ԴԺԳՈՀՈՒԹԻՒՆ, ՔԷՆ, ՓԱՌՔ, ԵՍ ԵՒ ՉԱՐԱՇԱՀՈՒՄ ՊԱՐԱՐՏ ԵՆԹԱՀՈՂՆ ԵՆ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ
«Եթէ ուժը պէտք է պետութիւն մը կառուցելու համար, ռազմական ճիգը իմաստ կը զգենու քաղաքականութեան մը նպատակով»:
Շարլ տը Կոլ
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Թէեւ քաղաքականութիւն եւ քաղաքական գործիչ միշտ կը ներկայանան հանրային ծառայութեան պարեգօտ հագած, բայց իրականութիւնը այլ բան կ՛ըսէ, երբ մակերեսէն կ՛անցնինք տեսնուածի եւ լսուածի խորքը:
Եթէ հրաշքով դժգոհութիւններ եւ անբաւարարութիւններ վերջ գտնեն, քաղաքականութիւնը թանգարան կը դրուի եւ քաղաքական գործիչներն ալ իրենց պարտէզի ծաղիկները եւ բանջարեղէնները կը մշակեն:
Այսինքն, քաղաքականութիւնը դժգոհութիւններու ծնունդ է, եւ իր կարգին նոր դժգոհութիւններու պատճառ:
Աւելի պարզ. քաղաքականութիւնը գոյն եւ տարողութիւն փոխող, բայց միշտ մնայուն խռովութիւններու հանդէս է: Կը բաւէ կարդալ անցեալը եւ դիտել մեզմով եւ մեր շուրջ հիւսուող պատմութիւնը: Քաղաքական կեանքը կը սկսի, կը շարունակուի եւ կը փոխուի դժգոհութիւններով, անոնց իրաւ-կեղծ բաւարարումով, եւ այսպէս շարունակ:
Դեռ չէ գտնուած մոգական լուծումը առանց դժգոհներու հանրութիւն ստեղծելու, եւ այն, ինչը քաղաքականութիւն կը կոչենք, սկզբունքով կը միտի դժգոհութիւնները հարթելու, խաղաղութիւն եւ համագործակցութիւն ստեղծելու: Հոգեպարար խօսքեր: Ժողովրդավարական կարգերու տակ, դժգոհութիւնը շարժակն է համակարգին: Օրինակ, հազիւ երկիր մը նոր նախագահ կ՛ընտրէ, արդէն կը խօսուի չորս, հինգ կամ վեց տարի ետք կայանալիք ընտրութեան մասին: Կը նշանակէ, որ կան ընտրութեան արդիւնքէն դժգոհներ, չբաւարարուածներ:
Դժգոհներ միշտ պիտի ըլլան, մնայուն վիճակ, քանի որ ոչ մէկ իշխանութիւն ընկերութեան բոլոր անդամները միաժամանակ եւ հաւասարապէս կրնայ բաւարարել:
Խուլ թէ աղաղակող մնայուն դժգոհութիւնը փտախտ է անհատին եւ հաւաքականութեան համար: Անիկա բազմաթիւ պատճառներ ունի, արդարանալի կամ դատապարտելի՝ ըստ տնտեսական, ինքնահաստատման, ցեղապաշտական ընտրանքներու: Նաեւ՝ աստուածատուր պատճառներով. սեւ-ճերմակ, տգեղ-գեղեցիկ, հասակաւոր, կարճահասակ, տաղանդաւոր, անտաղանդ:
Այս անբաւարարութիւնները, զանազան ազդակներու ճնշման տակ, կրնան գերաճիլ, ծնունդ տալ նախանձի, բարկութեան, քէներու, մրցակցութեան, անհանդուրժողութիւններու: Այս բոլորին երեւումը ընկերային կեանքին մէջ կ՛ունենայ առաւել կամ նուազ ծանրակշիռ հետեւանքներ, ըստ անհատի ունեցած դիրքին. ուսուցիչ, խմբագիր, պետական պատասխանատու, նախարար, նախագահ, բանակի հրամանատար, եւ այլն:
Կը սիրենք խօսիլ այս տկարութիւններուն մասին, գիտենք անոնց բացասական հետեւանքները, կը քննադատենք, կ՛ուզենք սրբագրել, բայց անոնք միշտ կը մնան, արտայայտութեան ձեւ կը փոխեն, անոնցմէ չենք ձերբազատիր: Պետութիւններ, կազմակերպութիւններ, հաստատութիւններ, նոյնիսկ ընտանիքը, տարբեր համեմատութիւններով, բեմերն են բացասականութիւններու՝ քէն, նախանձ, հակառակութիւն, անհանդուրժողութիւն: Նախանձը կը կարծենք ընդունելի դարձնել՝ ըսելով բարի նախանձ, քէնը կը փոխարինենք մրցակցութեամբ:
Եւ կը գործածենք հասկացողողութեան ոգի եւ փոխհասկացողութիւն բանաձեւումները: Ինչպէ՞ս կենսագործել զանոնք ընկերային կեանքի բոլոր մակարդակներուն. ընտանիք, հիմնարկներ, պետութիւն: Ոչ մէկ լուծում վերջնական կրնայ ըլլալ, քանի որ «մարդը էապէս ընկերային կենդանի մըն է», առանձին չէ, հետեւաբար, տարբերութիւններ եւ բախումներ բնական են:
Կրկին պէտք է յիշել Արիստոտէլը, որ ըսած է. «Մարդը ընկերային արարած մըն է. բնութիւնը զայն ըրած է ապրելու համար իր նմաններուն հետ»: Նոյնիսկ մեկուսացած, միշտ կան միւսները: Իր կղզիին վրայ Ռոպէնսոն Քրիւզօէ գիտէր, որ կային միւսները, եւ ինք կ՛ապրէր անոնց օրէնքներով, կը պահէր օրերը եւ ամիսները իրենց անուններով եւ թիւերով: Ընկերային եւ քաղաքական կեանքը կը շարունակուի մրցակցութիւններով, լճացումներով, մէկ քայլ առաջ մէկ քայլ ետ պարելով, մինչեւ որ քաղաքական դէմք մը դժգոհները համախմբէ, շարժում մը ստեղծէ, քննադատութեան եւ խոստումներու մշուշոտ ենթահողի վրայ: Համախոհութիւն-համագործակցութիւն-փոխհասկացողութիւնը կը փոխարինուի ուժի տրամաբանութեամբ, իրաւ կամ կարծեցեալ արդարութիւն հաստատելու համար, որպէսզի դժգոհներու հպարտութիւնը շոյուի: Այս ամբոխհաճութեան (populisme) տրամաբանութիւնն է, եւ յաջողելու համար հակամարտութիւնները կը սրէ, փորձելով իրեն ենթարկել պետական էական կառոյցները. օրէնսդիրը, դատականը, ապահովականը եւ նոյնիսկ բանակը: Եւ կը խանգարուի արդէն իր էութեամբ իսկ փխրուն՝ ժողովրդավարական համակարգը, որուն համար դիպուկ խօսք ըսած է Անգլիոյ վարչապետը, որ անիկա նուազագոյն վատն է վարչաձեւերուն:
Ամբոխահաճական ալիքի վրայ իշխանութեան հասած քաղաքական ղեկավարը, պետական կառոյցներու հակակշիռը ձեռք բերելէ ետք, այլակարծութիւն չի հանդուրժեր, ժողովրդական ըլլալ կամ չըլլալ իրեն համար օրակարգ ըլլալէ կը դադրի: Մինչեւ որ դժգոհութիւնները աճին, եւ ուրիշ մը, անհատ կամ խմբակցութիւն, մի՛շտ յանուն ժողովուրդին իշխանափոխութիւն յառաջացնէ: Բախումով կամ առանց բախումի:
Երեւոյթը ընդհանրական բնոյթ ունի, բայց ես ինծի թոյլ կու տամ հակիլ մեր փոքրիկ ժողովուրդի, փոքրիկ հայրենիքի մեծ եւ ծանրակշիռ դարձած կացութեան վրայ: Խնդիր կայ. ինչպէ՞ս պիտի յաղթահարուի ներկայի հոգեբանութիւն-կիրքի եւ քանդուող քաղաքական համակարգի անլուծելի թուացող խնդիրը, հանգոյցը:
Հոս կը սկսի մտաւորականութեան դրական դերը: Ակադեմիկոսներ, ոչ-կողմնապաշտ հրապարակախօսներ, գրողներ, արուեստագէտներ, որոնք առաջին հերթին պիտի խօսին ժողովուրդին, պիտի խօսին անոր ողջախոհութեան: Հայաստանի եւ հայութեան ներկայի աւելի քան բարդ եւ բարդացած, անկումային եւ յուսալքման վիճակին մէջ, կիրքերը եւ դառնութիւնները լուծում պիտի չբերեն, կացութեան սրումը կրնայ ունենալ աղիտալի հետեւանքներ, զորս ոչ ոք կը ցանկայ, գէթ կը սիրեմ այդպէս հաւատալ: Կողմերը պէտք է յաղթահարեն միւս մէկը մէկ միւսին զոհը կամ թշնամին ըլլալու արմատացող բիրտ զգացումը, նոյն եւ մէկ ըլլալու գիտակցութեամբ:
Բարոյախօսութիւն չեմ ըներ. բայց այսօրուան հայը պարտականութիւն պէտք է համարէ իր զգացումները, քէները, ոխերը, սէրերը եւ յաճախ նաեւ կոյր հաւատարմութիւնները փակագիծի մէջ դնելու, որ չի նշանակեր ինքզինք դրժել, այլ զանոնք գերանցել, վսեմանալ, հոգեվերլուծութեան մէջ կը խօսուի sublimationի մասին: Մեր դժգոհութիւններուն, կիրքերուն, քէներուն համար վատնուած մեր հոգեբարոյական ուժը ներդնելով ազգային-ընկերային հիմնական առաջադրանքներու իրականացման գործին մէջ:
Առաջին Աշխարհամարտի օրերուն, դէմ դիմաց խրամներու մէջ կային ֆրանսացի եւ գերմանացի զինուորներ, որոնք իրարու վրայ կը կրակէին: Զինադուլի պահ մը եղած է, եւ թշնամի զինուորները դուրս եկած իրենց դիրքերէն, եւ մեծ ուրախութեամբ ֆութպոլ խաղցած են: Իրենց եսը ճզմող ղեկավարներ չկա՞ն, որ այդ խաղը կազմակերպեն խրամներէն դուրս գալով… Ի վերջոյ, դէմ դիմաց կռուող ֆրանսացի եւ գերմանացիի վիակին մէջ չեն Հայաստանի իշխանութիւնը եւ իր ընդդիմութիւնը:
Իսկ մտաւորականութիւնը ինչո՞ւ հրապարակ չի գար բարոյական իրաւարարի դերով, ըսելու համար, որ քինախնդրութիւն եւ ոխ տկարներու զէնքերն են, անոնցմով չենք պաշտպանուիր, ոչ մեր անձը, ոչ մեր ժողովուրդը եւ ոչ ալ մեր հայրենիքը կը պաշտպանենք: Զիրար կը քանդենք եւ կը քանդենք ազգ ու հայրենիք:
Այսպէս կը կառուցուի նաեւ ժողովրդավարութիւնը: Քանդելով եւ նսեմացնելով զիրար, կը քանդենք նաեւ ժողովրդավարութիւնը:
Ի վերջոյ մեր ժողովուրդը ունի բարոյական ըմբռնումներ ունեցող ազգայիններ, իրաւ հեղինակութիւններ, բարձրորակ գիտնականներ եւ արուեստագէտներ, որոնք իրենց անձէն եւ անմիջական ներկայէն անդին գիտեն նայիլ: Ինչո՞ւ անոնք պիտի չձեռնարկեն իր անուան արժանի իսկական խորհրդաժողովի մը, ոչ թէ այս կամ այն կողմին յաւելեալ իրաւունք տալու համար, այլ իւրաքանչիւր կողմը դնելու իր իրաւ եւ մեծ պարտաւորութեան առջեւ:
Այսպէս մտածել տիրացուական բարոյախօսութիւն չէ: Առաջադրանք է ազգը եւ հայրենիքը աւազախրումէ հանելու: Որպէսզի օր մը չգտնուինք ֆրանսացի թատերագրի բանաձեւած կացութեան մէջ, եւ պատմութիւնը չարձանագրէ, որ «կռիւը վերջացաւ կռուող մնացած չըլլալով»:
Պատմական պատասխանատուութիւն. իմ, քու, մեր:
25 Փետրուար 2021
Նուազի-լը-Կրան