ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ժընեւի մէջ, 21 Յունուարին, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Կրթութեան միջազգային բիւրոյի խորհուրդին որոշումով, Հայաստան ընտրուեցաւ Խորհուրդի ղեկավար կոմիտէի նախագահ:
Լուրը հաղորդեց Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան հասարակութեան հետ կապերու եւ տեղեկատուութեան վարչութիւնը՝ յիշեցնելով, որ 21 Նոյեմբեր 2019-ին Փարիզի մէջ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Ընդհանուր ժողովի 40-րդ նստաշրջանին Հայաստան ընտրուեցաւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Կրթութեան միջազգային բիւրոյի խորհուրդի (2019-2023 ժամանակահատուածին համար) եւ Իրաւական կոմիտէի անդամ (41-րդ նստաշրջանին համար):