Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալու կարգը պիտի խստացուի

July 14, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Հայերէն Լուրեր
0
Մեծապէս աւելցած է Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալու՝ Սփիւռքի հայերու դիմումները

Սփիւռքահայերուն համար Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն ստանալու կարգը պիտի խստացուի:

Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը Իրաւական աքթերու նախագիծերու հրապարակման միասնական կայքին վրայ ներկայացուց «Քաղաքացիութեան մասին» օրէնքին մէջ լրացում կատարելու վերաբերող օրինագիծը, որով կ՛առաջարկուի ազգութեամբ հայ Հայաստանի քաղաքացիութիւն չունեցող անձին կողմէ Հայաստանի քաղաքացիութիւն ձեռք բերելու համար իբրեւ պարտադիր պահանջ սահմանել Հայաստանի մէջ վերջին երկու տարուան ընթացքին առնուազն 60 օր օրինական հիմքով բնակելու կամ գտնուելու հանգամանքը:

Նախագիծին մէջ կը նշուի, որ Սահմանադրութեան համաձայն, ազգութեամբ հայերը Հայաստանի մէջ բնակութիւն հաստատելու պահէն ունին Հայաստանի քաղաքացիութիւն ձեռք բերելու իրաւունք, սակայն «Քաղաքացիութեան մասին» օրէնքով սահմանուած չէ, թէ ո՛ր պահէն անձը կը նկատուի Հայաստանի մէջ բնակութիւն հաստատած:

«Մասնաւորապէս, Հայաստանի քաղաքացիութիւն չունեցող 18 տարին լրացած, գործունակ, օտարերկրեայ պետութեան մէջ բնակող կամ Հայաստանի մէջ օրինական հիմքով բնակող (գտնուող) իւրաքանչիւր անձ իրաւունք ունի դիմելու Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալու համար, եթէ օրէնքով սահմանուած կարգով վերջին երեք տարին մշտապէս բնակած է Հայաստանի մէջ: Կը սահմանուի, որ Հայաստանի մէջ քաղաքացիութիւն չունեցող ազգութեամբ հայ անձը, որուն խնամակալը Հայաստանի քաղաքացի է, կրնայ ստանալ քաղաքացիութիւն առանց վերոյիշեալ պահանջներու պահպանման: Հայաստանի քաղաքացիութիւն ստանալու գործընթացին մէջ օրէնքը աւելի մեծ կարելիութիւն սահմանած է ազգութեամբ հայերու համար, քան ամրագրուած է Սահմանադրութեամբ», կը նշուի հիմնաւորման մէջ:

Գործող օրէնքին նպատակը, ըստ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան, հայրենադարձութիւնը խթանելն է, սակայն ծառայութեան կողմէ վերջին տարիներուն կատարուած ուսումնասիրութիւններուն իբրեւ արդիւնք պարզուած է, որ ազգութեամբ հայ ըլլալու հանգամանքով պայմանաւորուած Հայաստանի քաղաքացիութիւն հայցող անձերու ստուար զանգուածը, յատկապէս Միջին Արեւելքի երկիրներու` Սուրիոյ, Լիբանանի, Յորդանանի քաղաքացիները, երբեւէ չեն այցելած Հայաստան կամ ժամանած են հազուադէպ` 4-5 տարին մէկ անգամ:

Previous Post

«Զելենսքին իր երկրին դէմ կը պատերազմի» կ՛ըսէ Զախարովա

Next Post

Ուաշինկթըն. «Միացեալ Նահանգներ Վճռականօրէն Կ՛աջակցի հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման»

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.