Տոքթ.Արմենակ Եղիայեան
***«Հայ գերիները Ազրպեյճանի մէջ դաժան վերաբերմունքի կ’արժանանան» («Ազդակ», 23-3-2021, էջ 8):
—Ընդունելի բա՞ն է, որ «արժանիք» թարգմանուի ազերի ճիւաղներու «դաժան վերաբերմունքը»: Պէտք է որ մէկն ալ գերիներուն հարցնէ, թէ ճիշդ ի՛նչ կը մտածեն իրենք այդ վերաբերմունքին մասին:
Կ’արժանանանք, — եթէ արժանանանք,– գովեստի, գնահատանքի, վարձատրութեան, մրցանակի, դափնիի, փառքի ու պսակի, իմա՝ փառապսակի, փրկութեան եւ երկնային խաղաղութեան եւ այլնի:
Իսկ դաժան «վերաբերմունքին»՝ կ’ենթարկուինք, կը հպատակինք, կը համակերպինք, կը յանձնուինք, գլուխ կը խոնարհենք, կը հանդուրժենք, կը կրենք զայն…
Վերաբերմունք կոչուած արեւելաբանութիւնն ալ աղ ու պղպեղ այս բոլորին վրայ ՝ վերաբերում-ի փոխարէն:
***Հէչ պարտադիր չէին այս ընտրութիւնները (Գերագոյն խորհուրդի պատգամաւոր եւ քաղաքական մեկնաբան):
—Վերջերս բազմիցս առիթ ունեցայ հանդիպելու հէչ բառին, որ թրքերէն կը նշանակէ բնաւ: Առաջին մէկ-երկուքին զայն վերագրեցի ռամկութեանը խօսողներուն[1], որոնք, փառք Աստուծոյ, չեն պակսիր արդի Հայաստանի մէջ, սակայն յետոյ զայն լսեցի աւելի վերեւները կանգնածներու բերնէն եւս, հուսկ՝ Գերագոյն խորհուդրի պատգամաւորէ՝ արտասանուած Գերագոյն խորհուդի նիստի ընթացքին: Ահա այքան ճամբայ կտրած է օտարաբանութիւնը՝ թրքաբան պիտակով:
***Եթէ գիտնայի, ղեկավար կ՛ըլլայի, նախագահ, վարչապետ, եւ այդպէս բաներ (Մակար Գաղիացի):
—Լաւ որ չես գիտցած ու չես եղած: Ազգային մեծ կորուստ պիտի ըլլար այդ:
Իմ վաղեմի բարեկամս կը թուի անմահութիւնը վաղուց նուաճած ըլլալու արդար գոհունակութիւնը ունենալ եւ առ այդ բաւ կը համարէ իր կուտակած դափնիները, ուստի կը մերժէ որեւէ նոր գիտելիք աւելցնել իր մտային փարթամ օժիտին վրայ: Ահա այս համոզումն ալ կը մղէ զինք, որ մերժէ ըմբռնել, թէ եւ-էն առաջ,– երբ բառեր կը շաղկապէ ան,– հայերէնը ստորակէտ չի դներ, ինչպէս կը դնեն ֆրանսերէնն ու անգլերէնը եւ հայերէնի տարրական կէտադրութիւնը չգիտցողները:
Բազմիցս փորձած եմ նկատել տալ այս բանը եւ…չեմ յաջողած, ինչպէս կ’աղաղակեն փաստերը: Նայինք մինչեւ ե՛րբ այսպէս պիտի աղաղակեն անոնք:
Պէտք չէ նաեւ ըսել՝ այդպէս բաներ, այլ ըսել՝ այդպիսի բաներ:
***«Սակայն նախազգուշացնող ոչ մի նշաններ տեղադրուած չեն» (Արմէնպրես):
«Մի ողջ բաժիններ փակելու պահանջներ ներկայացրել…» (Երկիր.ամ):
—Կար ժամանակ մը, ուր միամտաբար կը կարծէի(նք), թէ լեզուական սխալները,– գէթ անոնց այսինչ շերտը,– յատուկ են միայն արեւմտահայ հոսհոսներուս, իսկ մեր արեւելահայ եղբայրները զերծ են անոնց չարաշուք յաճախանքէն. սուրբեր[2] են անոնք…Սակայն այս հեքիաթը, կը թուի թէ, հիւսուսծ էր միայն մեր այն տարիներուն համար, երբ նախակրթարանի մէջ Ռաֆֆի, Թումանեան, Աղայեան ու Շիրազ կը կարդայինք ու կ’արտասանէինք՝ մտքով ու հոգիով փոխադրուելով այն երազային անմատչելի աշխարհը, որ ծուարած էր Արարատէն այն կողմ եւ ուր ամէն բան կատարեալ էր…Կապուտիկեանի առինքնող հայերէնին պէս:
Անցա՜ն, անցա՜ն այդ օրերը…
Ժամանակը շատ բան փոխեց, իսկ անկախութիւնն ու համացանցը իրենց կարգին քարուքանդ ըրին ուրիշ շատ բաներ: Չհաշուած հերթական հեռատեսիլը, այցելութիւնները եւ կենդանի շփումները այնտեղ տիրող լեզուական բարքերուն հետ:
Ինչո՞ւ այս յոռետեսութիւնը, մտածէք թերեւս,– որովհետեւ լաւատեսութեան ոչ մէկ նշան կը տեսնուի հորիզոնին վրայ:
Առնենք թէկուզ «ոչ մի նշաններ»-ը կամ «մի ողջ բաժիններ»-ը:
Բայց չէ՞ որ մի, որ է մէկ, արդէն ինքնաբերաբար պէտք է եզակիութիւն թելադրէ եւ ընդմիշտ վանէ իրեն կից յոգնակի գոյական մը աւելցնելու ամօթալի փորձութիւնը:
Այո, ինչպէ՞ս կարելի է «մի նշաններ», «մի բաժիններ» ըսել:
Այլ տեղ կը հանդիպինք որեւէ բառին կից դրուած յոգնակիի՝ որեւէ փորձեր, որեւէ սահմաններ, որեւէ առարկութիւններ…Եւ սա իր կարգին ուրիշ գայթակղութիւն մըն է՝ նախորդէն ոչ նսեմ, քանի որեւէ բառը իր կազմին մէջ նմանապէս ունի «է» էական բայը, որ նմանապէս եզակի է. որեւէ՝ կը նշանակէ որ մէկը որ է, արդ, կարելի՞ է այզ եզակի կառոյցին կից յոգնակի գոյական մը աւելցնել:
Սփիւռքահայը կը գործէ նման սխալներ, որովհետեւ սփիւռքահայ ո՛չ խմբագիրը, ո՛չ յօդուածագիրը, ո՛չ ուսուցիչը՝ վեղարաւոր ըլլան անոնք թէ անվեղար, առիթը ունին հայերէն սորվելու, վասնզի սորվեցնող չունին, իսկ սորված քիչերն ալ յղկելու միջոցը չունին, ինչպէս ունին անոնց արեւելահայ արիւնակիցները: Այսպիսի տարրական բաներ Հայաստանի մէջ պիտի չիւրացուին, հապա ո՞ւր պիտի իւրացուին:
***Այսուհանդերձ ժողովուրդը պիտի նախընտրէ վարչապետը նախորդներուն:
—Մենք յաճախ օտար լեզուով կը մտածենք հայերէն գրելու առթիւ. արդարեւ, ֆրասներէնն ու անգլերէնը տրական հոլով կը ձեւաւորեն նախընտրել բայի խնդիրը, եւ նոյնը կը գտնենք բերուած օրինակին մէջ: Մինչ հայերէնը բացառական հոլով խնդիր՝ նախորդներէն, կը պահանջէ:
* * *
Մրցոյթ 10. Ինչպէ՞ս պիտի նախընտրէիր գրել հետեւեալները.
***Այս կայսրը գրեթէ մնայուն կերպով ճնշած է հայ ժողովուրդը:
—Այս կայսրը գրեթէ յարատեւ (միշտ, շարունակ) ճնշած է հայ ժողովուրդը:
***Պէտք չէ թոյլ տալ, որպէսզի տեղի ունենան ծայրայեղական բնոյթ ունեցող զարգացումներ:
—Պէտք չէ թոյլ տալ, որ տեղի ունենան ծայրայեղ(ական) զարգացումներ:
***Կոչ կ’ընենք յանուն հայրենիքի մէկդի դնել տարբերութիւնները:
—Կոչ կ’ընենք յանուն հայրենիքի մէկդի դնել տարակարծութիւնները:
***Դեսպանը կը վստահեցնէ, որ հայ ռազմագերիները պէտք է ՀՀ վերադարձուին:
—Դեսպանը կը վստահեցնէ, որ հայ ռազմագերիները ՀՀ պիտի վերադարձուին:
***Այդ կանչը մեզի փոխանցուած էր մեր տարաբախտ մեծ ծնողքներէն:
—Այդ կանչը մեզի փոխանցուած էր մեր տարաբախտ նախնիներէն:
Ճիշդ պատասխանած են՝ Գէորգ Եազըճեան(4), Յովիկ Աթոքեան (6), Դանիէլ Թիւֆենքճեան(6), Ալին Գարակէօզեան(6), Յարութ Կիւլիւզեան(8), Արմէն Պաղտոյեան ( 10), Լեւոն Շառոյեան (2), Մանուէլ Ֆարաճեան (6), Համո Ապտալեան (4), Պերճ տէր Սահակեան (6) , Հայկ Իւթիւճեան (6):
* * *
Մրցոյթ 11. Վերաշարադրել հետեւեալները՝ ջնջելով աւելորդը.
***Հաւանեցայ այն առաջարկին, որ մարզպետի հեռացման իրողութիւնն էր:
***Անոնց կրտսերը դպրաց դասի լաւագոյն ձայնը ունեցող մանչը կը նկատուի:
***Երկու տարի ետք լոյսի բարիքին կ’ընծայէ իր երկրորդ ժողովածուն:
***Երեք տղաքը հաւասարաչափ պիտի ժառանգէին իրենց հօրը ձգած թողօնը:
***Արահետին մէջ յանկարծ երեւցաւ Սոնայի դեղնագոյն լաչակը:
[email protected] Արմենակ Եղիայեան
[1]Ռամկութիւնը հիմա շատ շոյիչ կը հնչէ՝ բաղդատած այն գռեհկաբանութեան, որ ողողած հայրենի քաղաքական բեմը եւ մամուլը, չհաշուած դիմատետրերու աղբանոցը եւ անկէ սնանող աղբաճճիները` փոխակայումի (métastase) շատ զօրաւոր նախանշաններով դէպի սփիւռք՝ մամուլ ու բանաւոր լեզու:
[2] Սուրբ կը նշանակէ մաքուր: Սրբել = մաքրել: