Հայաստան առաջին անգամ ըլլալով ընտրուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի գործադիր խորհուրդի անդամ` 2021-2025 ժամանակահատուածին համար: Այս մասին կը հաղորդէ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Ընտրութիւնը տեղի ունեցած է 17 նոյեմբերին Փարիզի մէջ տեղի ունեցող ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ընդհանուր ժողովի 41-րդ նստաշրջանին ընթացքին:
«Գործադիր խորհուրդի ընտրութիւններուն մէջ արեւելեան եւրոպական երկիրներու շրջանային խումբին յատկացուած երեք թափուր տեղերուն համար ներկայացած էին 4 երկիրներու` Հայաստանի, Լիթուանիոյ, Ուքրանիոյ եւ Ազրպէյճանի թեկնածութիւնները: Փակ գաղտնի քուէարկութեան արդիւնքով Հայաստանը, ստանալով առաւելագոյն 146 քուէ, առաջին տեղով ընտրուած է Գործադիր խորհուրդի կազմին մէջ», կը նշեն արտաքին գործոց նախարարութենէն:
Հայաստան ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ին կ՛անդամակցի 1992 թուականէն ի վեր:
Յայտնենք, որ 9 նոյեմբերին ալ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ընդհանուր ժողովի 41-րդ նստաշրջանի բացման նիստի ընթացքին Արեւելեան Եւրոպա շրջանային խումբէն ընդհանուր ժողովի փոխնախագահ ընտրուած էր Հայաստանը: