Տոքթ. Արմենակ Եղիայեան
1.Խաչաձեւում
Ահա աւելի քան չորս ամիս է իւրաքանչիւր չորեքշաբթի ընթերցողներուդ կը հրամցուի ասոյթի մը կէսը՝ հրաւիրելով ձեզ, որ լրացնէք պակսող մասը:
Առաջին նուագ այնպէս թուեցաւ ոմանց, թէ ասոնք հանելուկ են կամ գուշակութիւն, թէեւ ոմանք բաւական շուտ թափանցեցին անոնց տրամաբանութեան, սակայն անդին ուրիշներ մինչեւ հիմա… կը զառածին:
Մինչդեռ ո՛չ հանելուկ էին անոնք, ո՛չ ալ գուշակութիւն, այլ բոլորը հիմնուած էին կուռ ու կայուն կաղապարի մը վրայ, որ ոճաբանութեան մէջ ծանօթ է խաչաձեւում անունով, եւրոպական լեզուներու մէջ՝ chiasmus, որուն արմատն է յունական Χ տառը, որ կ’արտասանուի Խի կամ Քի եւ ունի թեք խաչի մը ձեւը:
Եւ իրօք ալ մեր առաջարկած ասոյթները իրենց զոյգ բաղադրիչներով կը նմանին իրարու վրայ հակադիր դրուած երկու փայտերու, որոնք կը կազմեն խաչ մը:
Խօսինք օրինակով:
«Խելացին նախ կը մտածէ ու յետոյ կը խօսի, իսկ անխելքը նախ կը խօսի ու յետոյ կը մտածէ»:
Եթէ ուշադիր հետեւինք, ապա պիտի նկատենք, որ այս համադաս զոյգ նախադասութիւնները կազմուած են բառային նո՛յն ատաղձով, սակայն իրարու հակադիր դասաւորումով՝ խաչին երկու հակադիր փայտերուն պէս:
Այս հակադրութեան կ’անդրադառնանք վերադրելով այս երկուքը.
—Խելացին նախ կը մտածէ յետոյ կը խօսի:
—Անխելքը նախ կը խօսի յետոյ կը մտածէ:
Ուր հակադրուած են՝
–խելացին եւ անխելքը,
–նախ կը մտածէ եւ նախ կը խօսի,
–յետոյ կը խօսի եւ յետոյ կը մտածէ:
Հետեւեալին մէջ կը հակադրուին մէկը եւ ուրիշ մը, ուտել եւ աշխատիլ բառերը:
«Եթէ մէկը պիտի ուտէ առանց աշխատելու, ապա ուրիշ մը պիտի աշխատի առանց ուտելու»:
Ուր հակադրուած են՝
–մէկը պիտի ուտէ եւ ուրիշ մը պիտի աշխատի,
–առանց աշխատելու եւ առանց ուտելու:
* * *
Կան խաչաձեւումներ, ուր հակադրուող եզրերու բառային ատաղձի նոյնութիւնը յարա- բերաբար դժուար է կռահել՝ իրենց փոխաբերական բնոյթին բերումով. օրինակ՝ հետեւեալը. «Սուրը չձգեց, որ երգիչ դառնամ, գրիչը չձգեց, որ մարտիկ դառնամ»:
Ուր՝ հակադրուած են՝ սուր-գրիչ, երգիչ-մարտիկ զոյգերը, որոնք անկապակից ըլլալ կը թուին առաջին նուագ, սակայն տարբեր է իրականութիւնը:
Սուրը եւ երգը՝ մէկ կողմէ, գրիչն ու մարտիկը՝ միւս կողմէ, խորհրդանիշեր են, ուր կը համապատասխանեն կամ կը նոյնանան սուրը եւ մարտիկը, գրիչն ու երգիչը:
—Սուրը կը խորհրդանշէ պատերազմը, ընկերային-քաղաքական խառնակ ու անկայուն ժամանակն ու պայմանները, լայն առումով՝ ազգային-քաղաքական պայքարն ու անոր նուիրուած մարտիկը:
–Մինչ գրիչը կը խորհրդանշէ բանաստեղծութիւնը, գրականութիւնը, երգն ու երգիչը, լայն առումով՝ մշակոյթի գործիչը, մտաւորականը:
Այս ասոյթ-խաչաձեւումը կը վերագրուի Նիկոլ Աղբալեանին[1], որ իր տարագրութենէն տասնամեակներ ետք եւ խոր ափսոսանքով կ’անդրադառնար, որ չէ յաջողած (ըստ իրեն) ճիշդ տնօրինել իր կեանքը, այնպէս, ինչպէս խորքին մէջ կը ցանկար ինք, եւ զոհ գացած է ժամանա- կի յորձանուտին, պայմաններու պարտադրանքին: Ըստ այնմ ալ՝ ոչ կրցած է դառնալ իր պատկերացուցած ամբողջական երգիչը, ո՛չ ալ պատկերացուցած ամբողջական մարտիկը, այլ ապրած է երկփեղկեալ կեանքով մը ու երկուքն ալ ըրած է կիսկատար:
Հակառակ իր էապէս մշակութապաշտ խառնուածքին՝ Աղբալեան ստիպուեցաւ զէնք կրել Համաշխարհային Բ. պատերազմին՝ մասնակցելով Վանի ազատագրումին: Ու մինչեւ մահն ալ ան մնաց ազգային մարտիկի դերին մէջ՝ թէկուզ առանց համազգեստի ու զէնքի:
Ահա այս յետնախորշին վրայ պէտք է զետեղել ու կարդալ բերուած ասոյթը:
Աղբալեանի ափսոսնքը արտայայտած են իր ժամանակակիցներէն ուրիշներ եւս. յիշեմ այստեղ Սիմոն Վրացեանը, որ իր «Կեանքի ուղիներով»-ին մէջ տեղ մը կ’ըսէ. «Ինչո՞ւս էր պէտք քաղաքականութիւնը, ես ծնած էի մտաւորական աշխատանքի համար, եւ օրերը այնպէս բերին , որ… կուսակցական շրջիկ գործիչ դառնայի»: Նկատի չունի… վարչապետութիւնը:
- Տիւ (լոյս, ցերեկ)
«Նոր հայկազեան»-ը այս բառին սեռականը կը նկատէ տըւընջեան, իսկ բացառականը՝ ի տըւէ կամ ի տըւընջենէ: Ասոնք հայերէնի տառին ու ոգիին հակասող ուղղագրութիւններ են, քանի որ իւ վերջաբաղադրիչը շեշտի կորուստով պէտք է տայ ու. օրինակ՝ թիւ-թուակաան, հաշիւ հաշուապահ եւ այլն: Միւս կողմէ բառամէջի ը չ’ընդունիր հայերէնը:
Սիմոն Գաբամաճեան, իրմէ ետք նաեւ Ռուբէն Ղազարեան մասամբ շրջած են կացութիւնը՝ կառչելով տուընջեան եւ ի տուէ, ի տուընջենէ ձեւերուն, որոնք վիճելի կիսամիջոց են միայն: Օրինաչափական է տիւ > ի տուէ բացառականը միայն:
Բայց ահա նոյն «Հայկազեան»-ը ունի նաեւ տունջենական, տունջենային բառերը, որոնք բոլորովին օրինաչափական են
Աճառեան իր կարգին աներկբայօրէն կ’ընդունի տունջեան եւ ի տուէ, ի տունջենէ, որոնք կատարելապէս կը համապատասխանեն «Նոր հայկազեան»-ի վերջին երկու օրինակներուն եւ կը հաստատեն այս ուղղագրութեան օրինականութիւնը:
* * *
Անշուշտ մեզի համար քիչ մը դժուար է ճիշդ արտասանել տունջեան–տունջենէ, այդ դժուարութիւնը շատ կանուխ զգալի պէտք է դարձած ըլլայ մեր հեռաւոր նախնիներուն եւս, որոնք որդեգրած են տուընջեան-տուընջենէ դիւրին ձեւերը, եւ այս անհարազատ ուղղագրութիւնն ու արտասանութիւնն ալ դարերու ընդմէջէն հասած են մեզի:
Մրցոյթ45.
***Սուրը կը մաշեցնէ պատեանը, սակայն պատեանն ալ կը մաշեցնէ սուրը:
***Կէտերը փոխարինել որ կամ թէ շաղկապով:
–Թորոսը Մարկոսին ըսած է, թէ շատ մտահոգ է այս կացութեամբ:
–Թորոսը Մարկոսին ըսաւ, որ շատ մտահոգ է այս կացութեամբ:
–Տեղացիները կ’ըսէին, թէ այս տեղերը արջեր ապրած են ժամանակին:
–Դասատուն մեզի կ’ըսէ, որ անպայման գոց սորվինք հատուածը:
Ճիշդ պատասխանած են՝ Լիւսի Տէօքմեճեան (4), Քերոբ Էքիզեան(8), Գէորգ-Նաթալի Եազըճեան (8), Դանիէլ Թիւֆենքճեան (8), Գեղամ Խաչատրեան (8), Ցոլակ Ապտալեան (8), Համբարձում Յարթունեան (8), Պերճ Տէր Սահակեան (4), Վահէ Աբէլեան (6), Համո Ապտալեան (8), Արմէն Պաղտոյեան (8), Եփրեմ Թոքճեան (8):
Մրցոյթ 46.
***Ինչպէ՞ս կը վերաշարադասես հետեւեալները.
—Ես նման յօդուած ոչ ստորագրած եմ, ոչ հրատարակած եմ եւ ոչ ալ գրած եմ:
—Երեք բաներ կան, որ չենք կրնար ծածկել. ցաւը, տարիքը եւ աղքատութիւնը:
***Ամբողջացնել շաղկապական յարմար բառերով:
—Ան ոչ միայն սենեակ մը, ……. ամբողջ յարկաբաժինը տրամադրեց ինծի:
—Եթէ ծխելէ պիտի չդադրիս,…… պիտի կրես անոր բոլոր հետեւանքները:
—Ոչ այնքան զինք հալածելու,…… պաշտպանելու համար դրինք այս պայմանը:
[1] Աղբալեան ինք չէ հեղինակը այս ասոյթին, սակայն ի՛նք է որ զայն նուիրականացուց մեր մէջ: