Յունուար 22-ին ՀՀ Ազգային ժողովի Արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի եւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ Ազգային ժողովին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացումները» թեմայով աշխատանքային խորհրդակցութիւն:
Յանձնաժողովի նախագահ Արմէն Աշոտեան կարեւոր համարեց Սփիւռքի հետ տարուող աշխատանքներու նման ձեւաչափով քննարկումը, նշեց, որ քննարկման ներգրաւուած են նաեւ հասարակութեան որոշակի շերտեր, ՀԿ-ներ եւ Սփիւռքի ներկայացուցիչներ:
Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան հանդէս եկաւ զեկոյցով, նախարարը կարեւոր համարեց խորհրդարանական դիւանագիտութեան եւ Սփիւռքի մէջ իրականացուող ժողովրդական դիւանագիտութեան ներդաշնակութիւնը եւ աշխոյժ փոխգործակցութիւնը: Նախարարը լուսապատկերներով ներկայացուց «Սփիւռք» հասկացութեան վերաբերեալ առկայ գիտական մօտեցումներն ու մեկնաբանութիւնները եւ նշեց, որ եթէ արտագաղթը կեդրոնախոյս ուժ է, ապա Սփիւռքը` կեդրոնաձիգ ուժ, որ կը միաւորէ մարդոց` հաւաքական ինքնագիտակցութեամբ, պատմական յիշողութեամբ եւ հայրենիքի հետ զգացական կապով: Ան կարեւոր համարեց այն հանգամանքը, որ սփիւռքները երթալով կը դառնան ազդեցիկ գործօն բնակութեան երկրի եւ ծագման երկրի համար` տիրապետելով ծանրակշիռ ֆինանսատնտեսական, ընկերային-քաղաքական լծակներու, տարբեր միջավայրերու մէջ ձեւաւորուելով եւ՛ համամարդկային արժէքներ, եւ՛ դրսեւորուած անընդունելի երեւոյթներ:
Այնուհետեւ Հրանոյշ Յակոբեան անդրադարձաւ Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան ուղղութեամբ իրականացուող պետական քաղաքականութեան, նշեց, որ այդ գործակցութիւնը մշտապէս փոփոխուող, զօրութենական գործընթաց է, որ կը բանայ նոր հնարաւորութիւններ եւ ի յայտ կը բերէ նոր խնդիրներ ու մարտահրաւէրներ: Ան ներկայացուց գաղթականութեան գործընթացներու վիճակագրական պատկերը, որոնց հետեւանքով կը ձեւաւորուին սփիւռքները:
Նախարարը ներկայացուց հայկական սփիւռքի ձեւաւորման փուլերը` հնագոյն ժամանակներէն մինչեւ Հայոց ցեղասպանութիւն, որուն հետեւանքով 100-է աւելի երկիրներու մէջ կազմակերպուեցան հայկական համայնքներ: Անդրադարձաւ խորհրդային շրջանին գոյութիւն ունեցած փոխառնչութիւններուն եւ հայրենադարձութեան գործընթացի փուլերուն:
Սփիւռքի նախարարը հանգամանալից ներկայացուց հայկական Սփիւռքի կառուցուածքը, նշելով, որ այժմ կը գործեն 832 համայնք, 30 հազարէ աւելի հայկական կազմակերպութիւններ, 44 համահայկական կառոյցներ, 727 գործող հայկական եկեղեցիներ ու վանքեր, մօտ 1000 ամէնօրեայ եւ մէկօրեայ դպրոցներ, 34 թանգարաններ, գրադարաններ եւ արխիւներ, 110 հայագիտական կեդրոններ, մօտ 300 ԶԼՄ-ներ, 1000-աւոր կայքեր, 639 մշակութային կեդրոններ ու միութիւններ, իրազեկման կառոյցներ, մասնագիտական կառոյցներ ու ցանցեր, երգի, պարի համոյթներ, երաժշտական, նկարչական հարիւրաւոր դպրոցներ: Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ներկայացուց նաեւ համայնքներու առանձնայատկութիւնները, առկայ խնդիրները, ինչպէս նաեւ անդրադարձաւ համահայկական հիմնախնդիրներուն, նշեց այն կառուցակարգերը, որոնցմով կ’իրականացուի Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնը:
Սփիւռքի նախարարը հանգամանալից ներկայացուց Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան ռազմավարական ուղղութիւնները, նախարարութեան գերակայ խնդիրներն ու ատոնց լուծման ուղղուած ձեռնարկները, նախարարութեան կողմէ իրականացուող ծրագիրները:
Կարեւոր համարուեցաւ երկքաղաքացիութեան հիմնարկի ներդրումը, Հայրենիքի մէջ սփիւռքահայերու կողմէ ներդրումներու աշխուժացման ուղղութեամբ իրականացուող աշխատանքները եւ հայրենադարձութիւնը խթանող ծրագիրներու մշակումը:
Նախարարը մանրամասնօրէն ներկայացուց Հայաստանի եւ Սփիւռքի գիտական կեդրոններու հետ համագործակցութեամբ կատարուած հետազօտութիւնները եւ հրատարակուած աշխատութիւնները:
Նախարարութեան կողմէ իրականացուող աշխատանքներուն մէջ առանձնայատուկ տեղ կը գրաւեն համայնքներու ինքնակազմակերպման, Սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան, հայ ներուժի համախմբման եւ Հայաստանի ու Արցախի զարգացման համար ատոր օգտագործման ուղղուած ծրագիրները:
Հակիրճ ելոյթներով եւ հարցադրումներով հանդէս եկան ՀՀԿ խորհրդարանական խմբակցութեան ղեկավար Վահրամ Բաղդասարեան, պատգամաւոր Կարէն Բեքարեան, «Ծառուկեան» խմբակցութեան պատգամաւորներ Լուիզա Սարգսեան, Վարդան Բոստանջեան եւ Արարատ Զուրաբեան, Սերգէյ Բագրատեան, «Ելք» կուսակցութիւններու դաշինքի ներկայացուցիչ Արտակ Զէյնալեան:
Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան հանգամանալից պատասխանեց հայրենադարձութեան խթանման, սփիւռքահայերու ներդրումներու ընդլայման, խորհրդարանի բարեկամական խումբերու եւ սփիւռքեան կառոյցներու հետ տարուող աշխատանքներու կառուցակարգերուն, իրաւական խնդիրներու լուծման առնչուող հարցերուն եւ պատգամաւորները հրաւիրեց մասնակցելու սփիւռքեան համապատասխան կառոյցներու հետ տարուող աշխատանքներուն, յոյս յայտնեց, որ նման քննարկումները կը դառնան պարբերական եւ մեծապէս կը նպաստեն առկայ խնդիրներու լուծման:
Ամփոփելով քննարկումը` յանձնաժողովի նախագահ Արմէն Աշոտեան բարձր գնահատեց նման ձեւաչափի աշխատանքը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց քննարկման մասնակիցներուն եւ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին ոլորտն ու անոր խնդիրները համապարփակ եւ հանգամանալից ներկայացնելու եւ պատգամաւորներու հնչեցուցած հարցերուն սպառիչ պատասխաններ տալու համար: