ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- «Թերթ»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին, Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան յայտնեց, որ «Ադրբեջանի ձեռք բերած ամերիկեան «Բել-412»ի հարցով զբաղւում ենք»:
Յիշեցնենք, որ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով յայտարարած էր, որ 26 Յունիսի ռազմական շքերթին ընթացքին պիտի ցուցադրեն գերժամանակակից համակարգեր, որոնց գոյութեան մասին քիչերը գիտեն: Ըստ Հասանովի՝ շքերթին պիտի ցուցադրուին նաեւ ամերիկեան Bell 412 եւ MI-24 ուղղաթիռներ, MI35 եւ KA-27 հարուածային համակարգեր:
Նշենք, որ Միացեալ Նահանգները, իբրեւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբը համանախագահող երկիր, իրաւունք չունի զէնք ու զինամթերք վաճառելու Արցախի հիմնահարցի կողմերուն: