ՏՈՔԹ. ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
Մեր նախորդ յօդուածով տեսանք, թէ ինչպէս կարգ մը բառերու սկզբնաձեւը կը նոյնանայ անոնց սեռական հոլովով եւ ոչ թէ ուղղական. Այսպէս՝ մասն-մասան, ակն-ական, ամառն-ամարան զոյգերուն սկզբնաձեւերն են մասան, ական, ամարան:
Բայերը իրենց կարգին ունին ժամանակ մը՝ անցեալ կատարեալը, ուր երեւան կ’ելլէ անոնց բնիկ, հարազատ ձեւը, որ այլուր՝ միւս եղանակներու ու ժամանակներու մէջ կրնայ քողարկուած ըլլալ տարբեր ձեւերու տակ:
Օրինակ՝ մենք կը խոնարհենք կը զարնեմ-կը զարնես-կը զարնէ, որոնց մէջ արմատ կը ձեւացնէ զարն, որ հասուն աաշկերտնրու պարագային իր կարգին կրնայ ներկայացուիլ զար ձեւով՝ ընդունելով, որ ն բաղաձայնը ածանց է. ուրեմն՝ զար–ն–եմ:
Բային անորոշ ձեւն ալ՝ զարնել, ձեւով մը կը հաստատէ այս ենթադրութիւնը:
Բայց ահա սխալ է այս մեկնութիւնը:
Բայիս անցեալ կատարեալին մէջ յանկարծ երեւան կ’ելլէ այլ արմատ մը, որ է զարկ. արդարեւ՝ զարկ-ի, զարկ-իր, զարկ-աւ, ուր տակաւին անյայտացած է ն ածանցը[1]:
Եւ իրօք ալ ան զարկ է. բայիս գրաբար սկզբնաձեւը արդէն զարկ-ան–ել էր, աշխարհաբարի մէջ ան մաշած է. մէկ կողմէ արմատը կորսնցուցած է ծայրային բաղաձայնը՝ կ, միւս կողմէ՝ ան ածացը դարձած է ն, եւ աշխարհաբարը ժառանգած է զար-ն-ել:
Սակայն երեւոյթը միայն աշխարհաբարին յատուկ չէր. գրաբարը ինք եւս ունէր նմանները. օրինակ՝ բառնալ եւ դառնալ:
Արդարեւ, գրաբարը կ’ըսէր բառնամ-բառնայի եւ բարձի. դարնամ-դառնայի եւ դարձայ[2]:
Ուրեմն կատարեալը կը ցուցաբերէ ձ բաղաձայնը, որ անհետացած է ոչ միայն սահմանականի ներկայ եւ անկատար ժամանակներէն, այլեւ նոյն ինքն բային սկզբնաձեւէն, որ նմանապէս զուրկ է անկէ: Այս ալ կը նշանակէ, թէ մեր լեզուն իր պատմական մէկ փուլին ունեցած է բարձնալ եւ դարձնալ ձեւեր, որոնք Մեսրոպին հասած են բառնալ եւ դառնալ տարազներով:
Նոյնպիսի կացութիւն կը պարզեն բանալ եւ թանալ բայերը, որոնք մէկ կողմէ կու տան բանամ-թանամ, միւս կողմէ՝ բացի եւ բացայ, թացի եւ թացայ: Ուրեմն ենթադրելի է, որ ասոնց հեռաւոր արմատները եղած են բաց եւ թաց, իսկ բայերը՝ բացանալ եւ թացանալ:
Անշուշտ աշխարհաբարը նոյնութեամբ ժառանգած է զանոնք:
Այս բնիկ ձեւերը մի՛այն կատարեալին յատուկ չեն, անոնք կը գտնուին նաեւ հրամայականի մէջ, որ կու տայ՝ զա՛րկ, բա՛րձ, դա՛րձ: Աշխարհաբարի մէջ՝ զա՛րկ, բարձի՛ր, դարձի՛ր: Նմանապէս միւսները՝ բա՛ց, թա՛ց եւ այլն:
Բնիկ ձեւերը կը գտնենք դերբայներու մէջ եւս՝ զարկեալ, զարկող, զարկած…բացեալ, թացեալ եւ այլն:
* * *
Վերոբերեալներու կողքին ունինք բայեր, յատկապէս միավանկ, որոնց ստուգաբանութիւնը կը շլմորէ մեզ. օրինակ՝ գալ, լալ, տալ:
Ասոնց ներկան կու տայ գամ, լամ, տամ:
Աղէկ, ի՞նչ է ասոնց արմատը, եթէ նկատի ունենանք, որ ալ-ը բայական լծորդն է եւ մաս չի կազմեր բայի արմատին կամ հիմքին: Անդին իբրեւ բայական արմատ կը մնան գ, լ, տ հնչիւնները, որոնք ոչ մէկ նշանակութիւն ունին ըստ ինքեան, եւ ուրիշ առեղծուած մըն ալ այս է, թէ անիմաստ հնչիւնները ինչպէ՞ս կրնային դիմային վերջաւորոթիւն ստանալ եւ… շօշափելի գործողութիւններ ցոյց տալ:
—Գալ: Պակասաւոր բայ է, ունի միայն գամ-գաս-գայ եւ գայի-գայիր-գար. մնացեալը կ’ամբողջացուի եկ իմաստակիր արմատով, որ իր կարգին պակասաւոր բայ մըն է՝ եկայ–եկո՛ւր-եկող-եկած-եկեր:
—Լալ: Լիարժէք բայ է՝ լամ-լայի-լացի-լա՛ց-լացող-լացած-լացեր:
—Տալ: Նմանապէս ամբողջական է՝ տամ-տայի-տուի-տո՛ւր-տուող-տուած-տուեր:
Ասոնք, զրկուած ըլլալով հանդերձ իմաստակիր արմատներէ (բացի եկ-էն) կը յաջողին կազմել ածանցաւոր եւ բարդ բառեր՝ ի գործ դնելով իրենց դիմաւոր ձեւերը, ինչ որ մեր արմատակիր բայերուն համար աներեւակայելի բան է. օրինակ՝
–Գալ՝ հետագայ, ապագայ եւ այլն, ուր օտագործուած է գայ դիմաւոր ձեւը:
–Լալ՝ լացադէմ, լացակցիլ, լացկան, նաեւ՝ լալկան, ուր օգտագործուած է կատարեալի լաց հիմքը կամ հրամայականը եւ անորոշ դերբայը:
–Տալ՝ պատասխանատու, հարկատու, տրական, խաչատուր եւ այլն, ուր օգտագործուած են տու եւ տուր, որոնք գրաբարի անցեալ կատարեալի եզակի ա. եւ բ. դէմքերն են պարզապէս՝ (ե)տու-(ե)տուր-(ե)տ[3]:
—Դնել: Ամբողջական ածանցաւոր բայ է՝ դ-ն-ել. կու տայ՝ դնեմ-դնէի-(ե)դի-(ե)դեր-(ե)դ–դի՛ր– (ե)դեալ: Աշխարհաբարին յատուկ են՝ դրի–դնող-դրած-դրեր:
Իր ածանցաւոր եւ բարդ ձեւերը կը հիմնէ դիր-ի վրայ, որ գրաբարեան հրամայականն է, որով կազմուած է աշխարհաբարի կատարեալն ու հրամայականը եւս. օրինակ՝ հարկադիր, պսակադիր, թագադիր, անուանադիր, ուսադիր, էջադիր եւ այլն:
—Կալ: Գրաբարեան լիարժէք բայ էր՝ կամ-կայի-կացի-կա՛ց-կացեալ: Աշխարհաբարը ժառանգած է մի՛այն ներկան եւ անկատարը՝ կամ-կայի, եւ ուրիշ ոչինչ:
Բաղադիր ձեւերը կազմուած են գրաբարեան կալ անորոշ դերբայով, կայ դիմաւորով եւ կաց հիմքով. օրինակ՝ կողմնակալ, կուսակալ, տեղակալ, հեռակայ, մօտակայ, կայուն, կայարան, կայք, վերակացու, կացարան եւ այլն:
—Գոլ: Գրաբարեան պակասաւոր բայ մըն էր իր ուրոյն լծորդութեամբ՝ գ-ոլ: Կը նշանակէ գոյութիւն ունենալ. գոյ=գոյութիւն ունի, կայ: Գրաբարի մէջ կու տար՝ գոմ-գոս-գոյ եւ գոյի-գոյիր-գոյր, նաեւ ապառնի մը՝ գուցէ:
Բաղադիր ձեւերը կը կազմէ ներկայի եզակի երրորդ դէմքով՝ գոյանալ, գոյական, գոյութիւն, գոյակից, գոյառութիւն եւ այլն: Բաց աստի՝ գոյ կ’ընկալուի իբրեւ գոյական եւ ածական, որմէ ունինք անգոյ հականիշ ածականը:
Ասոնք այնպիսի բաղադրութիւններ են, որոնք բացառուած են լիարժէք բայերու պարագային: Կարելի՞ է երեւակայել ածանցաւոր կամ բարդ բառեր, որոնք կազմուած ըլլան երգէ, պարէ, վազէ, քալէ եւ նման դիմաւոր ձեւերով:
Մրցոյթ 93.
***Ստորեւ բերուած կառոյցները թերի են. սրբագրել զանոնք:
— Սիրուած երգիչը կը պատրաստուի կրկին հանդիպելու հանրութեան (հետ):
— Անոնք դատ բացին Անգարայի դէմ՝ պահանջելով միլիոնաւոր դոլարի հատուցում:
— Տարբերութիւնը զգալու համար՝ կը բաւէր քանի մը անգամ փորձել եւ չափել արդիւնքները:
— Ըստ թերթին՝ նախարարնե՛րն են, որ մղած են նախագահը պատերազմ յայտարարելու:
— Ազգային արժէքները օրն ի բուն կը փորձեն վարկաբեկել:
Ճիշդ պատասխանած են՝ Գէորգ Եազըճեան (3), Արա Մխսեան (8), Համբարձում Յարթունեան (8), Ցոլակ Ապտալեան (7), Գեղամ Խաչատրեան (3), Եփրեմ Թոքճեան (6), Գրիգոր Սիմոնեան (5), Պերճ Տէր Սահակեան(6)1
Մրցոյթ 94.
*** Վերաշարադրէ՛ հետեւեալները ըստ ճաշակիդ.
—Այս հաւաքածոն 15 տարուան յամառ ու տքնաջան աշխատանքի հետեւանքով գոյացած է:
—Ձեր անակնկալ ելոյթները այն օրերուն որոշ հակազդեցութեան ալ տեղի տուած էին։
—Սթրազպուրկ Հայաստանին աջակցութիւն ցուցաբերելու վերաբերեալ բանաձեւ որդեգրած է:
***Լրացո՛ւր յարմար շաղկապով.
—Անոնք ոչ այնքան հաշտութիւն,………. իրենց ինչքերու վերատիրացումը կը ցանկան:
—Անոնք ոչ թէ հաշտութիւն,…………իրենց ինչքերու վերատիրացումը կը ցանկան:
[1] Ն եւ չ բայածանցները անկայուն տարրեր են, որոնք մերթ կ’երեւին բայի կազմին մէջ ու մերթ կ’անհետանան. օրինակ՝ դառնամ-դառնաս եւ դարձայ-դարձի՛ր եւ այլն:
[2] Տեսականօրէն պէտք է ունենայինք՝ բարձցի եւ դարձցայ, ուր ձց զուգադրութիւնը մերժելի նկատուած է, ուստի զոհած են ց բաղաձայնը: Սակայն աւելի պատշաճ էր, որ բայարմատը կորսնցնէր իր բաղաձայնը, քան թէ բայական ցի եւ ցայ վերջաւորութիւնները:
[3] Այս երեքին սկիզբը դրուած (ե) ձայնաւորը մաս չի կազմեր բայի կառոյցին. ան յաւելադիր մըն է, որ գրաբարը միավանկ բայերուն առջեւը կ’աւելցնէր՝ աւելի բարեհունչ դարձնելու համար զանոնք: