Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Հայաստան-Թուրքիա Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Գործընթացի Յառաջիկայ Քայլը

January 21, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Հայերէն Լուրեր
0
Turkey, Armenia welcome ‘constructive’ efforts to repair ties

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».-  Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու խօսեցաւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մասին եւ նշեց, որ օրակարգի վրայ են Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման քայլերը: Լուրը հաղորդեց թրքական «Հիւրիէթ» թերթի կայքը:

«Նպատակը ամբողջական կարգաւորումն է: Հայերը նոյնպէս շատ գոհ են անկէ, ամբողջական կարգաւորման տանող գործընթացին մէջ, բացի օդային թռիչքներու մեկնարկէն եւ յատուկ ներկայացուցիչներու նշանակումէն, պիտի ուսումնասիրուին, թէ ուրիշ ինչ քայլերու կարելի է ձեռնարկել», ըսաւ նախարարը:

Չաւուշօղլու յայտարարեց, որ յաջորդիւ յատուկ ներկայացուցիչները պիտի քննարկեն վստահութեան ամրապնդման քայլերը:

Այս ընդհանուր պարունակին մէջ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ստացաւ Անթալիոյ դիւանագիտական ֆորումին մասնակցելու հրաւէր, զոր յղեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու, որ յայտարարեց, թէ Հայաստան հրաւիրուած է այդ ֆորումին:

Այս մասին հարցումի մը պատասխանելով՝ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի բանբեր Վահան Յունանեան ըսաւ. «Հայաստանի արտաքին գործերի նախարարութիւնը համապատասխան ընթացակարգով քննարկում է նախարարի՝ վերոնշեալ միջոցառումներին մասնակցութեան նպատակայարմարութիւնը: Հանրութիւնը պատշաճ կերպով կը տեղեկացուի կայացուելիք որոշումների մասին»:

Թրքական «Սապահ» թերթը եւս անդրադարձաւ հայ-թուրք բանագնացներու յաջորդ հանդիպման՝ նշելով, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան դիւանգիտական աղբիւրները յայտնեցին, որ չեն ուզեր հայ եւ թուրք բանագնացներու յաջորդ հանդիպումը տեղի ունենայ 3րդ երկրի մէջ: «Կ՛ուզենք, որ կա՛մ Հայաստանի մէջ տեղի ունենայ, կամ՝ Թուրքիոյ», յայտնեցին Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան դիւանգիտական աղբիւրները:

Previous Post

«Ռուսիա Կ՛աջակցի ԵԱՀԿի Մինսքի Խումբի Համանախագահներու Աշխատանքի Շարունակութեան». Զախարովա

Next Post

Լոյս Տեսաւ Եղիշէ Չարենցի Բանաստեղծութիւններու Երկլեզու Ընտրանին` «Հրավառ Հոգիներ»

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.