ՄՈՍԿՈՒԱ, «ՌԻԱ Նովոսթի»․- Անդրադառնալով Երեւանի վերջին իրադարձութիւններուն, Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդի նախագահ Վալենթինա Մաթվիենքօ յայտնեց, թէ Հայաստան օգնութեան խնդրանքով չէ դիմած Ռուսիոյ։
«Այն, ինչը տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ, Հայաստանի ներքին գործն է: Հայաստանին որեւէ բանով օգնելու ոչ մէկ խնդրանք եղած է», ըսաւ ան:
«Մենք Հայաստանի բոլոր քաղաքական կուսակցութիւններուն, ուժերուն, Հայաստանի ղեկավարութեան կոչ կ՛ուղղենք՝ ամէն ինչ ընելու, որպէսզի երկրին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները լուծուին խաղաղ ճամբով եւ տեղական օրէնսդրութեան համապատասխան», աւելցուց ան:
Մաթվիենքօ նշեց, որ Ռուսիա մտահոգութեամբ կը հետեւի Հայաստանի իրավիճակին եւ շահագրգռուած է շուտափոյթ կայունացումով: «Անիկա անկասկած կարեւոր է ինքնին Հայաստանի, հայ ժողովուրդին համար, ինչպէս նաեւ շրջանի կայունութեան համար», ըսաւ ան:
Ըստ Մաթվիենքոյի՝ Արցախի վերաբերեալ եռակողմ համաձայնագիրը կայունութիւն ստեղծած է Անդրկովկասի մէջ:
«Հոլովոյթները կը շարունակուին, անոնք բարդ են, ամէն օր նրբութիւններ ի յայտ կու գան: Սակայն գլխաւորը` համաձայնութիւնը ձեռք բերուած է, եւ այժմ պէտք է հասնիլ անոր, որ անիկա շարունակէ գործադրուիլ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու հիման վրայ», ընդգծեց Մաթվիենքօ՝ աւելցնելով «Ռուս խաղաղապահներու մուտքը պայմաններ ստեղծեց այդ շրջանի կայունութեան եւ խաղաղ կեանքին վերադառնալու համար: Մեր խաղաղապահները հսկայական աշխատանք կը կատարեն ականազերծման, բնակարաններու եւ շէնքերու վերականգնման ուղղութեամբ, կ՛օգնեն գաղթականներու անվտանգ վերադարձի հարցին մէջ»: