Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Հայաստանի Պատմութեան Թանգարնանին մէջ տեղի  ունեցաւ Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի  42-րդ  հատորի երկու  գիրքերուն շնորհանդէսը եւ ստորագրուեցաւ Հայկազեան Համալսարանի հետ  գործակցութեան յուշագիր

March 6, 2023
in Mobile Home, Newsletter, Մշակութային
0
Հայաստանի Պատմութեան Թանգարնանին մէջ տեղի  ունեցաւ Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի  42-րդ  հատորի երկու  գիրքերուն շնորհանդէսը եւ ստորագրուեցաւ Հայկազեան Համալսարանի հետ  գործակցութեան յուշագիր

Ուրբաթ, 3 Մարտ 2023-ին, Հայաստանի Պատմութեան Թանգարանի Պատուոյ Սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի 42-րդ հատորի զոյգ գիրքերու շնորհանդէսը ներկայութեամբ Թանգարանի տնօրէն դոկտ. Դաւիթ Պօղոսեանի, Հայկազեան Համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի, հայրենի հայագիտական զանազան կեդրոններու ներկայացուցիչներու, հայագիտութեան աւելի քան 50 մշակներու, Հանդէսի հին ու նոր աշխատակիցներու, բարեկամներու եւ գրքասէրներու:

Թանգարանի փոխտնօրէն դոկտ. Նժդեհ Երանեան, բարիգալուստի խօսքին մէջ իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ առաջին անգամ է որ Թանգարանը նման ձեռնարկ մը կը կայացնէ: Ան իր գոհունակութիւնը յայտնեց ընդգծելով, որ նորատեսակ այս գործակցութիւնը՝ Պատմութեան Թանգարանին եւ Հայկազեան Համալսարանին միջեւ  իր առաջին իսկ քայլերէն շատ արդիւնաւէտ եղաւ եւ թէ կողմերը շատ արագ գտան հասարակ յայտարարները եւ նպատակները: Դոկտ. Երանեան յոյս յայտնեց, որ այս գործակցութիւնը առաւել կը ծաղկի ու կը ծառայէ հայագիտութեան:

Յայտնի արուեստաբան, արուեստագէտ, հայկական ձեռարուեստի ու ասեղնագործութեան վաստակաւոր Հրազդան Թոքմաճեան խօսեցաւ Հայկազեան Համալսարանի իր փորձառութենէն: Ան ոգեւորութեամբ արտայայտուեցաւ Լիբանանի ու Սփիւռքի մէջ Համալսարանին դերին ու տեղին մասին եւ ընդգծեց, որ հակառակ Լիբանանի խորապէս դժուար պայմաններուն, Համալսարանը իր առաւելագոյնը կ’ընէ ծառայելու միջավայրին, հաւաքականութեան եւ տարածելու իր ակադեմական, մշակութային ու մանկավարժական լիցքն ու բերքը Լիբանանի հայ եւ ոչ-հայ շրջանակներուն: Պրն. Թոքմաճեան բացատրեց, որ Համալսարանը իմաստութեամբ եւ ճարտարօրէն կը գործէ Լիբանանի ընձեռած անհնարինութեան եւ նուազագոյն հնարաւորութեան միջեւ եղած լուսանցքին մէջ: Ան հաւաստեց, որ այս քաղաքականութիւնը յաջող է եւ կու տայ իր բարերար արդիւնքները, որմէ կ’օգտուի հայութիւնը: Այս առումով ան իբրեւ օրինակ բերաւ Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսը եւ նշեց, որ Հայաստանի Պատմութեան Թանգարանին մէջ տեղի ունեցող այս շնորհանդէսը ապացոյց է որ Համալսարանը իր յաջողութիւնները կը բաժնեկցի իր միջավայրին հետ:

Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի պատասխանատու խմբագիր դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան հակիրճ ներկայացուց զոյգ գիրքերուն բովանդակութիւնը, նորութիւնները եւ արտայայտեց իր մտորումները՝ հայագիտութեան ոչ-աւանդական սահմանումի ծիրին մէջ: Ան ըսաւ թէ հայագիտութիւնը պարտի ռազմավարական անցում կատարել այն հունէն ուրկէ կ’ընթանար մինչեւ 1991ի Հայաստանի Գ. Հանրապետութեան հռչակումը:  Դոկտ. Տագէսեան խթանող մտահոգութիւններ արտայայտեց հայագիտութեան ներկայ ուղղութիւններուն խնդրով, ընդգծելով որ այսօր հայագիտական կենսական բնագաւառներ  կան որոնք պէտք ունին աւելի խորունկ ուսումնասիրութեանց եւ առաջարկեց աւելի շատ օգտագործել միջուսմունքային եւ բաղդատական մօտեցումներ, նշելով նաեւ, որ հետազօտութիւնները աւելի հիմնուին մարդասիրական բնագաւառներու տեսութիւններու վրայ, այնտեղ գերակշռեն վերլուծական, դրդապատճառային, պատճառահետեւանքային մօտեցումները քան թէ նկարագրական-պատմողական կողմը: Ան շեշտեց ժամանանակից հայկական ընկերաբանութեան, հոգեբանութեան, քաղաքական գիտութիւններու, ժողովրդագրութեան, երկրագործութեան, տնտեսագիտութեան, պետականութեան եւ նման բնագաւառներու նիւթերու ուսումնասիրման կարիքը:

Իր խօսքին մէջ, դոկտ. Պօղոսեան ուրախութիւն յայտնեց նման ձեռնարկ մը հիւրընկալելու առթիւ, եւ գոհունակութիւն՝ Հայկազեան Համալսարանի հետ գործակցութեան յուշագիր ստորագրելու խնդրով: Ապա ան հրաւիրեց վեր. դոկտ. Հայտօսթեանը, որ մատնանշեց թէ Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի շնորհանդէսը տեղի կ’ունենար նման պատկառելի թանգարանի եւ կեդրոնական  վայրի մը մէջ: Վեր. դոկտ. Հայտօսթեան ընդգծեց, որ Հանդէսն ու նման հրատարակութիւնները ունին պարտականութիւնը ամէն հայկական բան ուսումնասիրելու, հանրայնացնելու, մատչելի դարձնելու եւ նպաստելու յաւելեալ գիտելիքի ձեռքբերման:  Ան ըսաւ. «Ճիշտ է, որ հրատարակութիւններ եւ թանգարան անցեալի վրայ հիմնուած են բայց կ’ուղղուին ու կը մատնանշեն ժողովուրդի ապագան»:

Շնորհանդէսը փակուեցաւ Հայաստանի Պատմութեան Թանգարանի եւ Հայկազեան Համալսարանի միջեւ կնքուած գործակցութեան յուշագիրով:

Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի 42րդ հատորի երկու գիրքերը կ’ընդգրկեն 67 ուսումնասիրական յօդուածներ, քննարկումներ, հաղորդումներ, հրապարակումներ, գրախօսական եւ շուրջ 30 մահագրականներ: Զոյգ գիրքերուն աշխատակիցները կ’ապրին Արժանթին, Եգիպտոս, Թուրքիա, Լիբանան, Հայաստանի Հանրապետութիւն,  Մ. Նահանգներր, Յունաստան, Չեխիա, Սուրիա եւ Քանատա:

Գիրքերուն թուային տարբերակը կարելի է ներբեռնել Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային եւ Ակադեմիայի Գրադարաններու, ինչպէս նաեւ Հայկազեան Համալսարանի կայքէջերէն:

 

Previous Post

Ukraine Isn’t Leaving Bakhmut Without a Fight

Next Post

The History Museum of Armenia hosts The launching of the two books of Haigazian Armenological Review volume 42 and the Signing of an MOU with Haigazian University

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.