Ս. Էջմիածնի Կրօնասէր տիկնանց համախմբումի վարչութիւնը ազնիւ գաղափարը ունեցաւ Լիբանան հրաւիրելու Հայաստանի «Նոր անուններ» տաղանդաւոր պատանի–երաժիշտները, որպէսզի մէկշաբաթեայ իրենց կեցութեան ընթացքին իրենց փայլուն տաղանդը ներկայացնեն լիբանանահայ եւ տեղացի հասարակութեան։
Մեր տաղանդաշատ պատանիները Պէյրութ ժամանեցին Շաբաթ, 10 Նոյեմբեր 2018ին։
Ստորեւ կը ներկայացնենք իրենց ժամանման ու կեցութեան, ելոյթներուն եւ շրջապտոյտներուն օրագիրը։ Անոնք իրենց բարձրորակ կատարումներով մեծապէս զարմացուցին արուեստասէր հանդիսատեսը։
Օր 1
Ուրբաթէն Շաբաթ լուսցող գիշեր Մոսկուայէն Պէյրութ ժամանեցին դաշնակահար Պաւել Մնացականով, ջութակահար եղբայրներ` Արամ ու Արթուր Կրիշչեաններ, որոնք դիմաւորուեցան Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան ներկայացուցիչ Պրն. Վլատիմիր Պօղոսեանի, նուիրեալ ազգային Պրն. Հրայր Տանձիկեանի եւ Ս. Էջմիածնի Կրօնասէր տիկնանց համախմբումի վարչականուհի Տիկ. Անի Պոտրումեանի կողմէ, բարեգալստեան ջերմ մթնոլորտի մէջ։ Անոնք հիւրընկալուեցան համախմբումի ատենապետուհի Տիկ. Անահիտ Տանձիկեանի եւ նոյն համախմբումին անդամ Տիկ. Սեդա Գալանճեանի ընտանեկան տաքուկ բնակարաններու մէջ։
Նոյն օրը` կէսօրին, ժամանեցին «Նոր անուններ» խումբին մնացեալ աստղերը.
Թաթուլ Համբարձումեան (տուտուկ, զուռնա)
Խորոզեան Էդուարդ (գլարինէթ)
Մարդանեան Տիգրան (դաշնամուր)
Մարգարեան Անի (երգ)
Մուսինեան Մերի (քանոն)
Ենգոյեան Քրիստինէ (քանոն)
Ընկերակցութեամբ իրենց ազնիւ գործավար, երաժշտագէտ, Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի դասախօս Նոնա Ոսկանեանի, ինչպէս նաեւ իրենց յանդուգն ղեկավար, Մշակոյթի գործիչներու ընկերակցութեան նախագահ եւ ՀՀ մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ Սիլվա Մեքինեանի, որոնք դիմաւորուեցան տիարք Վլատիմիր Պօղոսեանի, Ռաֆայէլ Ումուտեանի եւ Հրայր Տանձիկեանի կողմէ եւ հիւրընկալուեցան Տանձիկեաններու եւ Ումուտեանի բնակարանները։
Խանդավառ էին երկուստեք՝ հիւրերն ու հիւրընկալները։ Հրճուանքի փայլքը կը ցոլար պատանիներուն դէմքերուն, որոնք իրենց հմայիչ ելոյթներով ու բարձրորակ կատարողութեամբ նուաճած էին միջազգային բեմահարթակներ եւ իրենց ներկայութեամբ Լիբանան պիտի հրամցնէին արուեստի վայելքը։
Նոյն օրը` յետմիջօրէին, ժամադրուած էին Յովհաննէս Պօղոսեան սրահ, յաջորդ օրը կայանալիք երեկոյի միջոցառումին նախապատրաստական փորձերը կատարելու։ Ուրախ մթնոլորտի մէջ կատարելով իրենց պարտականութիւնը՝ ընթրիքի սեղանի մը շուրջ բոլորուած, սերտ ու հաճելի զրոյցներով մոռցած էին իրենց յոգնութիւնը։
Օր 2
Կիրակի, 11 Նոյեմբեր 2018ին` երեկոյեան ժամը 7:00ին, լիբանանահայութիւնը ժամադրուած էր «Նոր անուններ» պատանի երաժիշտներու հետ, որոնք պատրաստ էին իրենց հայկական եւ միջազգային դասական գործերով ներկայանալ հանրութեան։
Ձեռնարկը կը հովանաւորէր Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը: Առիթը՝ Երեւան-2800ամեակ։
Սրահ փութացած էին արուեստը գնահատող եւ հայ մշակոյթով շնչող հոծ բազմութիւն:
Արդարեւ, լիբանանահայ արուեստասէր հասարակութիւնը բարեբախտութիւնը ունեցաւ վայելելու եւ ապրելու բարձրորակ ու բացառիկ պահեր, երբ պատեհութիւնը ստեղծուեցաւ ըմբոշխնելու հայրենի տաղանդաւոր երաժիշտներու գեղարուեստական կատարումները անհատական թէ հաւաքական գործիքային արտայայտչամիջոցներով, Յովհաննէս Պօղոսեան սրահին մէջ։
Ս. Էջմիածնի Կրօնասէր տիկնանց համախմբումի նախաձեռնութեամբ ու կազմակերպութեամբ այս ծրագիրի յաջողութեամբ պսակումը ցոյց տուաւ, որ հայրենիքը ունի տաղանդաւորներ հասցնելու ու պատրաստելու իր բուխ ներուժը՝ զանոնք սեփականութիւնը դարձնելով հայ ժողովուրդին եւ աշխարհին։
Անկասկած, ամէն ոք հպարտ զգալու է, որ այս մակարդակով եւ որակով արուեստածին սերունդներ կան, որոնք իրենց հմտութեամբ եւ բարեմասնութեամբ ոչ միայն հոգեպարար վայելքներ կը բաշխեն ամէնուրեք, այլեւ շունչ ու կեանք կու տան կատարողական արուեստին։
Վստահաբար, բոլոր անոնք, որոնք այս պատանի տաղանդաւորներուն արուեստը ապրեցան, իւրաքանչիւր մատուցողի սրտամօտիկ նուագակցութեամբ, կը համոզուի, որ հայ մշակոյթ եւ արուեստ կերտող ու ստեղծագործող ժողովուրդը չի մեռնիր, միշտ կը վերանորոգուի, կը վերալիցքաւորուի։
«Նոր անուններ»ը անոնց պայծառ ու փայլուն ապացոյցն է։
Կիրակի օրուան բարձրորակ կատարողութենէն ետք, նոյն գիշերն իսկ սփռուեցաւ Ֆէյսպուքի էջերուն վրայ, խումբը Ս. Էջմիածնի Կրօնասէր տիկնանց համախմբումի վարչութեան հետ միատեղ ուղղուեցաւ Անթիլիասի «Պաչիկ» ճաշարան, կենսուրախ մթնոլորտի մը մէջ զրուցելով գիշերուան յաջողութեան եւ յաջորդող յայտագրին մասին՝ տօնախմբութեան բերկրանքի պահեր կ’ապրէին բոլորը։
Օր 3
Երկուշաբթի, 12 Նոյեմբեր 2018ին խումբը ժամադրուած էր Հայկազեան համալսարանի տնօրէնութեան եւ ուսանողութեան հետ։
Մեր սիրելի ու տաղանդաւոր պատանի երաժիշտները հոս ալ ներկայացան իրենց գեղարուեստական կատարումներով՝ զարմանք պատճառելով ուսանողութեան։
Համալսարանէն ուրախ տրամադրութեամբ ուղղուեցան դէպի հայահոծ Պուրճ Համուտ թաղամասը, ուր հայկական ճաշարանի մը մէջ ճաշելէ ետք բարձրացան Զմմառու միաբանութեան վանքը։
Շուրջ երեքդարեայ պատմական իր գոյութեամբ, աշխարհագրական գեղատեսիլ իր դիրքով, եկեղեցիով ու ձեռագրատուն-մատենադարանով, Զմմառու վանքը հայկականութեամբ բաբախուն վայր մըն է, ուր այցելեցին մեր պատանի աստղերը։
Օր 4
Երեքշաբթի, 13 Նոյեմբեր 2018ին խումբը առաւօտուն ուղղուեցաւ Լեռնալիբանանի ամենամեծ ու աշխարհի ամենահին քաղաքներէն` Ժըպէյլ, պատմական Պիպլոս ծովեզերեայ քաղաքը։ Ապա այցելեց «Թռչնոց բոյն» եւ անոր կից Արամ Պեզիքեանի անուան թանգարանը՝ նուիրուած Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած հայաբեկորներուն։
Կէսօրուան ճաշ` Պահր ճաշարան։
