Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Հայերէնը կը զուարճանայ (69)

April 7, 2022
in Յօդուածներ, Mobile Home, Newsletter
0
   Կիրակնօրեայ ընթերցումներ (15)

Տոքթ. Արմենակ Եղիայեան     

  1. Յոգնակիի չարաշահում

Ի՞նչ կը մտածէք հետեւեալին մասին.

«Վարչապետը հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած է Թրուտոյի եւ Պլինքընի հետ» («Ազդակ», 15-3-20225, էջ 1):

Դուք ի՞նչ թիւով կը գրէիք հաղորդակցութիւններ-ը.

Եզակի՞, թէ՞ յոգնակի:

*   *   *

Մենք այլապէս գիտենք,  եւ յօդուածին բովանդակութիւնն ալ կը հաստատէ, որ վարչապետը խօսած է՝ մէյ մը Թրուտոյի հետ, մէյ մըն ալ Պլինքընի հետ: Այս պայմաններու մէջ  լեզուական  ոչ մէկ անհրաժեշտութիւն կը թելադրէ, առաւել եւս կը պարտադրէ, որ յոգնակի կիրարկենք հաղորդակցութիւններ-ը:

Հաղորդակցութիւնը փոխարինենք կենցաղային առօրեայ արարքով մը՝ բանաձեւելով Թորոսի եւ Մարկոսի նարինջ ուտելը. ո՞րն է ճիշդը.

–Թորոսը եւ Մարկոսը նարի՞նջ կ’ուտեն,  թէ՞

–Թորոսը եւ Մարկոսը նարինջներ կ’ուտեն:

Ես չեմ հաւատար, որ  գտնուի ողջախոհ  հայ մը, որ ըսէր ՝ «նարինջներ կ’ուտեն»:

Այն պարզ տրամաբանութեամբ, որ այս միտքը արտայատողին նպատակը Թորոսին ու Մարկոսսին կերած նարինջներուն քանակը նշել չէ, այլ նարինջ ուտելու արարքը, իրողու-թիւնը: Վերը մէջբերուած լուրին  նպատակը իր կարգին  վարչապետին ունեցած հաղորդակ-ցութեան քանակը չէ, այլ իրողութեան, գործողութեան հաստատումը, հաղորդումը:

Հիմա պահ մը ենթադրենք, թէ որոշած ենք մեզ ընկալողը  իրազեկել  կերուած  նարինջի քանակութեան, ապա այդ պարագային կրնան ներկայանալ անհամար  պարագաներ.

–Թորոսը եւ Մարկոսը  մէկական նարինջ կերան:

–Թորոսը մէկ նարինջ կերաւ, Մարկոսը՝ երեք:

–Թորոսը նարինջ մը կերաւ, Մարկոսը՝ բազմաթիւ նարինջներ կերաւ:

–Թորոսը եւ Մարկոսը՝ իւրաքանչիւրը բազմաթիւ նարինջներ կերան:

Այլապէս «վարչապետը հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցած է Թրուտոյի եւ Պլինքընի հետ» կառոյցը քանակական ոչ մէկ յստակութիւն կը բերէ խօսքին՝ բացի թելադրելէ, թէ… վարչապետը գլուխները արդուկելու  չափ հաղորդակցութիւն ունեցած է մէկուն ու  միւսին հետ: Մինչ մենք բոլորս, անկիւնի նպարավաճառը ներառեալ, գիտենք, որ ան շատ-շատ մէկ-երկու անգամ հաղորդակցած է մէկուն ու  միւսին հետ: Ու վե՛րջ:

*   *   *                                                                             Շատ խօսած ու շատ գրած եմ, որ առանց նախադրութեան հետ առհասարակ յոգնակի խնդիր չի կիրարկուիր.  չենք ըսեր, պէտք չէ ըսենք՝ «առանց նախապայմաններու»,− ինչպէս տիւ ու գիշեր  կը կարդանք այս օրերս, այլ պէտք է ըսել «առանց նախապայմանի»:

Առանց նախապայմանի-ն արդէն կը վանէ առկայ նախապայմաններու ամբողջութիւնը, ոչ մէկին կը խնայէ ան,  ալ ի՞նչ տեղիք կը մնայ  բառը յոգնակի կիրարկելու:

  1. Վերացականութիւն եւ յոգնակի թիւ

Լեզուն կը խորշի յոգնականացնելէ  վերացական  գոյականները  եւս:

Սակայն ընթացիկ կանոնները չեն վերաբերիր  Պարոյր Աղպաշեանի գրիչին, վասնզի անոր «գիրը ուրիշ գրէն է»:

–Իրենց գձուձ եսականութիւններուն հանրահաշիւները («Պայքար», թիւ 353):

–Տիրող հակասական եռուզեռներուն մէջ (անդ):

–Գալիք ընտրութիւնները իրենց կայացումներով (անդ):

–Յղի են անյեղելիութեան  հաւանականութիւններով (անդ):

–Յօգուտ մարդկութեանց յարաբերութիւններու նպաստի[1] (թիւ 255):

–Ամէն ինչ ձգուած էր ինքնահոսութեանց ու կամայականութեանց, ապիկարութեանց եւ անջատողականութեանց (թիւ 260):

–Սկսաւ հանդէս գալ … հովերգութիւններով[2] (թիւ 261):

–Հակառակ օժանդակութիւններուն եւ խնամատարութեանց (թիւ 262):

–Հայրենական տագնապներուն ու հրատապութիւններուն (անդ):

–Այս ոճով կարելի էր հաշուեյարդարներ տեսնել (անդ):

*   *   *

Հանրահաշիւ, իր իմաստին թելադրանքով, կ’ընդգրկէ տուեալ հաշիւներու ամողջու-թինը, ըստ այսմ՝  որեւէ քանակութիւն մէկէ աւելի հանրահաշիւ չի կրնար ունենալ:

Եռուզեռ մը, որքան ալ  տարածուն ըլլայ ան,  մէ՛կ ըլլալէ չի դադրիր. օրինակ՝       «Ռուսերու  ներխուժումը արտասովոր եռուզեռ  մը յառաջացուց ամբողջ Հայաստանի տարածքին»,−  որ կը նշանակէ եռուզեռ կը տիրէր Երեւանէն մինչեւ հեռաւոր գաւառները՝ ամէն տեղ, եւ այս բոլորը թարգմանուած է մէկ եռուզեռ եզակիով:

Նոյնը պիտի չկարենայինք ըսել խճողում-ի պարագային.             օրինակ՝

«Յորդ անձրեւ(ներ)ը խճողումներ ստեղծեց քաղաքի  տարածքին»,− ուր յոգնակի կիրարկեցին խճողում-ը,  քանի ան աւելի շօշափելի, համրելի երեւոյթ է:

Ուրիշ մերժելի յոգնակի մըն է ընտրութիւններու կայացումներ-ը. ընտրութիւնները որքան ալ  բարդ ու երկարատեւ եղած ըլլան, կը կազմեն  մէ՛կ արարում, մէ՛կ  կայացում, եւ կարելի չէ յոգնականացնել այս վերջին բառը:

Մարդկութիւն կը նշանակէ «Երկիր մոլորակի մարդոց ամբողջութիւն», հետեւաբար  չի կրնար մարդկութիւններ գոյութիւն ունենալ, որպէսզի ըսենք մարկութեանց:

Այլանդակութիւն մըն ալ  խնամատարութեանց-ն է…

Պատկերացուցէք անկելանոց մը, որ կը պատսպարէ 1000 զառամեալ, որոնց օրնիբուն կը ծառայէ մօտաւորապէս 100  հոգինոց անձնակազմ մը: Արդ, օր աւուր տրուած խնամքներու այս առասպելական  քանակութիւնը հետեւեալներէն ո՞ր  կառոյցով  պատշաճ է ներկայացնել.

–Անկեալներու խնամատարութի՞ւնը,   թէ՞

–Անկեալներու խնամատարութիւնները:

Լեզուական ամենատարրական ճաշակը պիտի թելադրէր՝  խնամատարութիւնը:                      Չեմ շարունակեր…

Մրցոյթ 62.

          ***Լրացո՛ւր ասոյթը. «Գիշերուան առաջին կէսը մտածէ՛ թերութիւններուդ մասին, միւս կէսը` զանոնք սրբագրելու մասին»:

***Դուն ինչպէ՞ս կը շարադրես հետեւեալները.

—Ըստ հաղորդագրութեան՝ դրամատուները  ահազանգ կը հնչեցնեն:

—Անոնք  քննարկեցին  տնտեսութեան, ճարտարարուեստի եւ առեւտուրի հարցեր:

Նաեւ՝ … տնտեսական, ճարտարարուեստական  եւ առեւտրական հարցեր:

—Եւրոպա ուշադիր կը հետեւի  շրջանին մէջ տեղի ունեցող այլ զարգացումներու:

—Երախտագիտութիւն յայտնելը  խորունկ նշանակութիւն  ունի:

Ճիշդ պատասխանած են՝ Քերոբ Էքիզեան (6), Լիւսի Տէօքմեճեան (7), Դանիէլ Թիւֆենքճեան (5), Վահէ Աբէլեան (5), Գէորգ-Նաթալի Եազըճեան(4), Գեղամ Խաչատրեան (7), Համբարձում Յարթունեան (8), Պերճ Տէր Սահակեան (8), Ցոլակ Ապտալեան (1), Եփրեմ Թոքճեան (4), Արմէն Պաղտոյեան(4), Ալին Գարակէօզեան (6)

Մրցոյթ 63.

***Լրացո՛ւր ասոյթը մէկական բառով. «Ան որ մինչեւ 40-ը  կուսակցական  չէ՝ ………. չունի, իսկ ան որ 40-էն ետք կուսակցական է՝ …………. չունի»:

***Դուն ինչպէ՞ս կը շարադրես հետեւեալները.

—Եթէ դուք ատիկա ընէք, մենք կարելիութիւնները ունինք ատիկա խանգարելու («Ազդակ», 30-3-2022, էջ 7):

—Պաքուն կը դիւերսիֆիկացնէ իր ռազմական ներածումներու  հարցը («Առաջին լրատուական», 30-3-2022):

—Գահիրէի օդակայանին մէջ  շատ  անգամներ անհամութիւններ պատահեր են հետս («Պայքար», 20-3-2022, էջ 4):

—Պարապ տեղը չէ, որ մեր օրերուն կը փորձուի աղաւաղել հայկական մշակոյթը («Յուսաբեր», 31-3-2022, էջ 2):

[email protected]

 

 

[1] Յօգուտ…նպաստի՝  կրկնաբանութիւն (ի օգուտ= ի նպաստ):

[2] Հովուերգութիւն… ըսել կ’ուզուի: Արմատը հովիւ է, ան pastoral-ին  թարգմանութիւնն է:

Pasteur=հովիւ, pastoral=հովուական, հովուերգութիւն (իւ > ու):

Իսկ հովերգութիւն  բառ գոյութիւն չունի:

Previous Post

US spies reveal leaking dodgy intelligence on Russia – media

Next Post

Iran says it gave answers to UN atomic watchdog

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.