Տոքթ. Արմենակ Եղիայեան
1.Պարոյր Աղպաշեան կը կէտադրէ եւ կ’երկնէ…
—-Որոնք իրենց կեանքի ընթացքին, եղան արթուն պահակներ («Պայքար», թիւ 239):
Փաստօրէն որոնք ենթական ստորակէտով տրոհուած է եղան ստորոգիչէն:
Հայերէնը այսպիսի կէտադրութիւն չի հանդուրժեր, ենթադրելի է, թէ որեւէ այլ լեզու եւս չի հանդուրժեր: Այլ խօսքով՝ մարդկային բանականութեան դէմ կէտադրութիւն մըն է այս:
—Վահէ-Վահեան, ահաւոր ողբերգութիւն մը ապրեցաւ (անդ):
Ինքնուրոյն ողբերգութիւն մըն ալ հայոց լեզուն կ’ապրի այս ենթակային եւ ստորոգիչին միջեւ ինկող ստորակէտով: Եւ կը մտածեմ, թէ այս երկու ողբերգութիւններէն ո՞ր մէկն է աւելի… ողբերգելին:
— Ասկէ՝ շուրջ 45 տարի առաջ… (անդ):
Բացարձակապէս ոչինչ ըսող եւ լեզուական-կէտադրական ոչ մէկ կանոնի գոհացում տուող բութ մըն է այս, որ դrուած է ասկէ բառին վրայ, ուր մեր ընթերցումը ոչ մէկ դադար կը պահանջէ: Շատ հետաքրքրական է, թէ Աղպաշեան ինք ինչպէ՞ս կ’արտասանէ այս բառակապակցութիւնը:
—Տխրալուրը, կայծակնային արագութեամբ, շանթահարեց (անդ):
Երկու ստորակէտերն ալ աւելորդ են, հակագիտական ու հակաբանական:
Ասկէ բացի՝ հայերէնը տխրալուր անունով բառ չունի:
Ճիշդ է, որ ամէն գրողի իրաւունքն է բառ հնարել, սակայն պէտք է տարրական ճաշակ, կուտ-կորկոտ գտնուի այդ հնարանքին մէջ. այստեղ ոչ նման կուտ կայ, ոչ ալ կորկոտ: Կայ տափակ լղրճուկ մը, որ կրնայ վաղը ծնունդ տալ ուրիշ տափակութիւններու եւ ներգրաւել նոր բառաշինարարներ, ինչպէս՝ տրտմալուր, թախծալուր, խղճալուր, մելամաղձալուր, մռայլալուր, վշտալուր, սգալուր, ուրախալուր, հրճուալուր, յաջողալուր, ձախողալուր:
—Իր ապերախտելի եւ այպանելի ընթացքներով…(անդ):
Ուրիշ այլանդակութիւն մըն ալ այս…ապերախտելին:
Մարսեցէ՛ք զայն, եթէ ստամոքսնիդ կը թոյլատրէ:
Ես չեմ հասկանր, թէ ինչպէ՞ս կարելի է այսքան սանձարձակ ու անպատիժ բռնազբօսել հայերէնը: Եւ բռնադատել զայն: Որովհետեւ տեղի ունեցածը բառակերտում չէ, լեզուի բռնադատում, ընդհուպ…բռնաբարում է:
Եթէ մի ինչ-որ յօդուածագիր կը թոյլատրէ իր վարկին այս բոլորը, հիւրընկալ թերթի խմբագրութիւնը ի՞նչ կը մտածէ: Ըսելիք չունի՞: Եւ ընելիք:
—Մեր գոյութենականութեան պահպանման կերտիչներուն…
Սիրելի՛ ընթերցող, «Նայիրի»-ի 150 բառարաններէն գոնէ 50-ը թերթատեցի ու չհանդիպեցայ գոյութենականութիւն(եան)-ին: Կ’աղաչեմ, մնացեալն ալ դուք թերթատեցէք, ու եթէ գտնէք այս առեղծուածային թխուածքին նշանակութիւնը, իմացուցէք ինծի:
Աւելին ի վիճակի չեմ ընելու: Խղճացէք ինծի:
- 2. «Ակօս»-ի պարագան
Այո, «Ակօս»-ի լեզուական կացութիւնը մտահոգիչ է, զայն պարագայ կոչելու աստիճան:
Չեմ գիտեր ինչո՛ւ, կայ կացութիւն մը, որ կը քաշքշուի եւ բարելաւումի որեւէ յոյս չի ներշնչեր, հակառակ այն իրողութեան, որ անոր կը ծառայեն հրաշալի տարրեր, որոնց անունները չեմ թուեր՝ չվիրաւորելու համար անոնց համեստութիւնը:
Եւ կ’ակնկալենք, որ բան մը փոխուի, եւ համոզուած ենք, որ կարելի է այդ:
* * *
—Այս չարագործութիւնը ունի հիմքեր, որոնց շնորհիւ մարդիկ անփութօրէն կ՚անարգեն աղօթատեղիները։
Չարագործութիւնը շնորհ մը չէ, որպէսզի շնորհիւ ըսենք, պէտք է ըսել հետեւանքով. «որոնց հետեւանքով անփութօրէն կ’անարգեն աղօթատեղիները»
—Սիմոն Տէ Պուար ջահակիրը հանդիսացաւ սեռային ազաութեան…
Այս անունով սեռային ազատականութեան գաղափարախօս չկայ:
Խնդրոյ առարկան կը կոչուի Simone de Beauvoir (Սիմոն դը Պովուար):
