Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Հայաստան Ամէնէն Հիասքանչ Վայրն է, Ուր Կրնաք Այցելել Այս Ամառ. «Մաթատոր Նեթուըրք»

May 16, 2019
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
Armenian capital city to have Europe Square

Ամերիկեան «Մաթատոր Նեթուըրք» (Matador Network) կայքը, որ մասնագիտացած է զբօսաշրջութեան, եւ մշակոյթի ոլորտին մէջ, յօդուած մը նուիրած է Հայաստանին՝ իբրեւ լաւագոյն այցելութեան վայր այս ամառ, զայն վերնագրելով՝ «Հայաստանն ամէնէն հիասքանչ վայրն է, ուր կրնաք այցելել այս ամառ»:

Ըստ «Փանորամա»ի՝ յօդուածին մէջ կը նշուի, որ Ասիան այս ամառ ամէնէն յայտնի ուղղութիւններէն է, իսկ Հայաստան, որ կը զբաղեցնէ իւրայատուկ մշակութային տարածք՝ ո՛չ ասիական է, ոչ ալ եւրոպական, աշխարհի ամէնէն գեղատեսիլ վայրերէն է։

«Եթէ կը փափաքիք, որ ձեր յաջորդ արձակուրդը ըլլայ իսկապէս իւրայատուկ, պէտք է այցելէք Հայաստան: Բացի այն փաստէն, որ Քարտաշեանները հայ են, ինչ որ երբեք ալ երկիրին մեղքը չէ, երկիրը բոլորովին յայտնի չէ: Անկախ անկէ, կ՛այցելէք լեռնային ցնցող կանաչ տարածքներ, կը համտեսէք հին ու համեղ խոհանոցը կամ կը ծանօթանաք հարուստ պատմութեան, չէք զղջար՝ Հայաստանը դարձնելով ձեր առաջին կանգառը Հարաւային Կովկասի մէջ», կ՛ըսուի յօդուածին մէջ, եւ կը ներկայացուի Հայաստանի հին պատմութիւնն ու գեղեցիկ աւանդոյթները:

Երկիր, որ առաջինը ընդունած է քրիստոնէութիւնը, ուր կը գտնուի առաջին քրիստոնէական եկեղեցին՝ Էջմիածինի Մայր Տաճարը, որ կառուցուած է 301-303 թուականներուն. անիկա մինչեւ այսօր հայերու կրօնական կեդրոնն է: Կը նշուի Գեղարդի վանական համալիրի, Տաթեւի վանքի եւ հայկական յայտնի գորգերուն մասին:

Արարատ լեռը, որ իրականութեան մէջ կը գտնուի Թուրքիոյ տարածքին, հսկայական նշանակութիւն ունի հայերուն համար՝ իբրեւ հայրենիքի խորհրդանիշ:

Հայաստան ունի նաեւ աշխարհի լաւագոյն խոհանոցը՝ լաւաշ, քիւֆթէ, խորոված, պաստուրմա, գաթա, ծիրան եւ այլն: Իսկ ամէնէն կարեւոր հարցը՝ արդեօք կարելի՞ է ծորակէն ջուր խմել. պատասխանը՝ այո: Ջուրը ոչ միայն անվտանգ է, այլ աշխարհի ամէնէն մաքուրներէն է:

Previous Post

Եղբ. Վարդգէս Շխրտըմեան՝ «Տիպար ՀՄԸՄ-ական-2019»

Next Post

Ստեփանակերտի Մէջ Քննարկուեցան Համահայկական 7-րդ Ամառնային Խաղերու Կազմակերպչական Հարցերը

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.