Հայաստանն ու Եւրոպական Միութիւնը երբեք այսքան մօտ չեն եղած, ինչպէս այժմ:
Այս մասին յայտարարած է Եւրոմիութեան արտաքին քաղաքականութեան գլխաւոր բանագնաց ֆետերիքա Մոկերինի` այս օրերուն Երեւանի մէջ տեղի ունեցող «Եւրոպական ծրագրաւորման խորհրդաժողով»ի մասնակիցներուն յղած իր տեսաուղերձին մէջ, կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ռատիոկայանը:
Մոկերինին արձանագրած է, որ այս անգամ խորհրդաժողովը տեղի կ՛ուենենայ Եւրոպայի այս հատուածին` Հայաստանի մէջ:
Ընդգծելով, որ նախորդ տարուան Նոյեմբերին Պրիւքսելի մէջ Հայաստանի հետ Եւրոմիութիւնը երեք հիմնարար համաձայնագիր կնքած է, Մոկերինին յոյս յայտնած է, որ ատոնք պիտի բարելաւեն մարդոց կեանքը ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ Եւրոպական Միութեան մէջ:
«Ստորագրեցինք նաեւ այլ համաձայնագիրներ, որոնք կոչուած են բարելաւելու Հայաստանի եւ ԵՄ-ի կապակցուածութիւնը օդային եւ ցամաքային ճանապարհներով: Խնդրած ենք քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւններէն օգնել մեզի իրենց խորհուրդներով եւ առաջարկներով, որպէսզի այս համաձայնագիրները իսկապէս յաջողին», — նշած է Մոկերինի: