ԵՐԵՒԱՆ.- «Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, դատապարտման եւ հատուցման գործընթացին մէջ, բնականաբար, շեշտադրումները կը փոխուին: Մենք ճանաչման գործընթացը բաւական յառաջ տանելու ու հասնելու բախտաւորութիւնը ունեցանք. աշխարհի կարեւորագոյն պետութիւնները Ցեղասպանութիւնը ճանչցան», Ծիծեռնակաբերդի մէջ ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:
Ըստ անոր՝ յատկապէս վերջին տարիներուն, հատուցման հարցը կը շեշտադրուի, իրաւունքներու ուսումնասիրութեան միջազգային հիմնարկ հիմնուած է եւ յատուկ թղթածրար կը պատրաստի:
«Իբրեւ համահայկական, քաղաքական եւ պայքար մղող կազմակերպութիւն՝ Ցեղասպանութեան ճանաչումը եւ հատուցումը Հայ Դատի չորս առաջնահերթութիւններէն է: Միւս երեքը կը վերաբերին հայրենի երկու պետութիւններուն՝ Հայաստանին եւ Արցախին օժանդակելուն, հայապատկան հողերու ու հայութեան հարցին եւ աշխարհի տարածքին երիտասարդութեան քաղաքականացման: Առաւել քան 100 տարիէ ի վեր կ՛աշխատինք ազատ, անկախ ու միացեալ Հայաստանի սկզբունքային գաղափարին շուրջ եւ հիմա այդ սկզբունքէն աւելի գործնականի անցնիլ կ՛ուզենք: Կարեւոր է նաեւ Թուրքիոյ մէջ ապրող ծպտեալ հայերուն հարցը, որովհետեւ այդ հողերուն վրայ իսլամացուած, թրքացուած կամ այլ փոքրամասնութիւն ներկայացնող հայեր կ՛ապրին: Արեւմտեան Հայաստանի ներկայացուցած խայտաբղէտ ուղղութիւնը, անշուշտ, մեզի համար իւրայատուկ ուշադրութեան առարկայ է: Բոլոր աշխատանքները, իրաւական հիմքերը, միջազգային փաստաթուղթերը, Վիլսընեան իրաւավճիռը շատ աւելի լուրջ ու մանսագիտական քննարկման կը կարօտին: Այդ գործընթացը քանի մը տարի առաջ սկսանք, եւ բնականօրէն անոնք բոլորը այսօր յստակ պատասխան չունին»:
Լրագրողներու հետ ունեցած իր զրոյցին ընթացքին Տէր Խաչատուրեան նշեց նաեւ, որ հայ ժողովուրդին համար արդարութեան հաստատման հարցը խիստ կարեւոր է, իսկ Ցեղասպանութեան ճանաչումը միջազգային արդարութեան վերականգնման գործընթացին համար հիմք պիտի ըլլայ, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ պիտի ստիպէ ընդունիլ իր պատասխանատուութիւնը եւ հատուցում կատարել:
Թուրքիոյ այսօրուան թշնամական վերաբերմունքը՝ սահմաններ փակելու ու շրջափակում իրականացնելու, ըստ Տէր խաչատուրեանի, դժբախտաբար, ոչ միայն զղջման նշոյլ անգամ չունի, այլ ամբողջովին ժխտման քաղաքականութեան մասին կը վկայէ: Հայաստան, Արցախ ու ի սփիւռս աշխարհի՝ պէտք է ազգովին պայքարինք:
Տէր խաչատուրեան դիտել տուաւ նաեւ, որ թէզը, որ մշտապէս ըսած ու պնդած են, թէ Թուրքիոյ հետ բանակցելու համար Ցեղասպանութեան ճանաչումը պէտք է նախապայման ըլլալ, կը շարունակուի օրակարգային մնալ: «Եթէ ընդունինք, որ, առանց նախապայմաններու եւ Հայաստանի շահերով առաջնորդուած, բանակցութիւններ սկսինք, Թուրքիա ուղղակի կամ անուղղակիօրէն ամէն տեսակի նախապայմաններ պիտի դնէ վերջին տարիներուն նման: Բարեբախտաբար, այդ ծուղակը մենք նկատեցինք, եւ Դաշնակցութիւնը պայքարեցաւ անոնց դէմ: Եթէ այս իշխանութիւնները կ՛ուզեն առանց նախապայմաններու քաղաքականութիւն վարել, մենք հարց չունինք», ըսաւ Տէր Խաչատուրեան՝ աւելցնելով. «Թէ՛ նոր, թէ՛ նախկին իշխանութիւնները Ցեղասպանութեան ճանաչման համար որոշ աշխատանքներ տարին, եւ գագաթնակէտը 2015ն էր, երբ համաշխարհային մասշտապով հռչակագիր ունեցանք, որուն մէջ կէտ առ կէտ հիմնական կատարելիքները եւ թէզերը նշած էինք»:
Երբ հարց տրուեցաւ, թէ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման ու անոնց միջազգային ճանաչման համար Հայաստան ի՞նչ դեր կրնայ է ստանձնել՝ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան պատասխանեց. «Առաջնորդողի դեր, որովհետեւ մեր օրերուն քիչ ժողովուրդներ ցեղասպանութեան զոհ դարձած են: Անշուշտ, անցեալին ալ տարբեր տեսակի ցեղասպանութեան օրինակներ եղած են, բայց արդի շրջանի ցեղասպանութեան զոհը, ցաւօք, մենք ենք, ու Հայաստան բարոյական պարտաւորութիւն ունի միջազգային բոլոր հարթակներէն բարձրաձայնելու, ցեղասպանութեան դատապարտում պահանջելու եւ գործնականացնելու ՄԱԿի նշանաւոր հռչակագիրը, օրէնքը, որ Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման կը վերաբերի»:
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը ամփոփելով՝ ըսաւ. «Հիմա կան մարդիկ, որոնք կ՛ըսեն, թէ վերոնշեալ հռչակագիրը յետադարձ ուժ չունի, սակայն նման բան մեզի համար անընդունելի սահմանում է: Բայց պէտք չէ մոռնալ, որ Ցեղասպանութիւն եզրը ստեղծողը՝ Ռաֆայէլ Լեմքին, 1946ին. «American Scholar» ամսագիրին մէջ հրապարակուած «Ցեղասպանութիւն» (Genocide) վերնագիրով եւ ցեղասպանութեան յանցագործութեան հարցի հետազօտութեան նուիրուած իր յօդուածին մէջ, անդրադառնալով այլ ազգերու դէմ կատարուած ցեղասպանութեան, առաջին անգամ ներկայացուցած է Հին աշխարհի պատմութեան մէջ տեղի ունեցած ցեղասպանութեան օրինակները, որոնք Հայոց Ցեղասպանութեամբ իրենց գագաթնակէտին հասած են»: