Հայաստանի հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Շուշան Ստեփանեան յայտարարեց, թէ Հայաստանի պաշտպանութեան ուժերը չէզոքացուցած թշնամիի չորս անօդաչու թռչող սարքեր, մէկը՝ Կոտայքի, երեքը Գեղարքունիքի շրջաններուն մէջ:
Ստեփանեան աւելցուց, թէ բոլոր չէզոքացուած սարքերը եղած են հետախուզական: