ԱԹԷՆՔ.- Եւրոպայի ֆութպոլի ազգային հաւաքականներու 2020-ի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, Ժ. խմբակին մաս կազմող Հայաստանի հաւաքականը, գլխաւոր մարզիչ Արմէն Գիւլբուդաղեանցի առաջնորդութեամբ՝ Աթէնքի Ողիմպիական մարզադաշտին մէջ 11 Յունիսի երեկոյեան ճակատեցաւ Յունաստանի հաւաքականին դէմ։
Մրցումը աւարտեցաւ Հայաստանի՝ 3-2 յաղթանակով (կիսախաղ՝ 2-0), որուն շնորհիւ Հայաստան այժմ կը գրաւէ խմբակին երրորդ դիրքը, 4 մրցումներէ ետք ապահովելով 6 կէտ։
8-րդ վայրկեանին, Ալեքսանտր Կարապետեան շատ նեղ անկիւնէ մը նշանակեց մրցումին առաջին կօլը, փոխանցում մը ստանալով Տիգրան Բարսեղեանէն, իսկ մրցումին հաշիւը կրկնապատկեց Գէորգ Ղազարեան, փոխանցումը ստանալով Կամօ Յովհաննիսեանէն։
Բ. կիսախաղի 54-րդ վայրկեանին, Յունաստանի կազմէն Զեքա կօլ մը նշանակեց, սակայն անկէ 20 վայրկեան ետք, Տիգրան Բարսեղեան կրցաւ նշանակել Հայաստանի երրորդ կօլը, խմբապետ Հենիկ Մխիթարեանէն փոխանցում մը ստանալէ ետք։