ԵՐԵՒԱՆ, «Լրագիր».- Հայաստան արձագանգեց նախանցեալ օր Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի յայտարարութեան, ըստ որուն, պաշտօնական Երեւանը եւ Անգարան յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերող յստակ քայլերու ձեռնարկելու պատրաստակամութիւն կը յայտնեն եւ երկուստեք յատուկ ներկայացուցիչներ պիտի նշանակեն:
14 Դեկտեմբերին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դրական գնահատեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարին յայտարարութիւնը եւ հաստատեց, որ ներկայացուցիչ պիտի նշանակէ: «Հայաստանը, ինչպէս մշտապէս նախկինում, այնպէս էլ այժմ, պատրաստ է Թուրքիայի հետ առանց նախապայմանների յարաբերութիւնների կարգաւորմանն ուղղուած գործընթացին, ինչն արձանագրուած է Հայաստանի կառավարութեան ծրագրում», յայտնեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Վահան Յունանեան՝ աւելցնելով․«Այս առումով դրական ենք գնահատում Թուրքիայի ԱԳ նախարարի` յարաբերութիւնների կարգաւորման նպատակով յատուկ ներկայացուցիչ նշանակելու մասին յայտարարութիւնը, եւ հաստատում, որ հայկական կողմը եւս երկխօսութեան համար յատուկ ներկայացուցիչ կը նշանակի»։
Ըստ «Երկիր Մետիա»ի տեղեկութիւններուն՝ Թուրքիոյ հետ երկխօսութեան համար յատուկ ներկայացուցիչ պիտի նշանակուի Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեան: