Լոնտոնի մէջ կայացած է MISS USSR UK 2019 գեղեցկութեան մրցոյթը, որուն կը մասնակցին գեղեցկուհիներ նախկին խորհրդային երկիրներէն:
Ինչպէս կը հաղորդուի մրցոյթի ինստագրամեան էջին վրայ, մրցոյթին յաղթող ճանչցուած է Հայաստան ներկայացնող 18-ամեայ Անժելինա Չաբանեան: Ան արժանացած է նաեւ «Հանդիսատեսի համակրանք» մրցանակին:
Երկրորդ տեղը գրաւած է Ռուսաստանի ներկայացուցիչ Քսենիա Օչերեդկոն, իսկ երրորդ տեղը Ղազախստանը ներկայացնող Լաուրա Մուխտարը:
Անժելինա Չաբանեան ծնունդով Պելառուսէն է, 15 տարեկանէն կ՛ուսանի Անգլիոյ մէջ։