Գործող ընկերային ծառայութիւններու ներկայ համակարգը չի բաւարարեր տարեցներու ընկերային, հոգեբանական, իրաւական, առողջապահական եւ բնակարանային ապահովութեան կարիքներու ամբողջական ծաւալը», ըստ «Փանորամա»ի, ծերաբուժութեան հարցերուն նուիրուած համաժողովին ընթացքին յայտարարած է Տարեցներու առողջութեան եւ խնամքի ապահովման հիմնադիր Արթուր Թորոսեան:
Ըստ անոր՝ Հայաստանի մէջ կը շարունակէ մտահոգիչ մնալ խնամքի կարիք ունեցող տարեցներուն մատուցուող ընկերային եւ առողջապահական ծառայութիւններուն որակը եւ մատչելիութիւնը:
«Ընդհանրապէս կը բացակային ծերաբուժական եւ բուժքոյրական նեղ մասնագիտական ծառայութիւնները: Տարեցները սեփական իրաւունքներու եւ գործող ծառայութիւններու վերաբերեալ ունին իրազեկուածութեան ցած մակարդակ: Միջին եւ ցած եկամուտ ունեցող երկիրներու մէջ, որոնց մէջ է նաեւ Հայաստան, 65-էն վեր տարիք ունեցող մարդոց համար ոչ-վարակիչ հիւանդութիւններու հետեւանքով յառաջացած հարցերը 2-3 անգամ աւելի են», նշած է ան՝ աւելցնելով, որ մօտեցումները փոխելու հարց կայ:
«Մեր գերակայ նպատակը այս ոլորտին մէջ մասնագէտներու բացը լրացնելն է, հանրապետութեան տարածքին ներդրելով ծերաբուժութեան ծառայութիւններու համակարգ, բարելաւել տարեցներու խնամքի որակը, պատրաստել խնամքի մասնագէտներ», շեշտած է Թորոսեան:
ՄԱԿի Բնակչութեան հիմնադրամին տուեալներով՝ Հայաստան յայտնուած է ծերացող հասարակութիւններու վերին շեմին: Հիմնադրամի կանխատեսումները կը վկայեն, որ Հայաստան պիտի հատէ այդ շեմը 2050-ին՝ 65-էն վեր տարիք ունեցողները պիտի կազմեն բնակչութեան 22-23 տոկոսը:
ՄԱԿի Բնակչութեան հիմնադրամի «Օժանդակութիւն բնակչութեան հարցերով քաղաքականութիւններու իրականացման» ծրագիրի համակարգող Աննա Յովհաննիսեան լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին ըսած է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը, ընկերային հարցերու նախարարութիւնը եւ ՄԱԿի բնակչութեան հիմնարկը այժմ կը ձեռնարկեն բազմաթիւ քայլերու եւ տարբեր ռազմավարական ծրագիրներ կը մշակեն Հայաստանի ժողովրդագրական քաղաքականութեան ազգային ծրագիրը վերամշակելու ուղղութեամբ:
Լրագրողներու այն հարցումին, թէ մենք պիտի կարենա՞նք 2040 թուականին ունենալ 4 միլիոն բնակչութիւն, ինչպէս ըսած էր նախագահ Սերժ Սարգսեան‘ Աննա Յովհաննիսեան պատասխանած է. «Մենք կ՛օգտագործենք այդ 4 միլիոնը որպէս յստակ ուղենիշ, ունինք նպատակ եւ պէտք է ամէն ինչ ընենք, որ հասնինք անոր»: