ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան 6 Օգոստոս 2019-ի յայտարարութեան, որ կը վերաբերէր Արցախի մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի ունեցած ելոյթին՝ շեշտելով, որ Ատրպէյճանի այդ յայտարարութիւնը ակնյայտ ցուցանիշ է այդ երկրի անկարողութեան՝ քաղաքավարութեան եւ պարկեշտութեան հիմնական կանոններուն հաւատարիմ մնալու, պետութիւններուն միջեւ քաղաքակիրթ վարուելակերպի եզրերը, յատկապէս երբ անոնք կը վերաբերին հակամարտութիւններու լուծման խիստ բարդ եւ զգայուն գործընթացին մէջ բարձրագոյն մակարդակով ներգրաւուած կողմերուն, պահպանելու:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը դատապարտելի նկատեց յայտարարութեան մէջ առկայ անձնական բնոյթի յարձակումները, որոնք կը վկայեն Ատրպէյճանի մէջ հայ ժողովուրդին նկատմամբ առկայ անհանդուրժողականութեան եւ ատելութեան մշակոյթին մասին, զոր կ՛ուղղորդուի եւ կը խրախուսուի Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ:
«Ադրբեջանի իշխանութիւնները, որոնք հետեւողականօրէն մերժում են Լեռնային Ղարաբաղի ժողովրդի եւ վերջիններիս կողմից ընտրուած իշխանութիւնների հետ որեւէ ուղղակի ներգրաւուածութեան հնարաւորութիւնը, որոնք էթնիկ զտումներ եւ այլ զանգուածային վայրագութիւններ են իրականացրել Լեռնային Ղարաբաղում 1990-ականներին եւ 2016թ. Ապրիլին, ովքեր հետեւողականօրէն որդեգրել են ատելութեան քաղաքականութիւն, այդ թւում հայերին սպաննած մարդասպանների հրապարակային հերոսացման միջոցով, անմիջական պատասխանատուութիւն են կրում Արցախի ժողովրդի անվտանգութեան եւ գոյութեան համար վտանգներ ստեղծելու համար:
«Հայաստանի Հանրապետութիւնը մնում է Արցախի ժողովրդի միակ երաշխաւորը՝ նրա անվտանգութեան, ազատութեան, մարդու անօտարելի իրաւունքների՝ ներառեալ զարգացման եւ ինքնորոշման իրաւունքի ապահովման գործում: Հայաստանն ափսոսանք է յայտնում, որ Ադրբեջանի իշխանութիւններն անկարող են ընկալել Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ 2019թ. 5 Օգոստոսին ունեցած ելոյթի համատեքստը եւ բովանդակութիւնը, որն անդրադարձել է Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի միասնականութեան, համերաշխութեան, զարգացման եւ բարգաւաճման համահայկական օրակարգի առաջմղմանը», նշուեցաւ յայտարարութեան մէջ։
Ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան՝ Հայաստանի վարչապետը բազմիցս յայտարարած է, որ ղարաբաղեան հակամարտութեան խաղաղ լուծման որեւէ կենսունակ տարբերակ պէտք է ընդունելի ըլլայ Արցախի, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ժողովուրդներուն համար: Բայց եւ այնպէս Ատրպէյճանի իշխանութիւնները, հետեւողականօրէն չեն կրցած փոխադարձել իրենց պատրաստակամութիւնը եւ կարողութիւնը՝ հասնելու բոլոր կողմերուն համար ընդունելի լուծման: «Ադրբեջանը շարունակում է հաւատարիմ մնալ իր առաւելապաշտական պահանջներին, որոնք ուղեկցւում են ոյժի կամ ոյժի կիրառման սպառնալիքով, շարունակաբար խախտում է հրադադարի ռեժիմը, անտեսում է խաղաղութեանը նպաստող մթնոլորտի ամրապնդման վերաբերեալ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի համանախագահների կոչերը եւ մերժում բոլոր կողմերի համար ընդունելի ցանկացած լուծում: Նման մօտեցումները հետեւողականօրէն արտացոլւում են Ադրբեջանի ղեկավարութեան յայտարարութիւններում», յայտնեց նախարարութիւնը:
Աւարտին՝ անդրադառնալով արցախեան տագնապին նկատմամբ Հայաստանի կեցուածքին՝ նախարարութիւնը նշեց. «Խաղաղ կարգաւորման վերաբերեալ Հայաստանի դիրքորոշումը մնում է անփոփոխ, ինչը յստակօրէն արտացոլուած է Հայաստանի վարչապետի վերոնշեալ ելոյթում: Հայաստանը հաստատակամ է հասնելու հակամարտութեան բացառապէս խաղաղ կարգաւորմանը՝ մերժելով ոյժի կամ ոյժի սպառնալիքի ցանկացած կիրառում, ինչպէս հաստատակամ է պաշտպանելու Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի ժողովրդի անվտանգութիւնը»։