ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի առողջապահութեան նախարար Անահիտ Աւանեսեան յայտնեց, որ Հայաստան կ՛ակնկալէ Մարտին արդէն ունենալ «Քորոնա»ի դէմ պատուաստանիւթի խմբաքանակ մը` փուլ առ փուլ պատուաստումներու գործընթացին սկսելու համար: Ան աւելցուց, որ առաջնահերթութիւն պիտի տրուի այս ժահրով վարակուելու ամէնէն աւելի վտանգի դէմ յանդիման կանգնած անձերուն։
«Մենք առաջիկայում կ՚ունենանք կոնկրետ (յստակ-Խմբ.) ժամկէտներ, թէ երբ ենք ստանալու: Դիմել ենք, արդէն բանակցութիւնների շրջանն աւարտուել է, եւ առաջիկայում կ՚իմանաք, թէ երբ ենք ստանալու», ըսաւ Աւանեսեան:
Ան վստահեցուց, որ իրենք կ՛աշխատին քանի մը հարթակներու վրայ` ունենալու պատուաստանիւթերու լաւագոյն տարբերակները եւ բնակչութեան ապահովելու կարելի եղածին չափ մատչելի եւ որակեալ պատուաստանիւթով: Հայաստան վստահաբար պիտի կիրարկէ նաեւ ռուսական «Sputnik V» պատուաստանիւթը, սակայն անիկա պիտի ըլլայ առաջինը, իսկ այլ պատուաստանիւթերու պարագային տակաւին բանակցութիւնները կը շարունակուին։
Նախարարին համաձայն՝ Ռուսիայէն աւելի կանուխ նուէր ստացուած «Sputnik V» պատուաստանիւթով Հայաստանի մէջ շուրջ 15 անձեր պատուաստուեցան։