ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը Կիրակի, 8 սեպտեմբերին, 2020-ի Եւրոպայի ազգային խումբերու ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն ծիրին մէջ ճակատեցաւ Պոսնիա Հերցեկովինայի հաւաքականին դէմ։ Հայաստանի խումբը, որ շատ ինքնավստահ կերպով սկսաւ մրցումը, կրցաւ իր տիրապետութեան տակ պահել մրցումը, 4-2 արդիւնքով կարեւոր յաղթանակ մը արձանագրելով աշխարհի 42-րդը դասուած հաւաքականին դէմ։
Խումբին արձանագրած չորս կոլերուն երկուքին հեղինակն էր խմբապետ Հենրիկ Մխիթարեան, որ նաեւ երրորդ կոլին համար կատարեց կոլի հոյակապ փոխանցումը՝ որուն շնորհիւ Յովհաննէս Համբարձումեան նշանակեց իր կոլը։
Նշենք, որ Մխիթարեանի կոլերուն փոխանցումները յաջորդաբար կատարեցին Տիգրան Բարսեղեան եւ Յովհաննէս Համբարձումեան, իսկ չորրորդ կոլը նուէր մըն էր Հայաստանին, նշանակուած պոսնիացի յետսապահին կողմէ, որ կը փորձէր կասեցնել Մխիթարեանի մէկ փոխանցումը։
Պոսնիացի մարզիկները, որոնք շատ վտանգաւոր յարձակումներ կը գործէին, կրցան արձանագրել միայն երկու կոլ, մինչ բերդապահ Արամ Հայրապետեան քանի մը կենսական միջամտութիւններով կրցաւ զսպել անոնց ախորժակը։
Այս յաղթանակին շնորհիւ գլխաւոր մարզիչ Արմէն Գիւլբուդաղեանցի Հայաստանի հաւաքականը 10-րդ խմբակին մէջ դարձեալ բարձրացաւ երրորդ դիրք։ Առաջինը կը մնայ Իտալիա, որ ցարդ բոլոր (վեց) խաղերը վերջացուցած է յաղթանակով, իսկ երկրորդն է Ֆինլանտա, որ երեք կէտերու առաւելութիւն մը ունի Հայաստանի նկատմամբ։
Նշենք, որ Հայաստանի խումբին դէմ պարտութենէն ետք, Պոսնիոյ խումբին գլխաւոր մարզիչը հրաժարական տուաւ։
Հայաստանցի մարզիկները եւ 12.457 համակիրները խանդավառութեամբ տօնեցին այս յաղթանակը։
Զտումի մրցաշարքին մէջ Հայաստանի յաջորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ 12 հոկտեմբերին, Լիխթընշթայնի մէջ, իսկ 15 հոկտեմբերին՝ Ֆինլանտայի մէջ: