Ուաշինկթընի մէջ, 27 Յունիսին, սկիզբ պիտի առնէ Սմիթսոնեան հաստատութեան կողմէ իրականացուող «Ֆոլքլայֆ» փառատօնը, որուն առաջին անգամ ըլլալով պիտի մասնակցի Հայաստան: Երկու շաբաթ տեւող փառատօնին ընթացքին պիտի թեւածէ հայկական շունչը:
Փառատօնի հանդիսաւոր բացման ներկայ պիտի ըլլայ Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան:
26 Յունիսին Նախագահը պիտի մեկնի Ուաշինկթըն՝ մասնակցելու Միացեալ Նահանգներու գիտահետազօտական եւ մշակութային կեդրոններէն մէկուն՝ Սմիթսոնեան ուսումնարանի ամէնամեայ «Ազգային Կեանք» փառատօնին:
Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ Հայաստանի ԳԱԱ թղթակից անդամ, ազգագրագէտ, «Ֆոլքլայֆ» փառատօնի Հայաստանի մասնակցութեան գործընթացը համակարգող Լեւոն Աբրահամեան կը յայտնէ, թէ նախագահի մասնակցութեամբ կ՛ընդգծուի փառատօնին Հայաստանի մասնակցութեան կարեւորութիւնը:
Սմիթսոնեան հաստատութիւնը 50 տարիէ ի վեր կը կազմակերպէ այս փառատօնը: Այս տարի արդէն 51րդն է, որուն առաջին անգամն ըլլալով պիտի մասնակցի նաեւ Գաթալոնիան՝ իր բարձրագոյն ղեկավարութեան մասնակցութեամբ:
««Ֆոլքլայֆ»ը սովորական ցուցահանդէս փառատօն չէ, անիկա կենդանի ձեւով կը ներկայացնէ տուեալ երկրի կենցաղավարման կեանքը, արհեստը, խոհանոցը եւ այլն: Ամէն տարի անիկա կ՛ունենայ տարբեր ուղղուածութիւն ու նիւթ: Այս տարի, գլխաւոր հերոսը վարպետն է, որուն միջոցով ցոյց պիտի տրուի այսօրուան արհեստը, աւանդոյթները, խոհանոցը՝ կապ պահելով անցեալին հետ: Գաղափարը այն է, թէ ինչպէս այդ արհեստները պահպանուած ու փոխանցուած են յաջորդ սերունդներուն», կը պատմէ Լեւոն Աբրահամեան:
Ծրագիրին հիմքը բնութենէն դէպի տուն միտքն է: Փառատօնին ընթացքին պիտի ներկայացուի խաչքարագործութիւնը, կաւագործութիւնը, փայտագործութիւնը եւ գորգագործութիւնը: Ըստ Լեւոն Աբրահամեանի՝ նախատեսուած է նաեւ խաչքարի օծման արարողութիւն:
Այնտեղ պիտի աշխատին դարբինները՝ ցոյց տալով այս արհեստի հետաքրքրական կողմերը: Քարագործներու, դարբիններու կողքին պիտի ըլլան նաեւ գորգագործները, որոնք տեղւոյն վրայ պիտի գործեն քանի մը տեսակ գորգ:
Յաջորդ ուղղութիւնը ասեղնագործութիւնն է, որ պիտի ներկայացուի սուրիահայերու միջոցով: Լեւոն Աբրահամեան ընդգծեց, որ փառատօնը պիտի ունենայ անմիջական բնոյթ. այդ ամբողջ ծրագիրներուն պիտի ընդգրկուին այցելուները, պիտի տեսնեն, թէ ինչպէս կը պատրաստուի այս կամ այն իրը եւ պիտի ունենան իրենց մասնակցութիւնը:
«Փառատօնին հայաստանեան մասնակցութեան ծրագիրի կարեւոր բաղադրիչներէն է խոհանոցը: Ջանք ու եռանդ չենք խնայած հայկական խոհանոցի լաւագոյն ուտելիքները պատշաճ կերպով ներկայացնելու գործին մէջ: Նախ՝ այնտեղ պիտի ըլլայ թոնիրը: Հացթուխները այդ ամբողջ ընթացքին ցոյց պիտի տան լաւաշ թխելու գործընթացը եւ թխելէ ետք պիտի հիւրասիրեն այցելուները: Պիտի ներկայացուի «փախլաւա»ն, թել պանիրը, տոլման, չիրեր, քաղցր սուճուխը, Հայաստանի բերքն ու բարիքը, անուշահամ գինին», ըսաւ ազգագրագէտը:
Լեւոն Աբրահամեան նաեւ տեղեկացուց, որ պիտի ստեղծեն քարանձաւային միջավայր, ուր փոքրիկները պիտի մասնակցին պեղումներու: Իբրեւ արդիւնք՝ փոքրիկները պիտի գտնեն Հայաստանի մէջ յայտնաբերուած ամենահին կօշիկի յուշանուէրային տարբերակը: Լեւոն Աբրահամեան նշեց, որ գործի դրած են նաեւ ճարտարագիտական լուծումները:
Այս ամբողջ ձեռնարկները պիտի ուղեկցուին հայկական երգ ու պարով: Լեւոն Աբրահամեան նշեցե, որ ոչ միայն գաթալոնացիներուն հետ շուրջպար պիտի բռնեն, այլ նաեւ փառատօնի ընթացքին այցելուներուն հայկական պարեր պիտի սորվեցնեն:
Փառատօնը պիտի տեւէ մինչեւ 8 Յուլիս: 4 Յուլիսը Միացեալ նահանգներու անկախութեան օրն է, եւ սովորաբար Ուաշինկթըն կ՛երթան մեծ թիւով այցելուներ: Հաշուարկները ցոյց կու տան, որ այս փառատօնը միջին հաշուով պիտի ունենայ 500 հազար այցելու:
«Կու գան ընտանիքներով, փոքրիկներով: Զբօսաշրջութեան տեանկիւնէն նայած՝ ասիկա Հայաստանը ճանաչելի դարձնելու շատ կարեւոր ձեռնարկ է. անիկա լուրջ խթան պիտի հանդիսանայ այդ ոլորտի զարգացման մէջ», աւելցուց Լեւոն Աբրահամեան:
Ինչպէս վերեւը նշեցինք, փառատօնի աւարտը նախատեսուած է 8 Յուլիսին, եւ որովհետեւ այս տարի Վարդավառը կը նշուի այդ օրը, հետեւաբար եզրափակիչ հատուածը պիտի ըլլայ իրարու վրայ ջուր ցօղելը: