ՏՈՔԹ.ԱՐՄԵՆԱԿ ԵՂԻԱՅԵԱՆ
Տեղեակ, տեղեկանալ, տեղեկացնել
Ի՞նչ կը կարծէք, այս երեքէն ո՞ր մէկը առաջինը երեւցած է հայերէնի մէջ:
Տրամաբանութիւնը կը թելադրէ անշուշտ, որ ըսենք՝ անյիշելի ժամանակներու մէջ, հայերէնի ձեւաւորման առաջին փուլերուն, նախ յառաջացած է տեղեակ ածականը, ապա… տեղեկանալ, աւելի ուշ՝ տեղեկացնել, որոնց արմատն է ինք: Ճիշդ ծառին պէս, որուն կը յառաջանայ նախ արմատը, ապա բունը, ճիւղերը, ոստերը, տերեւները եւ այլն:
1.Տեղեակ
Սա իր կարգին սկզբնապէս պէտք է յարադրաբար կիրակուած ըլլայ էական բայով մը՝ տեղեակ եմ, տեղեակ կը դառնամ եւ այլն: Այսպիսիները բայական յարաբերաբար պարզ կամ նախնական ձեւեր են, որոնք ժամանակին հետ տուած են համդրական կառոյցներ, որոնց պիտի անդրադառնանք աւելի անդին:
Այս ածականը եւ իր կազմած բայերը պատմականօրէն կ’առնեն երկու խնդիր.
ա) Առաջինը տրական հոլով խնդիր մըն է, որ ցոյց կու տայ տեղեկութեան տակ ինկող առարկան՝ տեղեակ իրողութեան, տեղեակ ցաւին, տեղեակ կացութեան, ոճիրին, բովանդակութեան եւ այլն: Թաւագրուած բառերը տրական հոլով խնդիրներ են: Օրինակ՝
–Թորոս տեղեակ է այս իրողութեան:
—Մարկոս տեղեակ դարձաւ անոր ցաւին:
բ) Երկրորդը բացառական հոլով խնդիր մըն է, որ կ’անուանէ տեղեկութեան աղբիւրը, տեղեկութիւն տուղը, տեղեակ դարձնողը: Օրինակ՝
–Կիրակոս բժիշկէն տեղեակ դարձաւ հիւանդին կացութեան:
–Մարտիրոս ոստիկանութենէն տեղեակ կ’ըլլայ ոճիրի ծալքերուն:
Ծանօթ.− Տեղեակ-ը ունի երկու հոմանիշներ՝ վերահասու եւ իրազեկ, որոշ առումով՝ նաեւ ծանօթ, որոնց խնդրառութիւնը բոլորովին նոյնն է. օրինակ՝
–Դուն վերահասու ես իրողութեան:
–Ան ընկերոջմէ իրազեկ դարձաւ գաղտնիքին:
* * *
Չես գիտեր ինչո՛ւ, մեր մէջ շատ զօրաւոր հակում մը կայ տրական հոլով խնդիրը վերածելու բացառականի. այսինքն սապիսիները՝ տեղեակ կացութենէն, տեղեակ ոճիրէն.
–Պիղատոս տեղեակ էր ան որ անմեղութենէն:
–Աւրելիոս տեղեակ դարձաւ ոճիրէն:
Եւ որքան շատ գրենք այս մասին, այնքան կ’աւելնան սխալագրութեան թեկնածուները: Ոմանք երդում տուած ըլլալ կը թուին բան մը չսորվելու եւ յամառելու դեգերիլ խաւարի բաւիղներուն մէջ. ասոնք մեր ժամանակներու «խաւարի ասպետներ»-ն են:
2.Տեղեկանալ
Այս բայը արդէն կազմուած եւ շատ գործածական կը գտնենք Ե. դարուն:
«Նոր հայկազեան»-ը կու տայ մատենագրական մեծաթիւ վկայութիւններ:
Բայց ահա առաջին յատկանշական կէտը հետեւեալն է մեզի՝ աշխարհաբար մտածողներուս համար. գրաբարի մէջ այս բայը հաւասարապէս չէզոք եւ ներգործական եղած է, մինչդեռ աշխարհաբարի մէջ ան շատ աւելի չէզոք կը հնչէ ու կը կիրարկուի:
Ուրեմն «Նոր հայկազեան»-էն կ’առնենք հետեւեալ օրինակները՝ բազում ուրիշներու շարքէն.
—Դրօշից անգամ տեղեկանայր ի նմանէ:
Սա բոլորովին հարազատ է վերը սերտուած կանոնին եւ օրինակներուն. իբրեւ չէզոք՝ ան առած է տրական եւ բացառական հոլով՝ մեզի ծանօթ երկու օրինական խնդիրները:
–Տեղեկասցին զամենայն բանս օրինաց ի նմանէ:
Այստեղ ահա ունինք «զամենայն բանս» բառակապակցութիւնը, որ հայցական հոլով ուղիղ խնկդիր է, ինչ որ յատուկ է ներգործական սեռին:
* * *
Իսկ ի՞նչ կ’ըսեն մեր բառարանները:
–Արեւելահայերէն չէզոք կը դաւանին զայն Ակադեմիան, Աղայեան եւ Սուքիասեանի հոմանիշներու բառարանը. իսկ Մալխասեան երկսեռ կը նկատէ զայն:
–Արեւմտահայերէն երկսեռ կը դաւանին Ճիզմեճեան եւ Ճերեճեան. իսկ մի՛այն ներգործական կը դաւանի Կռանեան:
–Տէր Խաչատուրեան սեռ չէ նշանակած:
Ինչպէս կը նկատէք, կը գտնուինք խայտառակ կացութեան մը մէջ:
Գոնէ բառարաններու մակարդակին:
Անդին, ողջախոհութիւնը կը թելադրէ, որ ան ընկալուի իբրեւ չէզոք. այսինքն՝ տեղեկանալ իրողութեան, կացութեան, անցուդարձերուն եւ այլնի:
Ենթադրելի է, որ աշխարհաբարի մէջ զայն ներգործական նկատողները կը հիմնուին բայիս հոմանիշներէն՝ իմանալ, սորվիլ, գիտնալ, լսել բայերուն վրայ, որոնք իրօք ալ ներգործական են: Անշուշտ դատողութեան սխալ մեկնակէտ մըն է այս:
Ծանօթ.− Բայս իբրեւ հոմանիշ ունի տեղեակ ըլլլալ եւ տեղեակ դառնալ յարադիր կազմութիւնները, որոնց խնդրառութիւնը բոլորովին նոյնն է: Այլեւ իմանալ, որ մաքուր ներգործական է, կ’առնէ հայցական հոլով ուղիղ խնդիր՝ պահելով բացառական հոլով երկրորդ խնդիրը. օրինակ՝
–Այս բոլորը (հայց.) իմացայ Թորոսէն (բաց.):
- Տեղեկացնել
Սա իր կարգին լայն կիրարկութիւն ունեցած է Ե. դարուն՝ տեղեկացուցանել ձեւով:
Տեղեկանալ-ին անցողականն է, որ արդի եզրաբանութեամբ «պատճառական» սեռն է: Բերուած բոլոր բնագրային օրինակներուն մէջ՝ գրաբար թէ աշխարհաբար, առած է, ըստ կանոնի, երկու խնդիր՝ հայցական հոլով ուղիղ խնդիր մը եւ տրական հոլով անուղղակի (միջնորդական) խնդիր մը:
Օրինակ՝
–Տեղեկացնել իրողութիւնը պաշտօնակիցներուն:
–Բժիշկը հարազատներուն տեղեկացուց հիւանդին վիճակը:
–Դուն այս մանրամասնութիւնները տեղեկացուր բարեկամներուդ:
Բոլորովին նոյնանիշ են տեղեակ պահել ու տեղեակ դարձնել:
–Դուն բարեկամներդ տեղեակ պահէ այս մանրամասնութիւններուն:
–Սպան նորակոչիկները տեղեակ դարձուց իրենց ժամանակացոյցին:
–Բժիշկը բուժքոյրը տեղեակ դարձուց իր մեկնումին:
Մրցոյթ 61.
***Լրացու՛ր ասոյթը մէկ բառով. «Նախընտրելի է տունը նստիլ եւ ուռկան կարկատել, քան թէ ծովեզերքը նստիլ եւ ձուկ երազել:
***Հետեւեալ չորսէն ո՞ր մէկը կը մերժես.
—Այս բոլորը շատ բարդ ըլլալով ժողովուրդը չէր ըմբռներ զանոնք:
***Վերաշարադրէ՛ հետեւեալները.
—Արեւմուտքը փորձեց Ուքրանիան դարձնել Ռուսիոյ թշնամին (պետութիւն):
—Շատ ուշացած ենք այս հարցերը հանգամանաւոր լուծելու (համար):
—Նոր ամավարկը տուրք չի պարտադրեր քաղաքացիներուն:
Ճիշդ պատասխանած են՝ Լիւսի Տէօքմեճեան (6), Գէորգ Եազըճեան (3), Ալին գարակէօզեան (3), Ցոլակ Ապտալեան (4), Գեղամ Խաչատրեան (8), Արմէն Պաղտոյեան (5), Պերճ Տէր Սահակեան (6), Համբարձում Յարթունեան (7), Եփրեմ Թոքճեան (6):
Մրցոյթ 62.
***Լրացո՛ւր ասոյթը. «Գիշերուան առաջին կէսը մտածէ՛ թերութիւններուդ մասին, միւս կէսը ………. :
***Դուն ինչպէ՞ս կը շարադրես հետեւեալները.
—Ըստ հաղորդագրութեան՝ դրամատուները վտանգի փողերը կը հնչեցնեն:
—Անոնք քննարկեցին տնտեսական, ճարտարարուեստի եւ առեւտուրի հարցեր:
—Եւրոպա ուշադիր կը հետեւի շրջանին մէջ տեղի ունեցող այլ զարգացումներուն:
—Երախտագիտութիւն յայտնելը իր մէջ խորունկ նշանակութիւն ունի: