ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցող «Բանակ 2019» միջազգային ցուցահանդէսի ծիրին մէջ կնքուեցան պայմանագիրներ՝ յարձակողական նոր տեսակի զէնքերու եւ նոր սերունդի զինամթերք ձեռք բերելու, ինչպէս նաեւ այլ միջոցներ մատակարարելու վերաբերեալ, «Առաջին Ալիք»ի հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան՝ նշելով, որ Հայաստանի ռազմական օդուժը վերազինման փուլին մէջ է: Այդ նպատակով, ան ռազմական սարքերու ցուցահանդէսին երկկողմանի շարք մը հանդիպումներ կ՛ունենայ ռազմական արտադրութեանց ընկերութիւններու ղեկավարներուն հետ:
Տօնոյեան աւելցուց, որ նշեալ պայմանագիրները շատ կարեւոր են Հայաստանի զինուած ուժերու զարգացման շարունակականութիւնը ապահովելու համար, նշելով, որ մատակարարումները պիտի սկսին այս տարուան վերջաւորութեան կամ 2020-ի սկիզբը:
Այլ սպառազինութիւններ ձեռք բերելու բանակցութիւնները կը շարունակուին:
Դաւիթ Տօնոյեան անդրադարձաւ նաեւ Կովկասի մէջ հայկական ռազմական օդուժին դիմագրաւած ենթադրեալ դժուարութիւններուն մասին Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարի խօսքին՝ յայտնելով, որ եթէ Պաքու աւելի ուշադիր ըլլայ, պիտի նկատէ, որ նման բազմագործառոյթ ռազմական օդուժը կ՛օգտագործուի աւելի բարձրադիր, ինչպէս՝ Հիմալայեան լեռներու գօտիին մէջ:
«Բանակ 2019» միջազգային ցուցահանդէսին կը մասնակցին շուրջ 100 երկիրներէ պատուիրակութիւններ։
Նշենք, որ Հայաստանի ռազմաարդիւնաբերական համալիրը տեղակայուած է առանձին տաղաւարի մէջ: