Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի ժամանակաւոր գործադիր տնօրէն Պետրոս Թերզեան տարածեց յայտարարութիւն մը՝ դիմելով հիմնադրամի նուիրատուներուն: Ան կը վստահեցնէ, որ հիմնադրամը կը շարունակէ բնականոն իր գործունէութիւնը, եւ ընթացքի մէջ են շուրջ 60 ծրագիրներ: Ստորեւ՝ վերոնշեալ յայտարարութիւնը.
«Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի յարգելի նուիրատուներ,
Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի Հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամները, ընդառաջելով Հայաստանի նախագահ, Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի նախագահ Արմէն Սարգսեանի առաջադրանքին՝ ինծի յանձնեցին Հիմնադրամի ժամանակաւոր գործադիր տնօրէնի պաշտօնակատարի պարտականութիւնը, զոր պաշտօնապէս ստանձնեցի 19 Յուլիս 2018ին: Մինչ այդ, Հայաստանի նախագահի առաջարկը ընդունելէ անմիջապէս ետք, մեկնեցայ Երեւան, ուր 15 եւ 16 Յուլիսին հանդիպումներ ունեցայ պետական բարձրաստիճան անձերու, ինչպէս նաեւ Հիմնադրամի Երեւանի գրասենեակի անձնակազմին հետ:
Առաջին քայլս եղաւ ստուգել Հիմնադրամի հաշիւներուն ամբողջականութիւնը: Քննարկումներուն իբրեւ արդիւնք պարզուեցաւ, որ նախկին գործադիր տնօրէնին կողմէ‘՝Հիմնադրամի վարկային գիծին միջոցով անձնական նպատակներու համար օգտագործուած գումարները կարճ ժամկէտներու ընթացքին վերադարձուած են Հիմնադրամի հաշիւին, այդպիսով իսկ վրիպելով հաշուեքննիչներու ուշադրութենէն:
Այդուհանդերձ, վերջին իրադարձութիւններուն առիթով, Հիմնադրամի հաշիւներու հսկողութեան համակարգին մէջ երեւան եկած են խոցելիութեան ճեղքեր: Ուստի, պահանջած եմ անյապաղ ի գործ դնել վերահսկողութեան եւ ահազանգային յաւելեալ միջոցներ՝ զանոնք իսպառ վերացնելու համար:
Յառաջիկայ օրերուն, նոր գործադիր տնօրէնի թեկնածութեան կոչ պիտի կատարուի: Թեկնածութիւնները պիտի քննուին մրցութային յանձնաժողովին (ժիւրիին) կողմէ 10 Սեպտեմբերին՝ իմ նախագահութեամբ:
Յարգելի նուիրատուներ,
Անցեալ 26 տարիներուն ընթացքին, Հայաստան Համահայկական հիմնադրամը գործած է թափանցիկ եւ հաշուետու, ըստ միջազգային չափանիշներու եւ իրականացուցած է հսկայածաւալ ծրագիրներ:
Հիմնադրամը այսօր եւս կը շարունակէ իր գործունէութիւնը: Շուրջ 60 ծրագիրներ ընթացքի մէջ են: Հայաստանը եւ Արցախը պէտք ունին համազգային այս կառոյցին:
Համոզուած եմ, որ Հիմնադրամը՝ իր նուիրատուներուն զօրակցութեան շնորհիւ պիտի յաղթահարէ տագնապի այս պահը, պիտի ձեռնարկէ անհրաժեշտ նոր միջոցներու եւ բարեփոխումներու ու պիտի կարենայ իրականացնել առաւել մեծ ու կարեւոր ծրագիրներ յօգուտ Հայաստանի եւ Արցախի բնակչութեան»: