուն մէջ: