Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Հայաստան Կ՛ողջունէ ԵՈՒՆՍՔՕի Փաստահաւաք Առաքելութիւնը. Հայաստանի ԱԳՆ-ը Արձագանգեց Ալիեւի Յայտարարութեան

August 26, 2021
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
Հայաստան Կ՛ողջունէ ԵՈՒՆՍՔՕի Փաստահաւաք Առաքելութիւնը. Հայաստանի ԱԳՆ-ը Արձագանգեց Ալիեւի Յայտարարութեան

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Հայաստան կ՛ողջունէ ԵՈՒՆԵՍՔՕի փաստահաւաք առաքելութիւնը եւ պատրաստակամ է սատարելու անոր՝ զայն կարելի եղածին չափ արագ կեանքի կոչելու համար`«Զինուած ընդհարման պարագային մշակութային արժէքներու պաշտպանութեան մասին» 1954 թուականին Հաաքայի ուխտին եւ անոր կից երկու արձանագրութիւններուն համահունչ։ Այս հաստատումը կատարեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Վահան Յունանեան՝ պատասխանելով «Ազատութեան» այն հարցումին, թէ ինչպէ՛ս կը մեկնաբանեն Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յայտարարութիւնը այն մասին, որ իբր թէ Հայաստան դէմ է ԵՈՒՆԵՍՔՕի փաստահաւաք առաքելութեան Լեռնային Ղարաբաղ այցելութեան:

Յունանեան նշեց, որ ԵՈՒՆԵՍՔՕի փաստահաւաք առաքելութեան անյապաղ իրականացման անհրաժեշտութիւն յառաջացած է 2020ի 44օրեայ պատերազմին իբրեւ արդիւնք ատրպէյճանական վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ հայկական մշակութային եւ կրօնական ժառանգութիւնը ոչնչացման վերահաս վտանգէ պաշտպանելու համար:

«Թէ՛ պատերազմական գործողութիւնների ընթացքում, թէ՛ հրադադարի հաստատումից յետոյ բազմաթիւ են ադրբեջանական զինուած ուժերի կողմից հայկական եկեղեցիների, մշակութային եւ կրօնական այլ յուշարձանների միտումնաւոր ոչնչացման եւ վանդալիզմի փաստագրուած դէպքերը: Աւելին` Արցախի կրօնական եւ մշակութային ժառանգութեան կառոյցների ֆիզիքական ոչնչացմանը զուգահեռ ականատես ենք լինում Ադրբեջանի բարձրագոյն ղեկավարութեան հրահանգով իրականացուող պատմական փաստերի կեղծման, հայկական յուշարձանների ինքնութեան եւ պատկանելիութեան խեղաթիւրման, ճարտարապետական տեսքի փոփոխման անընդունելի դէպքերի», յայտնեց Վ. Յունանեան:

Ան նշեց, որ մշակութային յանցագործութիւնները ծածկելու նպատակով է, որ Ատրպէյճան մնայուն կերպով կը խոչընդոտէ ԵՈՒՆԵՍՔՕի փորձագէտներուն այցելութիւնը` նոյն ժամանակ կազմակերպութիւնը մեղադրելով կողմնակալութեան մէջ: Ընդգծելով, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ առաքելութեան իրականացման համար խոչընդոտներ ստեղծելու եւ հարցը քաղաքականացնելու սովորութիւնը հիմա ալ կը շարունակուի, արտաքին գործոց նախարարութիւնը յիշեցուց, որ տակաւին Դեկտեմբեր 2020ին ԵՈՒՆԵՍՔՕի ընդհանուր տնօրէնի` մշակութային հարցերու տեղակալը յայտարարեց, որ Ատրպէյճան համաձայնութիւն չի տար առաքելութեան գործուղման:

«Արցախի վտանգուած մշակութային եւ կրօնական ժառանգութիւնը միջազգային ուշադրութեան հրատապ կարիքն ունի` այն պատշաճ կերպով պահպանելու եւ վանդալիզմի դէպքերը կանխելու համար: ԵՈՒՆԵՍՔՕի առաքելութեան իրականացումն ու պատմամշակութային ժառանգութեան համապարփակ ուսումնասիրութիւնը կը նպաստի Ադրբեջանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներում մշակութային ժառանգութեան պահպանմանն ուղղուած ջանքերին եւ հնարաւոր բացասական զարգացումների կանխարգելմանը», նշեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան քարտուղարը:

Ան ընդգծեց, որ հայկական կողմը շահագրգռուած է առաքելութեան` կարելի եղածին չափ սեղմ ժամկէտներու մէջ իրականացումով եւ կը շարունակէ նպատակաուղղուած ջանքեր գործադրել այս գծով:

Յայտնեք, որ Իլհամ Ալիեւ ԵՈՒՆԵՍՔՕն քննադատեց Ատրպէյճանի հանդէպ անուշադիր ու կողմնակալ վերաբերմունքին համար:

«Մենք, կարելի է ըսել, 30 տարի է` անոնց կը սպասենք, ժամանակին խնդրած ենք, որ գան ու արձանագրեն հայերուն հասցուցած վնասը: ԵՈՒՆԵՍՔՕի պաշտօնական ներկայացուցիչները, սակայն, կը յայտարարեն, թէ կառոյցը քաղաքական հարցերու չի միջամտեր: Պատերազմէն ետք, մինչդեռ, մենք ազդանշաններ ստացանք, որ անոնք կ՛ուզեն գալ: Անշուշտ, զարմացանք, բայց` համաձայնեցանք: Եւ, որքան ես գիտեմ, առաքելութիւնը արդէն ստեղծուած է, սակայն հիմա Հայաստան դէմ է, այդ իսկ պատճառով անոնց այցելութիւնը դարձեալ կը յետաձգուի», յայտնեց Ալիեւ։

Previous Post

    Հայերէնը կը զուարճանայ (37)

Next Post

Study unveils the role of the basal ganglia in the control of learned motor skills

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.