ՄՈՍԿՈՒԱ, «Արմէնփրէս».- Չորեքշաբթի, 13 Յունիսին, Մոսկուա ժամանած Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Քրեմլինի մէջ հանդիպեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:
Հանդիպման՝ հայկական կողմէն ներկայ եղան նաեւ Ռուսիոյ մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Վարդան Տողանեան, Հայաստանի վարչապետի խորհրդական Արսէն Խառատեան, վարչապետի օգնական Վարուժան Ներսիսեան, իսկ ռուսական կողմէն՝ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով, Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով, տնտեսական զարգացման նախարար Մաքսիմ Օրեշքին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ԱՊՀ երկիրներու չորրորդ բաժանմունքի տնօրէնի տեղակալ Իկոր Կրոմիք:
Հայաստանի վարչապետի պաշտօնին ընտրուելէն ետք ասիկա Նիկոլ Փաշինեանի երկրորդ հանդիպումն է նախագահ Փութինի հետ:
«Նկատի ունենալով մեր յարաբերութիւններու ռազմավարական բնոյթը եւ տարբեր ուղղութիւններով մեր համագործակցութեան մեծ ծաւալը՝ կը կարծեմ, որ մեր հանդիպումները միշտ պահանջուած են: Առաջին՝ կը փափաքիմ յայտնել, որ Ռուսիան վստահօրէն կը պահպանէ առաջատարի դիրքերը Հայաստանի հետ առեւտրաշրջանառութեան ուղղութեամբ: Անցեալ տարի մեր միջեւ առեւտրաշրջանառութիւնը աւելցաւ աւելի քան 30 տոկոսով, այս տարի եւս աճը կը շարունակուի», հանդիպման ընթացքին շեշտեց Ռուսիոյ ղեկավարը։
Նախագահ Փութին ընդգծեց, որ մեծ մասամբ աճը պայմանաւորուած է ռուսական շուկայ հայկական գիւղական մթերքի մատակարարումով: Ըստ անոր՝ դրական ազդեցութիւն ունի նաեւ ԵԱՏՄին Հայաստանի անդամակցութիւնը:
«Յոյս ունիմ, որ մենք այս ուղղութեամբ կը շարունակենք յառաջ շարժիլ», ըսաւ Փութիւն:
Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, իր կարգին ընդգծեց Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ յարաբերութիւններու յատուկ բնոյթը եւ յայտնեց, թէ յոյս ունի, որ անոնք առաւել արդիւնաւէտ զարգացում կ՛ունենան:
«Մենք առաջին անգամ հանդիպել ենք մէկ ամիս առաջ եւ այն հանգամանքը, որ մենք 30 օր յետոյ կրկին հանդիպում ենք, կարծում եմ, ցոյց է տալիս Հայաստանի եւ Ռուսաստանի յարաբերութիւնների յատուկ բնոյթը: Սա նաեւ ցոյց է տալիս, որ այն յայտարարութիւնները, որոնք մենք արել ենք մէկ ամիս առաջ, ոչ միայն հիմնաւորուած են, այլ նաեւ յստակ իրականացւում են: Իհարկէ, Ռուսաստանի եւ Հայաստանի միջեւ յատուկ յարաբերութիւններ են, եւ ես վստահ եմ, որ այդ յարաբերութիւնները կը շարունակեն լինել յատուկ, ես յոյս ունեմ, որ այդ յարաբերութիւններն աւելի յատուկ կը դառնան: Իհարկէ, մեզ համար, Հայաստանի կառավարութեան համար, որը ներկայացնում է Հայաստանի ժողովրդին, շատ կարեւոր է նման ընդունելութեան արժանանալ Ռուսաստանում՝ Սոչիում, Մոսկուայում: Եւ, իհարկէ, սա ընդգծում է այն մթնոլորտը, որը մեզ յաջողուել է ստեղծել այս ամիսների ընթացքում», ընդգծեց Հայաստանի վարչապետը:
Ըստ Փաշինեանի՝ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Ռուսիոյ մէջ բոլորը գոհ են այս զարգացումներով եւ նաեւ յայտնեց, թէ յոյս ունի, որ այդ յարաբերութիւնները կը զարգանան առաւել արդիւնաւէտ կերպով՝ երկու ժողովուրդներու, երկու պետութիւններու շահերուն եւ գերիշխանութեան նկատմամբ յարգանքի հիման վրայ, որ շատ կարեւոր է:
«Ինձ համար շատ կարեւոր է, որ մենք ունենք եւ վստահ եմ, որ ապագայում էլ կ՛ունենանք յաճախ հանդիպելու եւ մեր յարաբերութիւնների օրակարգի ամբողջ շրջանակը քննարկելու հնարաւորութիւն: Բոլորին է յայտնի, որ մեր յարաբերութիւնների օրակարգը շատ մեծ է, քննարկելու շատ բան կայ թէ՛ տնտեսական, թէ՛ քաղաքական, թէ՛ տարածաշրջանային իմաստով: Իհարկէ, մենք յոյս ունենք դրական եւ կառուցողական երկխօսութեան եւ համոզուել ենք, որ մեր երկխօսութիւնը հէնց այդպիսին է: Ես շատ ուրախ եմ դրա համար», եզրափակեց Նիկոլ Փաշինեան: