Տոքթ. Արմենակ Եղիայեան
***Մաքրոնի շուտալուտ այցելութիւնը Լիբանան…
—Ի զուր պիտի փնտռէք ձեր բառարաններուն մէջ այս շուտալուտ կոչուած մարգարիտը, որուն հեղինակն է արեւմտահայ շնորհալի խմբագիր մը: Շատ որոշ է անոր տրամաբանութիւնը. ինչո՞ւ մօտ կրնայ տալ մօտալուտ, իսկ շուտ պիտի չտայ...շուտալուտ: Այո՜, արեւմտահայ լեզուաբանին համար, ներողութիւն՝ խմբագիրին պիտի ըսէի,– թող որ արեւմտահայ ամէն խմբագիր տեսակ մը լեզուաբան ալ է,– անկարելի բան չկա՜յ. վաղը ուրիշ մը կրնայ ըսել՝ հեռու-հեռալուտ, երրորդ մը՝ վեր-վերալուտ, չորրորդ մը՝ վար-վարալուտ…եւ այսպէս շարունակ՝ առանց մտածելու,– ի՞նչ պէտք կայ…մտածելու, երբ կարելի է թերթ խմբագրել առանց մտածելու ալ,– որ հայերէնը լուտ կոչուած ածանց մը չունի, որպէսզի աջ ու ձախ փակցնենք զայն:
Ջահուկեան հետեւեալ ձեւով կը բացատրէ մօտալուտ-ին յառաջացումը. մօտ ածականը կրկնութեամբ տուած է մօտամօտ,– ինչպէս՝ զան-զանազան, մեծ-մեծամեծ, չար-չարաչար,– սա դարձած է մօտամուտ,– ինչպէս մենք ալ կ’ըսենք՝ մարդ-մուրդ, մանր-մունր, վայ-վույ,– որ իր կարգին հնչիւնափոխուելով տուած է մօտալուտ: Ուրեմն՝
մօտ… > մօտամօտ…> մօտամուտ…> մօտալուտ
Այլ խօսքով՝ այստեղ ածանց թուող լուտ-ը հեռաւոր մօտ մըն է:
Այս հաշուով՝ շուտալուտ պիտի նշանակէ շուտամօտ, հեռալուտ-ը՝ հեռամօտ, վերալուտը՝ վերամօտ, վարալուտը՝ վարամօտ…կրնայ լեզուն այսպէս ճոխացնել ու խճողակի վերածել մի՛այն…արեւմտահայ խմբագիրը:
***1895-ի ջարդէն ետք գիւղացիները ոչ հագուելիք, ոչ անկողին եւ ոչ ալ հաց ունէին ուտելու («Հասկ», 4-5, 2020, էջ 204):
Անշուշտ ըմբռնելի է, թէ ի՛նչ կ’ուզէ ըսել այս նախադասութիւնը գրող տառապակոծ հայորդին, սակայն չի բաւեր, որ նախադասութիւն մը ըմբռնելի ըլլայ. շատ բաներ մենք կրնանք ըմբռնելի դարձնել զանազան նշաններով, շարժումներով , ճիչերով ու ծամածռութիւններով, ինչպէս կ’ընեն ու զիրար կը հասկնան …համրերը, որոնք նախադասութիւն իսկ չեն կազմեր, ա՛լ ուր մնաց, թէ ճիշդ կազմեն:
Գրաւոր խօսքը, մանաւանդ երբ ան պատկառելի հաստատութեան մը պաշտօնաթերթն է, պէտք է նաեւ խնամուած ու ճիշդ ըլլայ ըստ ձեւի եւս: Ինչ որ պարագան չէ, դժբախտաբար:
Տեսնենք, թէ ինչո՛ւ:
1.Նախ կը գտնենք բառային սխալ կիրարկութիւն մը. հագուստը կը հագնինք, չենք հագուիր. ուրեմն՝ պարտէինք գրել՝ հագնելիք:
2.Բերուած նախադասութիւնը, այնպէս ինչպէս շարադասուած են անոր բառերը, քերականօրէն կը նշանակէ, որ հագուելիքը, անկողինը եւ հացը հաւասարապէս ուտելու կը ծառայեն, ուտելու առարկաներ են երեքն ալ:
Այո՜, երբ ձեր ծիծաղը վերջ գտնէ, նորէ՛ն կարդացէք օրինակը ու պիտի անդրադառնաք իրողութեան, որուն հապճեպ ընթերցումի առթիւ չենք անդրադառնար, եւ յանցաւոր չենք, քանի գրողը ի՛նք ալ չէ անդրադարձած:
Այս ամբողջ թիւրիմացութեան պատճառը ուտելու բառին սխալ տեղադրումն է. ան դրուած է նախադասութեան աւարտին եւ այդ պատճառով ալ ալ կը վերաբերի թէ՛ հագուելիքին, թէ՛ անկողինին, թէ՛ հացին. մինչդեռ ան պէտք է դրուէր հաց բառին ճի՛շդ առջեւը:
Սա՛պէս՝ «1895-ի ջարդէն ետք գիւղացիները ոչ հագուելիք, ոչ անկողին եւ ոչ ալ ուտելու հաց ունէին»:
Այս շարադասութեամբ՝ ուտելու առարկայ կը դառնայ մի՛այն հացը:
Այսքանը՝ ըստ ձեւի, այսինքն՝ ըստ քերականութեան:
3.Հիմա քիչ մը աւելի պիտի խորանամ՝ անոնց համար, որոնք կ’ուզեն աւելի առաջ երթալ եւ աւելի խստապահանջ ու նախանձախնդիր են իրենց ոճին:
Բերուած օրինակին մէջ համադասուած են՝ հագուելիք, անկողին, (ուտելու) հաց:
Ասոնց կը պակսի համադասութեան հիմնական մէկ յատկանիշը, որ համասեռութիւն ըսուածն է: Այս համադասութիւնը համասեռ չէ: Այսինքն՝ զայն կազմող բառերը նոյն տեսանկիւնէն ու տարողութեամբ չեն բնորոշեր հասկացութիւնները. հեղինակը հագուստ ըսելու փոխարէն՝ ըսած է հագուելիք, իսկ յաջորդը կոչած է անկողին՝ փոխանակ կոչելու պառկելիք, երրորդն ալ կոչած է հաց՝ փոխանակ կոչելու ուտելիք:
Ինչպէ՞ս համասեռ դարձնել այս համադասութիւնը:
Ունինք երկու միջոց.
ա) հագնելիք – պառկելիք – ուտելիք
բ) հագուստ – անկողին – հաց
Իր ոճը խնամողը պիտի ընտրէ ասոնցմէ մէկը կամ միւսը:
Իսկ աւելի ճաշակաւորը պիտի ընտրէ երկրորդը. ինչո՞ւ,– որովհետեւ որքան կարելի է պէտք է խուսափինք դերբայները իբրեւ գոյական գործածելէ, այսպիսիները՝ հագնիլ, հագած, հագնելիք, շատ կը ծանրացնեն, կը ծանծաղեցնեն մեր խօսքը, եւ դժբախտաբար արեւմտահայ խմբագիրը պինդ կառչած է ասոնց, — հետեւեցէ՛ք «Ազդակ»-ի քաղաքական էջերուն ու կը տեսնէք,— որովհետեւ մեր արդի գրողները շատ հեռու են ոճաբանական նրբութիւններու իմացութենէն եւ առ հասարակ մտքերնուն ալ չեն անցըներ սրբագրել այդ թերին:
4.Անդին կը գտնենք տակաւին ոճաբանական ե՛րկրորդ թերութիւն մըն ալ, այսինքն՝ երկրորդ անհամասեռութիւն մը. արդարեւ, բաղդատենք՝
հագուելիք – անկողին – ուտելու հաց
Համադասութեան առաջին երկու անդամները պարզ՝ միակի բառեր են, երրորդը՝ երկբաղադրիչ բառակապաապցութիւն մըն է: Այս առումով պէտք է նմանապէս միատեսակ ըլլան անոնք:
Այսինք՝ եթէ պիտի ըսենք ուտելու հաց,– ինչպէս ըսուած է,– ապա պարտէինք նաեւ ըսել՝ հագնելու հագուստ, պառկելու անկողին:
Ընդունելի, սակայն ուսանելի լուծում մը չէ այս. ծանծաղ բառակապակցութիւններ են երեքն ալ: Հագուստը կրնայ մի՛այն հագնելու ըլլալ, ինչպէս անկողինը՝ պառկելու, հացն ալ՝ ուտելու: Այլ խօսքով՝ աւելորդ են՝ հագնելու-ն, պառկելու-ն, ուտելու-ն:
Այս բոլորը նկատի առած՝ կ’ակնկալէինք «Հասկ»-ի մէջ կարդալ.
«1895-ի ջարդէն ետք գիւղացիները ոչ հագուստ, ոչ անկողին եւ ոչ ալ հաց ունէին»:
Ինչ որ լռելեայն կը նշանակէ՝ հագնելիք, պառկելիք եւ ուտելիք չունէին:
* * *
Անշուշտ բոլորս ալ հակում ունինք ըսելու՝ «Եղբա՛յր, հիմա բան-գործ ձգած ասանկ պարապ բաներո՞վ ժամավաճառ պիտի ըլլանք, ժամանա՞կը գտար. տառապած ազգ ենք, Եղեռն ու Սիպիր տեսեր ենք, իսկ հիմա ալ Արցախ…Փաշինեան…Մանուկեան…Ալիեւ…»:
Եւ բոլորս ալ իրաւունք ունինք: Ի մասնաւորի՝ խմբագիրները, որոնք հիմա ազգին յառաջամարտիկները դարձած են ի հայրենիս եւ ի սփիւռս. այնքան ըսելիք ու գրելիք ունին:
Մինչ լեզուն միշտ կրնայ սպասել, ան վարժ է սպասելու:
Այո, բայց որքա՞ն, մինչեւ ե՞րբ եւ մինչեւ ո՞ւր:
[email protected] Արմենակ Եղիայեան