—Այլասեռման լուրջ սպառնալիք
Բառիս արմատը սեր է, որմէ՝ սերիլ, սերունդ, սերում, ուրեմն՝ այլասերում:
— Այդ պահուն ակամայ կը մտաբերեմ կեսրոջս խօսքը:
Էստուգեան զոքանչին խօսքը կը վերագրէ…չունեցած կեսուրին:
—Յեղափոխութիւնը վերջ տուաւ աւատապետական փառքերուն…
Յեղափոխութեան վերջ տուածը աւատապետական բարքերն էին:
—Աւելի զուսպուածութիւն…
Պէտք է ըլլայ՝ զսպուածութիւն:
—Սուրբ Գրային խրատներով
Պէտք է ըլլայ՝ Սուրբգրային, սուրբգրային:
Սուրբ գիրք կու տայ սուրբգրային կցական բարդութիւնը:
Սեւ ծով-սեւծովեան, Փոքր Ասիա-փոքրասիական, Միջին Արեւելք-միջինարեւելեան:
—Այդ նոյն տարիներուն կաթողիկէ կամ անգլիական եկեղեցիներն ալ կը ցնցուէին:
«Կաթողիկէ եկեղեցի» հասկացութիւն գոյութիւն ունի, որ է պապի կամ Սրբազան քահանայապետի հովուած եկեղեցին: Սակայն «անգլիական եկեղեցի» հասկացութիւն գոյութիւն չունի. այսինքն՝ չկայ հաստատաութիւն մը, որ կը կոչուի «անգլիական եկեղեցի»:
Ունինք Anglican եկեղեցին, որ Անգլիոյ տարածքին գործող յարանուանական եկեղեցիներէն մէկն է, հաւանաբար մեծագոյնը:
Պատշաճ է նաեւ ըսել՝ «կաթողիկէ եւ անկլիքան եկեղեցիները…»:
—Հաշուեպահ, հաշուեպահութիւն, հաշուեպահական
Ասոնք պէտք է ըլլան՝ հաշուապահ, հաշուապահութիւն, հաշուապահական՝ ա-ով: Անդին սակայն՝ հաշուեկշիռ, հաշուետու, հաշուետւութիւն, հաշուեյարդար:
—Ամբողջ 40 տարիներ ծառայեց:
Պէտք չկայ տարիներ ըսելու, կը բաւէ տարի՝ «ամբողջ 40 տարի ծառայեց»:
Մրցոյթ. 32
Նկատի առած կարենալ բայի շատ մեծ կարեւորութիւնը, այս մրցոյթը կը յատկացնենք նոյն բային, ուր գեղաճեմ կը տողանցէ… արեւմտահայ վերնախաւը:
***Այդ գործը չկրցող հասկցող մէկ քանի հոգի հեղինակի համբաւ շինեցին (Գրիգոր Զոհրապ, «Ութը տարի ետք»):
—Այդ գործը հասկնալ չկրցող մէկ քանի հոգի հեղինակի համբաւ շինեցին:
***Այնքան անարատօրէն չկարենալ ապրելուն կ’ափսոսար (Երուխան, «Ամիրային աղջիկը»):
—Այնքան անարատօրէն ապրիլ չկարենալուն կ’ափսոսար:
***Համիտին այնչափ մեծ ճիգերով չկրցած փճացուցած հայ ազգը… ինքզինք պիտի փճացնէ» (Քասիմ, «ժամանակ», 31 յուլիս 1910):
—Համիտի այնքան մեծ ճիգերով փճացնել չկրցած հայ ազգը…:
***Ջուրերը, դիւրաւ անցք չկրնար գտնելուն, կը պտուտկին, կը փրփրին (Յակոբ Մնձուրի):
—Ջուրերը, դիւրաւ անցք գտնել չկարենալնուն, կը պտուտկին, կը փրփրին:
***Չկարենալ ապրելու եւ չկարենալ մեռնելու պէս բան մը, ուրեմն (Եդ. Պոյաճեան, «Դէմքեր», Ա., էջ 196):
—Ապրիլ չկարենալու եւ մեռնիլ չկարենալու պէս բան մը, ուրեմն:
Ճիշդ պատասխանած են՝ Գէորգ Եազըճեան (10), Լիւսի Տէօքմեճեան (9), Դանիէլ Թիւֆենքճեան (8),Ցոլակ Ապտալեան (10), Մանուէլ Ֆարաճեան (8), Վահէ Աբելեան (7), Գեղամ Խաչատրեան (9), Համբարձում Յարթունեան (10), Պերճ Տէր Սահակեան (10), Գրիգոր Սիմոնեան (10), Համո Ապտալեան (5):
Մրցոյթ 33.
Կրկնութիւնը գիտութեան մայրն է: Ուրեմն վերջին կրկնութիւն մըն ալ:
—Ցուցարարները փորձեցին արգիլել բանակը այդ դրօշները վար առնելէ (Մամուլ):
—Եւ եթէ չի տար, ո՞վ կ’արգիլէ զինք տալէ» (Մինաս Թէօլէօլեան):
—Բժիշկները արգիլեցին զիս դպրոց երթալէ (Ենովք Արմէն):
—Բանաստեղծը կը մնայ իր չկարենալ հասնելու ճակատագրին գիտակ սիրահարը (Մ. Թէօլէօլեան, «Դար մը գրականութիւն», 1977, էջ182):
—[Գրագիրը] ձախողանք մը կը նկատէր այս պարագային օգտակար չկրնար ըլլալը» (Ե. Օտեան, «Ընտանիք, պատիւ, բարոյական», գլ. Է):
[email protected] Արմենակ Եղիայեան