ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ – ՀԱԼԷՊ
1950-ական թուականներէն սկսեալ, շատ բնականոն գործընթացով մը, սուրիահայ վարժարանները տակաւ առ տակաւ սկսան մտնել պետական կրթական համակարգին մէջ ու որդեգրել պետական կրթական ծրագիրը ամբողջովին։ Գիտական ու գրական բոլոր դասանիւթերը սկսան ուսուցուիլ տեղական լեզուով՝ արաբերէնով։ Այսպիսով՝ համալսարաններու դռները բացուեցան երկրորդական վարժարաններէ շրջանաւարտ մեր զաւակներուն առջեւ։ Բարիք մըն էր, ու առ այսօր՝ բարի՛ք մը կը սեպենք ասիկա։
Ինչ կը վերաբերի հայերէն լեզուի ուսուցման, ապա անիկա, բնականաբար, դուրս կը մնար պետական կրթական ծրագրէն ու կը վերածուէր դպրոցական «ներքին» ծրագրի մը։ Այդ «ներքին» ծրագրին գործադրութիւնն ալ, անշուշտ, պետական հաւանութեան ու վաւերացումի կ՛ենթարկուէր՝ սահմանելով շաբաթական 4 պահ հայերէնին, 2 պահ ալ կրօնին։ Այս վերջնական սահմանումը Կրթ. Նախարարութեան մասնաւոր օրինագիծով կը նուիրագործուէր 1967-ին։
Պետական օրինագիծին մէջ հայերէն լեզուն բնորոշուած է իբրեւ «ԾԻՍԱԿԱՆ ԼԵԶՈՒ», այսինքն՝ եկեղեցական կամ կրօնական պարտաւորութիւններու լեզու, կամ եթէ կ՛ուզէք՝ աղօթասացութեան լեզու։ Աւելի քան յիսուն տարիէ իվեր՝ սուրիահայ վարժարանները կ՛ապրին, կը գոյատեւեն ու իրերայաջորդ սերունդներուն իրենց մայրենին կը սորվեցնեն վերոնշեալ օրէնքին տրամադրութիւններով։
Այստեղ, մենք պիտի ուզէինք կարկինը քիչ մը լայն բանալ սա «Ծիսական լեզու»-ի կարգավիճակին վրայ, որովհետեւ երբեմն ականատես կ՛ըլլանք ժխտական արտայայտութիւններու, որոնք կը քննադատեն 1967-ին որդեգրուած այդ կարգավիճակը ու անոր մէջ կը ճգնին նշմարել «ոչ-հայանպաստ» դիտում մը։
Ո՛չ։ Անձնապէս երբե՛ք համամիտ չենք նման մակերեսային մեկնաբանութեան մը։ Ընդհակառակն, մենք կը կարծենք որ «Ծիսական լեզու» տարազը Սուրիոյ բարեխնամ պետութեան (ու անոր հետ 60-ական թուականներուն բանակցող հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն) կողմէ խելացի կերպով ու հնարամտութեամբ ընտրուած բառակապակցութիւն մըն է, որ իրականութեան մէջ՝ ՎԱՀԱՆԻ ու ԵՐԿԱԹԵԱՅ ՀԱՆԴԵՐՁԱՆՔԻ դեր կը կատարէ մեր դպրոցներուն համար։ Մեր վարժարաններուն կու տայ ԻՆՔՆՈՒՐՈՅՆՈՒԹԻՒՆ մը։
Պետութեան դիտանկիւնէն՝ «Ծիսական լեզու»-ն հայերէ՛նն է (քրիստոնեայ այլ համայնքներու պարագային՝ ասորերէնը կամ լատիներէնը), որուն ԻՒՐԱՑՈՒՄՆ ու ԳՈՐԾԱԾՈՒԹԻՒՆԸ կը քաջալերուի պետութեան կողմէ, այն տրամաբանութեամբ որ՝ անիկա աղօթասացութեան լեզու է ու անհրաժարելի ազդակ մըն է քաղաքացիին կրօնական ինքնութեան պահպանման համար։
Ուրեմն, «Ծիսական լեզու» դասանիւթին անուան տակ՝ մեր վարժարանները աւելի քան կէս դարէ իվեր ՊԱՇՏՕՆԱՊԷՍ ՈՒ ԱՆԿԱՇԿԱՆԴ կը դասաւանդեն թէ՛ հայ գրականութիւն, թէ՛ լեզու, թէ՛ կրօնագիտութիւն։
Մանաւանդ շեշտենք, որ ԿՐՕՆԻ դասանիւթը (պետ. կրթական ծրագրին մէջ ըլլալով հանդերձ)՝ բացառաբար կը դասաւանդուի «ծիսական լեզու»ով, այսինքն՝ հայերէնով, ու մեր դպրոցներուն կու տայ ՄԱՍՆԱՅԱՏՈՒԿ վիճակ մը.- արաբերէնէ տարբեր լեզուով մը կրօն դասաւանդող դպրոցը ,- հայկական դպրոցը,- օտարախօս աշակերտներու համար բնականօրէն ԱՆՄԱՏՉԵԼԻ կ՛ըլլայ…։
Ճիշդ հո՛ս է որ անընդունելի ընկրկումներ ունեցան մեր կարգ մը վարժարանները։ Անոնք իրենց դռները լա՜յն բացին օտարախօս աշակերտներու առջեւ ու ստիպողաբար՝ կրօնի դասանիւթը սկսան աւանդել արաբերէնով, այսինքն՝ պետութեան կողմէ ընդունուած «Ծիսական լեզու»-էն տարբե՛ր լեզուով մը։ Ասիկա կը նշանակէր ձե՛ռք քաշել պետութեան կողմէ այնքան բարեացակամութեամբ մեզի շնորհուած իրաւունքէն…։
Ի՞նչ որակում գործածենք այս երեւոյթին համար։