Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

  Հայերէնը կը զուարճանայ (24)

May 26, 2021
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
Տառադարձութիւն

     Տոքթ. Արմենակ Եղիայեան 

1.Երեւանի թերթերէն մէկը, ակնարկելով  փորձանքի հանդիպած  կնոջ մը ու անոր մանուկին,  գրած էր.  «Երեխայի վիճակը  ներկայիս բաւարար է»,– իսկ արեւմտահայ թերթեր   լուրը նոյնութեամբ տուին իրենց ընթերցողներուն:

Արագ, չըսելու համար հարեւանցի, ընթերցումի առթիւ սովորական է նման կառոյցի վրայէն անցնիլ՝ զայն «հասկցած ըլլալու» գոհունակութեամբ: Սակայն կարելի է նաեւ հանդարտ կարդալ, «հաւկիթին մէջ մազ փնտռել»՝ անդրադառնալու համար, որ    թերի բան մը կայ այստեղ: Արդարեւ, ի՞նչ կը նշանակէ, վերջին հաշուով,  «բաւարար  վիճակ»:

Բաւարար ածականը վիճակ բնորոշող յատկութիւն մը չէ. բաւարար-ը կը բնորոշէ քանակութիւն մը միայն, ուրիշ բան չի բնորոշեր: Աւելի գործնական ըլլալու համար՝ ըսենք, բաւարար ածականը կրնայ ստանալ ա՛յն գոյականը, որուն վրայ կարելի է դնել շատ կամ քիչ  ածականաները.

Այսպէս՝

− բաւարար (շատ  կամ քիչ) հաց՝ կշտանալու համար,

− բաւարար (շատ կամ քիչ)  ջուր՝ յագենալու համար,

− բաւարար (շատ կամ  քիչ) աղ՝ համեմելու համար:

Իսկ       բաւարար (շատ կամ քիչ) վիճակ… ոչինչ կը նշանակէ այս:

*   *   *

Եւ կը բանամ արեւելահայ բառարաններու ամենավաւերականը՝ Ակադեմիայի քառահատորը, ուր բաւարար-ին տրուած նշանակութիւններուն առաջինն է  «գոհացուցիչ»,–  նոյնը վերիվերոյ կը գտնենք արեւելահայ միւս բառարաններուն մէջ:         Արեւմտահայերէն Գայայեան,  Տէր Խաչատուրեան եւ Կռանեան իրենց կարգին  դրած  են գոհացուցիչ, իսկ Ճիզմեճեան՝ բաւական, ձեռնհաս: Եւ այսչափ:

Ոչ մէկ յաւելեալ ճշգրտում:

Քիչ մը զարմանալի է, բայց  ասոնցմէ ոչ մէկը բառս ամբողջութեամբ կը բացատրէ. բաւարար-ը, ճիշդ է, այդ բոլոր բերուածներն են,  սակայն անոնցմէ կը տարբերի հիմնական  առանձնայատկութեամբ մը՝ ան  մի՛այն «գոհացուցիչ քանակութիւն» կը բնորոշէ: Հոն ուր բացակայ է քանակութեան թելադրանքը, ապա բաւարար-ը իմանալի յատկութիւն մը չէ,   այդ պատճառով ալ կիրարկելի չէ:

Աւելցնեմ, որ գրաբարը չունէր բաւարար:  Ան յառաջացած է աշխարհաբարի մէջ եւ մտածուած է իբրեւ «բաւ արարող» կամ  «բաւ անող»: Հոմանիշ է  գրաբարեան բաւական-ին՝  առանց բոլորովին նոյնանալու ասոր հետ:

2.Բաղնիքդ անո՜ւշ…

Արեւմտահայը սովոր է այս  բառերով դիմելու  նոր լոգանք   առած ծանօթը՝

արժանանալով այս վերջինին երախտաշատ նայուածքին ու ժպիտին. քիչ կը մնայ, որ

ան մեծահոգաբար փոխադարձէ մաղթանքը. «Հրամէ՛, բաղնիք մըն ալ դո՛ւն առ»:

Նման առիթներու շրջանառութեան մէջ կրնայ մտնել   «անուշբաղնիք» բարդ բառը եւս, որ նոյն արեւմտահայուն  բառագիտական տաղանդին  արգասիքն է, եւ ինչո՞ւ չէ.  կարելի է  անուշապուր,  անուշահաց, անուշբերան, անուշահոտ  ըսել,  հապա ինչո՞ւ կարելի պիտի չըլլայ ըսել անուշբաղնիք…այդքա՞նն ալ չի գիտեր, հապա ո՞ր օրուան արեւմտահայն է:

Այս բոլորը…շատ բարի, համաձայն ենք, բայց ան կը մոռնայ, որ բաղնիքը ինքը՝ քարաշէն  խցիկն է միայն, որ ո՛չ անուշ, ո՛չ ալ լեղի կրնայ ըլլալ, անուշ եղողը…լոգանքն է, որ  մերոնք հակամէտ են շփոթելու բաղնիքով: Եւ յանցաւորը իրենք չեն,− քաւ լիցի, իրենք ե՞րբ յանցաւոր եղեր են որ,− այլ  ողջ ըլլան օտար լեզուները, որոնք  տգիտաբար կը շփոթեն լոգանքն ու բաղնիքը. օրինակ՝ ֆրանսերէնը, ուր  bain հաւասարապէս կը նշանակէ բաղնիք ու լոգանք, հապա՞ արաբերէնը, ուր حمام է հասարակաց բառը:

Այսպէս կամ այնպէս՝ անուշ բաղնիքը այս պարագային կը նմանի «անուշ խոհանոց» կամ «անուշ ճաշարան» ըսելու՝  ճաշող կամ ճաշած  անձին:

  1. Կշիռքս աւելցեր է…

Այս ալ այն սովորական անդրադարձն է, որ կ’ունենայ բաղնիքէն ելլողը, որ հակամէտ է բարձրանալու ծանօթ  սարքին վրայ  եւ սեւեռելու անոր չարագուշակ սլաքը, որ միշտ յուսախաբ կ’ընէ զինք: Ան ի զուր  քանի մը շարժումներ կ’ընէ կեցած տեղը՝  քիչ մը աջ, քիչ մը ձախ տանելով ճարպակալած յետոյքը, ապա  ետ ու առաջ  շարժելով իրանը՝ ի զուր փորձելով  սանկ քիչ մը դէպի ետ տանիլ, զգաստացնել  այդ անիծեալ սլաքը,  որուն նպատակը տկարութիւն չի ճանչնար  եւ  հակամէտ է անդուլ բարձրանալու վե՜ր,  դէպի աւելի՜ վեր,  դէպի նո՜ր   բարձունքներ:

Եւ այս  հոգեկան ու մտային   թոհուբոհին զոհ գացողը միշտ հայերէնն է, իմա՝ արեւմտահայերէնը, որ պիտի ուզէր ծանրութիւն ըսել, որովհետեւ մետաղեայ սարքը ոչ կը բարձրանայ, ոչ  կը ցածնայ, այլ յամառօրէն բարձրացողը  ծանրութիւնն է, արեւելահայը պիտի ըսէր՝ քաշը,  բայց ահա  մեր հայրենակիցը սովորութիւն չունի «ամէն բան իր անունով կոչելու»,− որքան ալ այդպէս  հրահանգէ Մակար Գաղիացին,−  այլ կը սիրէ գործածել բառերուն փոխաբերական իմաստը. «Ես կշիռք կ’ըսեմ, բայց դուք ծանրութիւն հասկցէք, “Արմէնպրես”-ն ալ թող քաշ հասկնայ, աշխարհին վերջը չէ՜, միայն ես քանի մը անիծեալ քիլոներս  կորսնցնեմ…»:

*   *   *

Ուշադրութիւն. պէտք չէ շփոթել կշիռքը եւ կշիռը:

Հիմա ա՛լ կը ճանչնանք առաջինը:

Գալով կշիռ-ին՝ ան կը նշանակէ կարեւորութիւն, արժէք, վարկ:

—Թորոսը շատ կշիռ ունեցող  վերլուծաբան  է:

—Մարկոսին կշիռը բարձրացաւ  այս յաջողութենէն ետք:

—Կիրակոսին  խօսքերը մեծ կշիռ ունին:

 

          Մրցոյթ 17.  Լուծում.

*** Մեծ հայրս  ունի իր առողջապահական  սկզբունքները:

*** Շրջանը  առողջապահական  միջոցներու պակասէն կը տառապի:

*** Առողջական հարցերու   բերումով յետաձգեց    քննութիւնը:

*** Քանիներ առողջական   պատրուակներով խուսափեցան զինուորագրուելէ:

*** Բժիշկը առողջապահական թելադրանքներ ըրաւ աշակերտութեան:

Ճիշդ պատասխանած են՝ Գէորգ եազեճեան (10), Համբարձում Յարթունեան (10), Շաքէ Մանկասարեան-Գրոկան (10), Ցոլակ Ապտալեան (8), Արմենակ Աւագեան (10), Դանիէլ Թիւֆենքճեան (10) ,Կարո Արմէնեան (10), Ալեքս Մարտիրոսեան(10), Պերճ Տէր Սահակեան(9), Յարութ Կիւլիւզեան (10), Համո Ապտալեան (10):

 

Մրցոյթ 18.  Վերաշարադրէ՛ հետեւեալները.

          ***Այնտեղ էին  վաղեմի ընկեր մը  եւ ընկերուհի մը՝ Անահիտը եւ Արշակը:

***Օրուան  պայմանները ստիպեցին իրեն  քիչ մը աւելի սեղմել գօտին:

***Զուր տեղ չէ որ այսօր մէկտեղուած ենք նահատակաց  յուշարձանին  շուրջ:

***Զինեալ պայքարը կրնայ միայն բարելաւել մեր կացութիւնը:

***Տան ջերմութիւնը միայն  պատանեկան  պահանջ չէ, այլեւ   ամբողջ կեանքը կլանող ցանկութիւն:

[email protected]

Previous Post

It’s time to defund the British royal family

Next Post

Support for Erdoğan at all-time low as concerns over economy grow – Bloomberg

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.