ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, որ վարակուած է «Քորոնա» ժահրով եւ ցարդ բուժման կը հետեւէր տնային պայմաններու մէջ, փոխադրուեցաւ հիւանդանոց: Այս մասին հաղորդագրութեամբ մը յայտնեցին Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու վարչութենէն:
«Հիւանդութիւնը դեռեւս բարդ ընթացք ունի. նախագահ Սարգսեանի մօտ առկայ են այդ վիճակին բնորոշ ախտանիշներ, այդ թւում` բարձր ջերմութիւն, երկկողմանի թոքաբորբ», կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ։