ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- 15 Սեպտեմբերին, Տաճիկիստանի մայրաքաղաք Տուշանպէի մէջ ՀԱՊԿի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի, պաշտպանութեան նախարարներու խորհուրդի եւ անվտանգութեան խորհուրդներու քարտուղարներու կոմիտէի միացեալ նիստի ծիրին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդներու քարտուղարներ Արմէն Գրիգորեանի եւ Նիքոլայ Փաթրուշեւի երկկողմ հանդիպումը:
Քարտուղարները քննարկեցին Հարաւային Կովկասի մէջ ստեղծուած իրավիճակը: Այս պարունակին մէջ, Արմէն Գրիգորեան իր ռուս պաշտօնակիցին ներկայացուց Մայիսէն Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի մարզերու հատուածներուն մէջ ատրպէյճանական զինուած ուժերու ներխուժման եւ այդ պատճառով ստեղծուած իրավիճակին` ընդգծելով, որ Հայաստանի տարածքին նկատմամբ ոտնձգութեան որեւէ դրսեւորում անընդունելի է։ Ան շեշտեց, որ Հայաստան պատրաստ է կարելի եղածին չափ արագ սկսելու հայ-ատրպէյճանական սահմանի սահմանագծման եւ սահմանազատման գործընթացին:
Խօսելով շրջանին մէջ երկարատեւ խաղաղութեան հաստատման կարելիութեան մասին՝ Արմէն Գրիգորեան ընդգծեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը յայտարարած է «խաղաղութեան դարաշրջանի» մասին, որ պիտի բերէ կայուն խաղաղութիւն եւ զարգացման հնարաւորութիւն Հարաւային Կովկասի մէջ` այս ճամբուն վրայ կարեւոր նկատելով բոլոր ենթակառոյցներու ապաշրջափակման հնարաւորութիւնը:
Նիքոլա Փաթրուշեւ նոյնպէս կարեւոր նկատեց ապաշրջափակման գործընթացին ուղղութեամբ աշխատանքներու շարունակութիւնը՝ ընդգծելով, որ վերջինս կարելիութիւն պիտի տայ ապահովելու տարածաշրջանի կայուն խաղաղութիւնը:
Զրոյցի առանցքային հարցերէն եղաւ Ատրպէյճանի կողմէ հայ ռազմագերիներու, պատանդներու եւ պահուող այլ անձերու հարցը: Արմէն Գրիգորեան անգամ մը եւս շեշտեց, որ, 9 Նոյեմբեր 2020ի յայտարարութեան համաձայն, բոլոր ռազմագերիները, պատանդները եւ պահուող այլ անձեր պէտք է վերադարձուին հայրենիք, մինչդեռ ատրպէյճանական կողմը մինչեւ օրս չի կատարեր իր այդ պարտաւորութիւնը ամբողջութեամբ` յոյս յայտնելով, որ ռուսական կողմի ջանքերուն շնորհիւ կարելի պիտի դառնայ բոլոր հայ ռազմագերիներու շուտափոյթ վերադարձը հայրենիք:
Իր խօսքին մէջ ռուս պաշտօնատարը, անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծման ջանքերուն՝ այս հարցին մէջ կարեւոր նկատեց Մինսքի խումբի համանախագարներու ծիրին մէջ գործընթացին աշխուժացումը: