Հայաստանի խորհրդարանը վարչապետի ընտրութեան հարցը պիտի քննարկէ Երեքշաբթի, 1 Մայիսին: Ինչպէս կը տեղեկացնէ ՀՀ Ազգային ժողովի լրատւութեան եւ հանրութեան հետ կապերու վարչութիւնը, այդ մասին յայտարարութեամբ հանդէս եկած է ՀՀ ԱԺ նախագահ Արա Բաբլոյեան:
«Համաձայն «Ազգային ժողովի կանոնակարգ» Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրական օրէնքի 140-րդ յօդուածի 3-րդ մասի` կը յայտարարեմ, որ վարչապետի ընտրութեան հարցը պիտի քննարկուի Երեքշաբթի, 1 Մայիսին` ժամը 12:00-ին, իրաւունքի ուժով գումարուող Ազգային ժողովի յատուկ նիստի ընթացքին»,- ըսուած է ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահի տարածած յայտարարութեան մէջ:
ՀՀ վարչապետ Սերժ Սարգսեանը հրաժարական տուած է: ՀՀ Սահմանադրութեան համաձայն` ՀՀ վարչապետի հրաժարականէն ետք 7 օրուան մէջ Ազգային ժողովի խմբակցութիւնները իրաւունք ունին ներկայացնելու վարչապետի թեկնածուներ, որմէ ետք խորհրդարանին մէջ բաց անուանական քուէարկութեամբ տեղի պիտի ունենայ վարչապետի ընտրութիւնը: