Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

«Հայաստան» Հիմնադրամը Այս Տարի Արցախի Մէջ Շարունակած է Ռազմավարական եւ Տնտեսական Նշանակութեան Ծրագիրները

December 10, 2017
in Newsletter, Զանազանք
0
«Հայաստան» Հիմնադրամը Այս Տարի Արցախի Մէջ Շարունակած է Ռազմավարական եւ Տնտեսական Նշանակութեան Ծրագիրները

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի շնորհիւ այս տարի շահագործման յանձնուած է ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող «Վարդենիս-Մարտակերտ» մայրուղին, իրականացուած են համայնքային նշանակութեան շարք մը ծրագիրներ:

 Ըստ «Արցախփրես»-ի՝ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի` Արցախի մէջ իրականացուող ծրագիրներու համակարգող Վալերի Ղազարեան ըսած է, որ ընթացիկ տարուան մէջ իրականացուած խոշոր ծրագիրներէն Վարդենիս-Մարտակերտ մայրուղիի շահագործումը թոյլ կու տայ  զարգացնել մերձակայ շրջաններու տարածքներու ընկերա-տնտեսական վիճակը: «Արցախը Հայաստանին կապող երկրորդ մայրուղիի (Գորիս-Ստեփանակերտ ճանապարհէն ետք)` Վարդենիս-Մարտակերտի գործարկումը զգալիօրէն կը կրճատէ ոչ միայն ժամանակն ու տարածութիւնը, այլեւ հնարաւորութիւն կու տայ սերտացնել միջհամայնքային կապերը, նպաստել յարակից համայնքներու տնտեսական զարգացման»,- նշած է  Ղազարեան:

2017 թուականին շահագործման յանձնուած են նաեւ համայնքային կեդրոններ Մարտակերտի շրջանի Կոճողոտ, Մարտունիի շրջանի Սարգսաշէն եւ Հատրութի շրջանի Քիւրաթաղ գիւղերուն մէջ:

Աւարտած ծրագիրներէն է նաեւ Ստեփանակերտ քաղաքի ուռուցքաբանութեան կեդրոնի շէնքի եւ Շուշիի մշակոյթի կեդրոնի դահլիճի կառուցումը:

Վ. Ղազարեանի խօսքով`  մանկապարտէզներ շահագործման յանձնուած են Շուշիի շրջանի քարին տակ եւ Ասկերանի շրջանի Նորագիւղ համայնքներուն մէջ, իսկ Մարտունիի շրջանի Սօս գիւղին մէջ` նորակառոյց դպրոց:

Խօսելով բազմազաւակ ընտանիքներուն բնակարաններով ապահովելու ծրագիրի մասին` ան նշած է, որ այս տարի 13 առանձնատուն յանձնուած է իրենց տէրերուն: Կը կառուցուի եւս 10 առանձնատուն:

«Ընթացիկ ծրագիրներէն է նաեւ Ստեփանակերտի 9-րդ դպրոցի վերակառուցումը: Դպրոցական շէնքի մէկ մասնաշէնքը եւ մարզադահլիճը արդէն վերակառուցուած են: Այժմ աշխատանքները կը շարունակուին միւս հատուածին մէջ»,- նշած է Ղազարեան:

Նոր դպրոցական շէնք կը կառուցուի նաեւ Հատրութի շրջանի Ուղտասար համայնքին մէջ:

«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի շնորհիւ շինարարական լայնածաւալ աշխատանքներ կը տարուին Մարտակերտի շրջանի Թալիշ գիւղին մէջ:

Արցախի գրասենեակի ղեկավարը ըսած է, որ ընթացքի մէջ է Մարտակերտի շրջանի Գետաւան, Հատրութի շրջանի Տումի եւ Թաղասեռ, Ասկերանի շրջանի Քռասնի ու Խնձրիստան գիւղերու մէջ համայնքային կեդրոններու կառուցումը:

Անդրադառնալով այս տարուան «Բերքառատ Արցախ» խորագիրը կրող հեռուստամարաթոնին` ան նշած է, որ «Հեռուստամարաթոն 2017»-ի արդիւնքով հաւաքագրուած 12 միլիոն 505 հազար 456 ԱՄՆ տոլարը պիտի ուղղուի երկու խոշոր ծրագիրներու. Մարտունիի եւ Ասկերանի շրջաններուն մէջ խորքային հորերու հորատման ու նոր ոռոգման ցանցի կառուցման, ինչպէս նաեւ Ասկերանի եւ Շուշիի շրջաններուն մէջ արեւային ուժանիւթի կայաններու տեղադրման ու Քարին Տակ գիւղը ամբողջութեամբ տաք ջուրով ապահովելու ծրագրին:

Հիմնադրամի 2018 թուականի ծրագիրերէն պիտի ըլլայ նաեւ Արցախի պետական համալսարանի գլխաւոր մասնաշէնքի վերակառուցումը:

Previous Post

Թրամփի Անունը Կ՛անհետանայ Պոլսոյ Մէջ

Next Post

Երուսաղէմի Հոգեւոր Պետերը՝ Իր Որոշումը Վերանայելու Պատգամով Նամակ Յղած Են Թրամփին

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.