Տոքթ. Արմենակ Եղիայեան
1.Մէկ նեղուց՝ երեք անուն
Միջերկրականը Սեւ ծովուն կապող նեղուցին միջերկրականեան հատուածը կը կոչուի Dardanelles, իսկ սեւծովեան հատուածը՝ Bosphore: Երկուքն ալ յունա- հռոմէական անուններ են: Զանց կ’ընեմ առաջինը. իսկ երկրորդին յունարէն անունն է Βόσπορος (Bosporos), որուն առաջին արմատը կը նշանակէ եզ, իսկ երկրորդը՝ փոս, ճեղք, անցք. ուրեմն՝ կարելի է թարգմանել եզնանցք:
Աւանդութիւն մը կ’ըսէ, թէ այդ նեղուցը գոյացած է առասպելական եզի մը անցքին վրայ, անոր ծանր ոտքերուն տակ, որոնք փորած են միջոցը ամբողջ երկայնքին:
Հիմա անցնինք այս անունի բարեշրջութեան:
Անշուշտ ոչինչ կ’արգիլէ, որ ըսենք նաեւ՝ աղաւաղումին, որ հաւանաբար շատ աւելի ճիշդ բնորոշում մըն է, ինչպէս պիտի տեսնենք:
Մեկնելով յունական այբուբենի Ββ տառէն, որ դասական շրջանին կ’արտասանուէր b, այսինքն ՝ մեսրոպեան արտասանութեամբ բ, այս նեղուցին անունը հայերս շուրջ 2.000 տարի առաջ տառադարձած ենք Բոսփոր:
Մենք շատ երկար պահպանեցինք այս անունը՝ ա՛յս ուղղագրութեամբ:
Եւ այս պահպանումը՝ մշակութային շատ մեծ նշանակութիւն ունի, քանի որ յոյները իրենք չպահպանեցին զայն. արդարեւ, յունական β (=b=բ) տառը սկսաւ արտասանուիլ v(=վ), եւ այդ նեղուցին անունը սկսաւ յոյնին բերնէն արտաբերուիլ Vosporos: Այսպէս արտասանեց ամբողջ յոյն եւ ոչ-յոյն աշխարհը, սակայն հայը հաւատարիմ մնաց բնիկ, տոհմիկ արտասանութեան, որ է Բոսփոր: Այսօր, եթէ միջին յոյնին ըսես, որ այդ նեղուցին անունը Բոսփոր եղած է պատմականօրէն եւ միայն հա՛յը պահած է անոր արտասանական կուսութիւնը,– ապա յապուշ պիտի կրթի ու հարց տայ, թէ ի՛նչ կը պատմես, ու կասկածի բանականութեանդ ու մտային հաւասարակշռութեանդ վրայ:
Իսկ հայը լեզուական ի՜նչ ուրիշ գանձեր պահած ու փրկած է:
Ծանօթ.– Քանի մը տարի առաջ Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ հանդիպեցայ երկու օտարներու, որոնք պարսիկ դուրս եկան: Նստանք ու սկսանք զրուցել…անգլերէն: Անշուշտ ես ծանրացայ հայերէնի ու պարսկերէնի մերձաւորութեան եւ անոնց ունեցած հասարակաց բառերուն վրայ. առ այս տուի տասնեակ մը օրինակներ բառերու, որոնք նոյնն էին երկու լեզուներուն մէջ: Ուղղակի շշմած էին: Ու ծանրացայ մէկ հատին վրայ, որ գոհար բառն էր (արտասանել՝ gohar), որ հիմա իրենք աղաւաղած էին ու ջաւահիր կ’արտասանէին (ճաւահիր): Եւ եզրակացուցի, որ իրենց լեզուն կորսնցուցած է բնիկ արտասանութիւնը հոն, ուր ահա հայերէնը կը պահէ ու կը պահպանէ զայն: Հազար ճառ ու քարոզ զիրենք այնքան պիտի չտպաւորէին, որքան այս քանի մը օրինակները:
Ու անոնք հեռացան երախտագիտական հազարումէկ արտայայտութիւններով՝ կորսուած գանձ մը վերագտնողի գոհունակոթեամբ: Եթէ չընդդիմանայի՝ աջս պիտի համբուրէին: Գոհացանք սովորա- կան ողջագուրումով մը ու դա՛րձեալ, այս անգամ ի Պարսկաստան, հանդիպելու մաղթանքով:
Բայց սովորութեան ներգործութեամբ ու ժամանակին հետ մե՛նք ալ սկսանք արտասանել Վոսփոր: Այս արտասանութիւնը ստուգապէս յառաջացած պէտք է ըլլայ Պոլսոյ գրաւումէն ետք, երբ մեր կենակցութիւնը սկսաւ շեշտուիլ յոյներու հետ:
Ուրեմն՝ Բոսփորը դարձաւ Վոսփոր:
Հետագային ընդառաջելով պարզացման կանոնի թելադրանքին՝ Վո հնչիւնախումբն ալ փոխարինեցինք Ո ձայնաւորով (Վո=Ո) ու գրեցինք՝ Ոսփոր:
Սակայն, ինչպէս Բոսփոր-ը, այնպէս ալ Վոսփոր-ը ընդմիշտ չանհետացան մեր լեզուական բարքերէն, ուստի սկսանք այնուհետեւ քաշքշել երեքն ալ:
Բոսփոր…Վոսփոր…Ոսփոր:
Վասնզի մեզ արեւմտահայ են ասում. միօրինակութենէ կը խորշինք:
- Մէկ թուական՝ հինգ կաղապար
«Հասկ»-ի հերթական թիւը (No 1-2, 2021) կը շարունակէ մեզ զուարճացնել ուղղագրական իր գունագեղ խայտաբղէտութեամբ՝ ինքնամեկուսացումի այս մռայլ օրերը համեմելով քաղցրութեամբ ու ծիծաղով:
Այս անգամ կեդրոնական նիւթը այստեղ տիրող թուարկումի սկզբունքն է:
Էջ 5-ի մէջ կը գտնենք 1 յունուար 2021:
Էջ 14-ի մէջ կը գտնենք 1 յունուար, 2021:
Էջ 16-ի մէջ կը գտնենք Ի 20-ն ապրիլի 2013 թուին Քրիստոսի
Էջ 17-ի մէջ կը գտնենք Ի 7-ն մայիս, 2013 թուին Քրիստոսի
Էջ 18-ի մէջ կը գտնենք Ի 25-ն յունիսի, 2013 թուին Քրիստոսի
Ինչպէս կը նկատէք,− իսկ եթէ չէք նկատեր, ապա սխալ կը տեսնէք,− թուարկումի այս հինգ կաղապարներէն ոչ մէկը կը նմանի միւսին. քանի մը էջի մէջ եւ նո՛յն ստորագրութեան տակ կը գտնենք թուարկումի հի՛նգ տարբեր կաղապարներ:
Է՜հ, ի՞նչ կ’ըլլայ որ, ո՛չ արեւը իր ուղղութիւնը փոխեց, ո՛չ լուսինը խաւարեցաւ, ո՛չ ալ երկինքը փուլ եկաւ մեր եւ ձեր գլխուն, ալ ի՛նչ պէտք կայ գայթակղելու:
Գայթակղի՞լ ըսի…խնդրեմ, քաւ լիցի, եթէ գայթակղութեան նուազագոյն ճաշակը ունենայինք, այս պատկերը այսպէս տարիներու վրայ այս նոյն խայտաբղէտութեամբ ու ընդերկար չէր քաշքշուեր, չհաշուած տակաւին, թէ մինչեւ ե՛րբ կրնայ քաշքշուիլ:
«Հասկ»-ը դժբախտաբար միշտ ալ միջոցը գտած է յուսախաբելու մեզ:
Աշխարհիկ ընթերցողներուս արդար ակնկալութիւնն էր, որ ան դառնար լեզուական եւ ուղղագրական ճառագայթող հրատարակութիւն մը, որուն՝ իբրեւ անվիճելի ուղեցոյցի, մեր նայուածքը յառէինք ամէն անգամ, որ գտնուէինք մեզ շփոթեցնող կամ երկփեղկող հարցի մը լուսաբանումի ակնկալութեան մէջ:
−Այսպէ՛ս կը գրէ «Հասկ»-ը,− ինքնավստահ յղէինք իրեն:
Եւ նման յղում մը իսկոյն փակէր ամէն վէճ ու վիճաբանութիւն:
Ափսո՜ս, այդ օրը չեկաւ բնաւ:
Եւ նման նախանձախնդրութիւն ցուցաբերող չգտնուեցաւ:
Մրցոյթ 18. Լուծում.
***Այնտեղ էին վաղեմի ընկեր մը եւ ընկերուհի մը՝ Անահիտը եւ Արշակը:
—Այնտեղ էին վաղեմի ընկեր մը եւ ընկերուհի մը՝ Արշակը եւ Անահիտը:
(Այնտեղ էին վաղեմի ընկեր մը՝ Արշակը, եւ ընկերուհի մը՝ Անահիտը)
***Օրուան պայմանները ստիպեցին իրեն քիչ մը աւելի սեղմել գօտին
—Օրուան պայմանները ստիպեցին զինք քիչ մը աւելի սեղմելու գօտին:
***Զուր տեղ չէ որ այսօր մէկտեղուած ենք նահատակաց յուշարձանին շուրջ:
—Ի զուր չէ, որ այսօր մէկտեղուած ենք նահատակաց յուշարձանին շուրջ:
***Զինեալ պայքարը կրնայ միայն բարելաւել մեր կացութիւնը:
—Միայն զինեալ պայքարը կրնայ բարելաւել մեր կացութիւնը:
***Տան ջերմութիւնը միայն պատանեկան պահանջ չէ, այլեւ ամբողջ կեանքը կլանող ցանկութիւն:
—Տան ջերմութիւնը միայն պատանեկան պահանջ չէ, այլ ամբողջ կեանքը կլանող ցանկութիւն:
Ճիշդ պատասխանած են՝ Ալին Գոճակէօզեան (4), Գէորգ Եազըճեան (7), Համբարձում Յարթունեան (8), Ալեքս Մարտիրոսեան (6), Ցոլակ Ապտալեան(5), Մանուէլ Ֆարաճեան (8),Դանիէլ Թիւֆենքճեան(8), Արմէն Պաղտոյեան (8), Համո Ապտալեան (6), Պերճ Տէր Սահակեան (8):
Ուշադրութի՛ւն. Մրցոյթ 17-ին ճիշդ պատասխանած էր մեր հաւատարիմ բաժանորդ Մանուէլ Ֆարաճեանը եւս (10), Յարութ Կիւլիւզեան (8):
Մրցոյթ 19. Վերաշարադրէ «Մարմարա»-ի հետեւեալ գոհարները.
*** Համաճարակի իրավիճակի անորոշութեան պայմաններուն մէջ թռիչքները
առկախուեցան:
***Ամէնէն աւելի նախընտրութիւնը տրուած է Արաբական էմիրութիւններուն:
***Արգելքի որոշումը տրուած է այն բանէն ետք, երբ Անգարա «Պայրաքտար» վաճառած է Ուքրանիոյ:
***Միջադէպին որպէս արդիւնք մարմնական վնասուածքներ կրած են կողմերը:
***Կը թուի, թէ Մոսկուայի մօտ կացութիւնը հանգուցալուծելու ցանկութիւն չկայ:
[email protected] Արմենակ Եղիայեան
Տնօրէնի, վարչապետի թեկնածու
2.Զբաղեցնել