Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Հայաստանցիներուն Մեծամասնութիւնը Գոհ Է Իր Կեանքէն, Իսկ Հիմնական Մտահոգութիւնը Անգործութիւնն Է. «Կելըփ»ը՝ Հայաստանի Մասին

December 21, 2019
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
Հայաստանցիներուն Մեծամասնութիւնը Գոհ Է Իր Կեանքէն, Իսկ Հիմնական Մտահոգութիւնը Անգործութիւնն Է. «Կելըփ»ը՝ Հայաստանի Մասին

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Կելըփ» միջազգային կազմակերպութիւնը կատարած է Հայաստանի ներքին կեանքին վերաբերող հարցախոյզ մը, որուն արդիւնքները 20 Դեկտեմբերին լրագրողներուն ներկայացուց Հայաստանի մէջ նշեալ կազմակերպութեան լիիրաւ անդամ «Էմ. Փի. Ճի.» ընկերութեան տնօրէն Արամ Նաւասարդեան: Ըստ անոր՝ հարցումները ուղղուած են 9 Նոյեմբերէն 1 Դեկտեմբեր երկարող ժամանակաշրջանին, իսկ հարցախոյզին մասնակցած են 1517 քաղաքացիներ:

Ըստ հարցազրոյզին արդիւնքներուն՝ հայաստանցիներուն 61,3 տոկոսը պատրաստ է Ազգային ժողովի ընտրութիւններու պարագային իր ձայնը տալ «Իմ Քայլը» կուսակցութիւններու դաշինքին, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան օգտին կը քուէարկէր 14,2 տոկոսը, իսկ «Լուսաւոր Հայաստան» կուսակցութեան՝ 3,9 տոկոսը:

Գնահատականը տալով գործող իշխանութեան եւ ընդդիմութեան գործունէութեան՝ Հայաստանի նախագահին գործունէութեան նկատմամբ դրական արտայայտուած է մասնակցողներուն 83 տոկոսը, վարչապետին գործունէութեան՝ 83,2 տոկոսը, Ազգային ժողովին՝ 43,1 տոկոսը, կառավարութեան՝ 54,9 տոկոսը, իսկ ընդդիմութեան՝ 25,5 տոկոսը:

Քաղաքացիներէն խնդրուած է արժեւորել նախարարները ու կառոյցներու աշխատանքը՝ 1-5 աստիճանով, ուր 1-ը՝ նուազագոյն, 5-ը՝ առաւելագոյն գնահատականն է: Բարձրագոյն գնահատականը ստացած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան՝ 4 կէտ, իսկ ամէնէն նուազը՝ 2,7 կէտ, ստացած է Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեան։

Հարցումներէն մէկը կը վերաբերէր անոր, որ ներկայ դրութեամբ որո՞նք են մեր պետութեան դիմագրաւած կարեւորագոյն 3 հարցերը. 34,1 տոկոսը նշած է, որ անգործութիւնն է, նոյնքան տոկոսով նշուած են ցած թոշակները եւ ցած աշխատավարձերը, տնտեսական վիճակին անդրադարձած է մասնակցողներուն 32,8 տոկոսը, իսկ փտածութեան՝ 7 տոկոսը:

Հայաստանցիներուն 72,2 տոկոսը յայտնած է, որ բաւարարուած է իր կեանքով: «Լիովին բաւարարուած եմ» պատասխան տուած է հարցախոյզին մասնակցողներուն 20,7 տոկոսը, 51,5 տոկոսը նշած է, որ բաւարարուած է, իսկ 10,5 տոկոսը նշած է, որ ընդհանրապէս բաւարարուած չէ։

Previous Post

«ԱՐՄԷՆՊՐԷՍ»Ի ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ ՈՐԲԱՑԱԾ ՀԱՅԵՐԻ ԽՆԱՄԱԿԱԼ ԲՈԴԻԼ ԲԷՕՐՆԻ ԹՈՌԱՆ՝ ԻՒՍԻ ԲԷՕՐՆԻ ՀԵՏ

Next Post

Երեխաներու Ապօրինի Որդեգրման Գործով Այլ Անձ Մըն Ալ Ձերբակալուած Է

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.