Յետմիջօրէին զուարթ մթնոլորտի մէջ այցելեցին Ժաիթայի քարայրը, որմէ ետք` Հարիսայի Ս. Աստուածամօր արձանը, որ ծովու մակերեսէն 550 մեթր բարձրութեան վրայ կառուցուած է Ճիւնիի ծոցին բարձունքին։
Օր 5
Չորեքշաբթի, 14 Նոյեմբեր 2018ին խումբը ուղղուեցաւ հայաւան Այնճար գիւղաքաղաքը եւ հիւրընկալուեցաւ Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խոշեանի կողմէ։ Յարգելի քաղաքապետի ջերմ ընդունելութեամբ շրջագայեցան գիւղը, Ս. Պօղոս եկեղեցին ու անոր կից` Մուսա Տաղի յուշակոթողը եւ լսեցին Այնճարի հիմնադրութեան հակիրճ պատմականը։ «Արեւ» ճաշարանի մէջ ճաշ, վերադարձ Պէյրութ։
Օր 6
Հինգշաբթի, 15 Նոյեմբեր 2018ին պատանի-երաժիշտները ունեցան փորձերու կատարում, իսկ ճաշէն ետք մեկնեցան Անթիլիասի մայրավանք, ուր այցելեցին թանգարանն ու մատուռը, ապա ընդունուեցան Լիբանանի հայոց առաջնորդ Գերշ. Ս. Նարեկ արք. Ալեէմեզեանի կողմէ։
Յետմիջօրէին պատանի աստղերը ժամադրուած էին Քասլիք, ուր պիտի ունենային իրենց ելոյթը Սուրբ հոգի համալսարանի (USEK) մէջ։
Ներկաները վայելեցին բարձրորակ կատարողութիւնը տաղանդաշատ պատանիներուն։
Օր 7
Ուրբաթ, 16 Նոյեմբեր 2018ին` առաւօտեան ժամը 11։00ին, պատանի երաժիշտները վերջին ելոյթով մը հանդէս պիտի գային Յովհաննէս Պօղոսեան սրահին մէջ, ի ներկայութիւն լիբանանահայ ուսանողութեան։
Արդարեւ, լիբանանահայ վարժարաններու աշակերտութիւնը գրաւած էր սրահի 800 աթոռները, խանդավառութիւնը ողողած էր ներկաներուն հոգիները։ Անոնք անհամբեր կը սպասէին յայտագիրին։
Աշակերտութիւնը ականատես եղաւ աստղերուն գեղարուեստական կատարողութեան, անոնք բուռն ծափահարութիւններով գնահատեցին հայրենի պատանիներու արուեստը։
Ելոյթի աւարտին, խումբը առաջնորդուեցաւ Պուրճ Համուտի շուկան։ Իրենց գնումներէն ետք, անոնք ժամադրուած էին Kids Mondo զբօսավայր-խաղավայրը, ուր զուարթ մթնոլորտի մէջ յագուրդ տուին իրենց հետաքրքրութեան։
Երեկոյեան հրաժեշտի հաւաքավայրը Տէր եւ Տիկ. Փաթրիք եւ Ալին Ֆարաճեաններու բնակարանն էր։ Խինդ ու խաղով, նուագով, երգ ու պարով զուարճացան ու զուարճացուցին բոլորը։
Ս. Էջմիածնի Կրօնասէր տիկնանց համախմբումի ատենապետուհին՝ Անահիտ Տանձիկեան, վարչութեան կողմէ յուշանուէրներ յանձնեց պատանի երաժիշտներուն, խումբի ղեկավար Սիլվա Մեքինեանին, գործավար Նոնա Ոսկանեանին՝ սրտի անհուն գոհունակութեամբ շնորհակալութիւն եւ նորանոր յաջողութիւններ մաղթելով անոնց:
*****
Հայաստանի «Նոր Անուններ» տաղանդաւոր երաժիշտներու Պէյրութի մէջ կեցութեան շաբաթը իրապէս անմոռանալի ու յիշարժան շաբաթ մըն էր բոլոր անոնց համար, որոնք առիթը ունեցան մօտէն ծանօթանալու պատանիներու տաղանդին ու արուեստի նուիրումին:
Ս. Էջմիածնի Կրօնասէր տիկնանց համախմբումի հիւրընկալութեամբ եւ կազմակերպութեամբ երաժշտական համոյթները մեծ յաջողութիւն ու ընդունելութիւն գտան լիբանանահայ մշակութային կեանքէն ներս՝ արժանանալով բարձր գնահատանքի:
Էջմիածնասէր մը