ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Հայկակ Արշամեան Դամասկոսի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան յանձնեց շուրջ 70.000 տոլար, որ պիտի փոխանցուի Սուրիոյ հայրենակիցներուն` «Քորոնա» ժահրին պատճառով անոնց ունեցած ծանր առողջապահական եւ ընկերային-տնտեսական իրավիճակը մեղմացնելու նպատակով: Այս մասին յայտնեցին Հայաստան Համահայկական հիմնադրամէն:
Նուիրուած հանգանակութիւնը համամասնաբար բաշխուած է՝ 30.000 տոլար Սուրիոյ մէջ հայկական կրթական հաստատութիւններու 502 ուսուցիչիներուն, ինչպէս նաեւ սպասարկող անձնակազմերու 42 անդամներու:
Նոյն ժամանակ, ընդհանուր 40.000 տոլարի օժանդակութիւն տրամադրուած է «Քորոնա» ժահրի հիւանդութեամբ Սուրիոյ մէջ բուժում ստացող մեր հայրենակիցներուն: Նշենք, որ հանգանակուած գումարները յատկացուած են ««Քորոնա» Հայաստան․ Միասին յաղթահարենք համաճարակը» դրամահաւաք-արշաւէն գոյացած ֆոնտէն:
«Հայապահպանման նուիրական իր առաքելութեան համահունչ` Հայաստան Համահայկական հիմնադրամը մշտապէս մեր հայրենակիցների կողքին է», յայտնեց հիմնադրամը: