Հայաստանի հանրապետութեան արդիւնաբերութեան նախարար Յակոբ Արշակեան ներկայացուց ռազմական դրութեան պայմաններուն մէջ ռազմարդիւնաբերական ընկերութիւններուն աշխատանքը:
« Կը ցանկանամ տեղեկացնել, որ թուրք-ազերիական յարձակումի եւ պաշտպանութեան բանակի հերոսական հակազդեցութեան այս օրերուն ռազմարդիւնաբերական ընկերութիւնները ուժերու գերլարումով կ’աշխատին:
Ցաւօք չեմ կրնար աւելի մանրամասն տեղեկութին հաղորդել,սակայն կրնամ փաստել, որ աշխատանքը կը կատարուի աւելի աշխոյժ եւ արագ, որպէսզի օր առաջ հասանելի դառնայ զինուած ուժերուն». դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է նախարարը: