Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Հայաստան 2018-ի Գարունը Պիտի Դիմաւորէ Առանց Հայ-թրքական Արձանագրութիւններուն. Նալպանտեան

December 13, 2017
in Newsletter, Զանազանք
0

Հայաստանի Հանրապետութիւնը 2018-ի գարունը պիտի դիմաւորէ առանց Զիւրիխի մէջ ստորագրուած հայ-թրքական արձանագրութիւններուն: Ըստ Armenpress.am-ի՝ այս մասին Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան յարկին տակ յայտարարած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան:

Խօսելով Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններուն մասին` նախարարը յիշեցուցած է, որ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի նախաձեռնութեամբ մեկնարկած էր Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթաց, որ յանգեցուց 2009-ի Հոկտեմբերին Զիւրիխի արձանագրութիւններու ստորագրման: Այնուամենայնիւ, նախարարը ընդգծած է, որ մինչ օրս այս փաստաթուղթերը չեն վաւերացուած, քանի որ Թուրքիան ներկայացուցածած է անհիմն նախապայմաններ, որոնք կը հակասէին Արձանագրութիւններու տառին եւ ոգիին: «Այս փաստաթուղթերը չեն կրնար ընդմիշտ պատանդ մնալ, եւ այդ է պատճառը, որ Հայաստանի նախագահը Սեպտեմբերին ՄԱԿ Գլխաւոր Ասամպլէայի ամպիոնէն յայտարարեց, որ Հայաստանը արձանագրութիւնները առ ոչինչ պիտի յայտարարէ, քանի որ չկայ որեւէ դրական առաջընթաց անոնց իրականացման համար, եւ մենք 2018-ի գարունը պիտի դիմաւորենք առանց այդ Արձանագրութիւններուն»,- յայտարարած է Նալպանտեան:

Յիշեցնենք, որ 2008-ին ՀՀ նախագահի նախաձեռնութեամբ սկսաւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման նոր փուլ, որուն իբրեւ արդիւնք 2009 Հոկտեմբեր 10-ին Զիւրիխի մէջ ՀՀ եւ ԹՀ ԱԳ նախարարները ստորագրեցին «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու մասին» եւ «Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման մասին» արձանագրութիւններ:

Արձանագրութիւններու ստորագրումէն ետք՝ Թուրքիան, կտրուկ փոխելով իր դիրքորոշումը եւ հրաժարելով «խելամիտ ժամկէտներու մէջ» եւ առանց նախապայմաններու երկկողմ յարաբերութիւնները կարգաւորելու ձեռք բերուած համաձայնութենէն, Թուրքիոյ Ազգային Մեծ Ժողովին մէջ Արձանագրութիւններու վաւերացումը կապեց ԼՂ-ի հիմնահարցի կարգաւորման:

2010 Ապրիլ 22-ին, հաշուի առնելով թրքական կողմին պատճառով ստեղծուած իրավիճակը, ինչպէս նաեւ արձագանգելով ՀՀ իշխող միախառն կառավարութեան կուսակցութիւններու քաղաքական խորհուրդներու համատեղ դիմումին, ՀՀ նախագահը հրամանագիր ստորագրեց Արձանագրութիւններու վաւերացման գործընթացի կասեցման մասին:

ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեան, 2015 Փետրուար 16-ին, նամակով դիմած է ՀՀ ԱԺ նախագահին` տեղեկացնելով Հայաստան-թուրքիա արձանագրութիւնները ՀՀ Աժ-էն ետ կանչելու վերաբերեալ իր որոշման մասին:

Previous Post

How Cryptocurrencies Are Reshaping The Oil Trade

Next Post

The Coal Miners That Refuse To Resurface

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.