Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Հայերէնը կը զուարճանայ (78)

June 8, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
   Կիրակնօրեայ ընթերցումներ (15)

ՏՈՔԹ. ԱՐՄԵՆԱԿ  ԵՂԻԱՅԵԱՆ

1.Եռեակ  եւ եռուորեակ

          «Արմէնպրես»-ը իր հերթական թողարկումներէն մէկուն մէջ կու տայ հետեւեալ ուրախալի լուրը. «Բազմաբերդի 41-ամեայ բնակչուհին եռեակ է լոյս աշխարհ բերել»:

−Ինչ լա՜ւ,− կը հրճուիս  եւ իսկոյն կ’օրհնես   արգանդը այն հայուհիին, որ այս թանկագին պարգեւը կու տայ  իր ազգին, մանաւանդ այս օրերուն, ուր այնքան շատ կարիքը ունինք նման հաճելի անակնկալներու:

Չենք մոռնար նաեւ մաղթել՝ տառոսը  մայրանալու կոչուած բոլոր հայուհիներուն:

Սակայն, միւս կողմէ, չ’ուշանար սթափումն ալ.

−Եռեակ բառը ճիշդ չի հնչեր:

Այս կը յուշէ մեզի անվիճելի երկուորեակ բառը, որուն ածանցական բաղադրիչն է «ուորեակ[1]» (երկ+ուորեակ): Ուրե՞մն… ուրեմն պէտք է ունենայինք  եռ+ուորեակ[2], որ կ’արտասանուի եռվորեակ:

Կը դիմեմ մեր բառարաններուն… ոչ մէկը նուազագոյն յիշատակութիւն ունի:

Կարծի  ոչ երբեք գոյր արգանդ գերբեղմնաւոր ի մերում աշխարհի:

Եւ ակնարկս կ’ուղղեմ դէպի արեւելահայ բառարանները՝ Ակադեմիայի քառահատորը եւ Աղայեանի բացատրականը. երկուքն ալ դրած են ակնկալուած եռուորեակ (աբեղեանական  ուղղագրութեամբ՝ երվորյակ) եզրը:

Յատկանշական է, որ ոչ Մալխասեանը ու ոչ Սուքիասեանի հոմանիշներու բառարանը ունին զայն: Ենթադրելի է, որ հասկացութիւնը 20-րդ դարու երկրորդ կէսին է, որ պարտադրած է ինքզինք ու ապա արժանացած է համապատասխան  եզրին:

Այս դիտարկումը քիչ մը աւելի կը հիմնաւորուի եւրոպական բառարաններու պարզած կացութեամբ. աստեղ եւս մօտաւոարապէս այդ թուականներուն  տեղ սկսած է գտնել triplet եզրը, որ անգլերէնի ու ֆրասնսերէնի մէջ նմանապէս կը նշանակէ «նոյն մօրմէն միաժամանակ ծնած երեք երեխաներէն մէկը»:

Հետաքրքրական է, թէ ինչո՛ւ այսպէս է, քանի պատմութեան ողջ տեւողութեան միշտ ալ, թէկուզ ոչ-յաճախակի, ծնած են եռուորեակներ:

Յամենայնդէպս, կանխելու համար անակնկալները՝ ըսենք.  նոյն մօր  միաժամանակ ծնունդ տուած  չորս երեխաները պիտի կոչուին  քառուորեակ,  ապա՝ հնգուորեակ եւ… այլն:

Ծանօթ.−  Ուղեղեէն մեկնող 12  զոյգ  ջիղերէն հինգերորդը կը կոչուի ֆրանսերէն՝ trijumeau, անգլերէն՝ trigeminal, իտալերէն՝ trigemino: Այս ջիղը, դուրս գալով գանկէն, կը բաժնուի երեք ճիւղի, որոնցմէ մէկը կը սնուցէ վերին կզակը (յատկապէս այտերը), միւսը՝ աչքերը, երրորդը՝ ստորին կզակը: Արեւմտահայ  երկլեզուեան բառարանագիրներէն Տեմիրճիպաշեան եւ Մեսրոպ Նուպարեան զայն կոչած են եռորեակ, Գուիտոն Լուսինեան՝ եռերկուորեակ (tri=եռ, jumeau=երկուորեակ), Գույումճեան՝ եռազուգորեակ: Նոյն ջիղը արեւելահայերը կը կոչեն եռուորեակ (եռվորեակ) ճիշդ ինչպէս կը կոչեն նոյն մօրմէ միաժամանակ ծնած երեք  երեխաները: Մեզի կը թուի, թէ ամէնէն ճիշդ վարուողը այս պարագային արեւելահայ բառարանագիրներն են:

— երկուորածին   − երկուորեակի ծնունդ տուած կին

— եռուորածին     − եռուորեակի  ծնունդ  տուած կին

  1. Բարե՛ւ, Թորո՛ս:

Թորոս-ը կոչական է, ուրեմն կը տրոհենք զայն ստորակէտով:

  1. ան, որ…  ինչ, որ…   ով, որ…

Ան, որ քաջ է, թող մօտենայ:

Ինչ, որ կ’ուզես, պիտի ունենաս:

Ով, որ փորձեց մինչեւ ծայրը երթալ, յաջողեցաւ:

Բերուած օրինակները յստակօրէն ցոյց կու  տան, որ ան, ինչ, ով կը պատկանին գլխաւոր նախադասութեան (ան թող մօտենայ), իսկ որ-ով կը սկսի երկրորդական նախադասութիւնը, որ կարմիրով ներկած ենք:

  1. Քիչ մը աւելի դժուար է ուրեմն եւ հետեւաբար շաղկապներուն կիրարկութիւնը, որ բաւական հմտութիւն կը պահանջէ:

Ասոնք կրնան գտնուիլ՝

ա)  Մէկ բարդ նախադասութեան մէջ. օրինակ՝

–Ուզածդ ստացար, ուրեմն ել-գնա:

–Այս  ակնկալութիւնդ պիտի չգոհացուի,  հետեւաբար անիմաստ է յոյսեր կապել:

Ուրեմն ասոնց իւրաքանչիւրը մէկ բարդ ստորադասական նախադասութիւն է, ուր երկրորդական նախադասութիւնը կը սկսի ուրեմն, հետեւաբար շաղկապներով, որոնք բացարաձակապէս ստորակէտ չեն պահանջեր:

բ)Վերջակէտէ մը ետք, նոր պարբերութեան մը սկիզբը. օրինակ՝

–«Մեր ամբողջ կարելին փորձեցինք, ու չյաջողեցանք համոզել զինք, եւ հիմա ամէն կապ խզուած է:  Ուրեմն կամ հետեւաբար, մեզի կը մնայ  այլեւս հրաժարիլ այս ծրագիրէն»:

Այս պարագային քիչ մը դժուար է կողմնորոշուիլ, երկւութիւններ կան, նայած թէ ուրեմն-ով սկսող նոր պարբերութեան կապը  որքանով  թարմ է նախորդ պարբերութեան հետ:  Չեմ երկարեր, քիչ մը բարդ է.  այս պարագային  թելադրելի  է,  որ միշտ ստորակէտ դրուի ուրեմն, հետեւաբար շաղկապին աջին:

  1. այլ … այլեւ

–Ան պարտականութիւնը չկատարեց, այլ ամբողջ ժամանակը խաղաց:

–Անոր փնտռածը աշխատանք չէր, այլ պարզ զբաղում մը:

–Աջէն մի՛քալէք, այլ ձախէն:

Ասոնցմէ ոչ մէկը այլ-ին կից բութ  կը պահանջէ:

Բութ կը դնենք զեղչուած անդամի մը փոխարէն, արդ, ո՞ր անդամը զեղչուած է, նման բան չկայ: Մինչդեռ՝ «Ես  խնձոր  կ’ուտեմ, ան՝ նարինջ» նախադասութեան մէջ ուտել բայը, որ նախորդին մէջ կը գտնուի, զեղչուած է:

–Ես խնձոր չեմ ուտեր, այլ նարինջ:

–Ես ոչ թէ խնձոր, այլ նարինջ կ’ուտեմ:

Ընդհանուր առմամբ ոչ մէկ շաղկապի վրայ բութ կը դրուի:

–Ան ոչ միայն  կ’աշխատի, այլեւ կը խաղայ:

–Մենք ոչ միայն կողոպտուեցանք, այլեւ անարգուեցանք:

–Ոչ միայն այսօրը, այլեւ յառաջիկայ բոլոր օրերը ապահոված ենք:

Մրցոյթ 71.

Վերաշարադրէ հետեւեալները՝ ջնջելով աւելորդաբանութիւնները, եթէ կան.

***Զինք բանտարկեցին այն բանին համար, որ հաց մը գողցած էր փուռէն:

—Զինք բանտարկեցին, որովհետեւ հաց մը գողցած էր փուռէն:

***Կը տառապինք, չենք անդրադառնար, որ պարտուածի վիճակին մէջ ենք:

—Կը տառապինք, չենք անդրադառնար, որ պարտուած ենք:

***Մեր աշխատանքը ուղղուած է նրան, որ կարողանանք մեր մեքենաների համար առանձին միջանցք ստեղծել:

—Մեր աշխատանքը կը միտի մեր մեքենաներուն  առանձին միջանցք ստեղծելու:

***Անոնք պատմեցին այն մասին, թէ ինչպէս կը քանդէին  տեղւոյն յուշարձանները:

—Անոնք պատմեցին, թէ ինչպէս կը քանդէին տեղւոյն յուշարձանները:

***Մեր ժողովուրդը կը շարունակէ իր համայնքային կառոյցներէն ներս հաւատար-մօրէն իր կեանքը ապրիլ իր քրիստոնէական հաւատքով:

—Մեր ժողովուրդը կը շարունակէ հաւատարմօրէն ապրիլ քրիստոնէական հաւատքով:

Ճիշդ պատասխանած են՝ Լիւսի Տէoքմեճեան (7),  Գէորգ Եազըճեան (8), Վահէ Աբէլեան (8), Գեղամ Խաչատրեան (5), Համբարձում Յարթունեան(8), Արմէն պաշտոյեան (7), Եփրեմ Թոքճեան (8), Պերճ Տէր Սահակեան(7):

Մրցոյթ 72.

***Վերաշարադրել հետեւեալները.

—Բոլոր հայերը իրաւունք ունին Հայաստանի քաղաքացիներ դառնալու եւ վայելելու անոր կողմէ պաշտպանուած ըլլալու իրաւունքը:

—Երկու երկիրները իրարու պէտք ունին եւ կ’ամբողջացնեն:

—Մեր հակառուս  գործիչները կը հաւատան եւ կ’ուզեն հաւատացնել ժողովուրդն ալ, թէ փրկութիւնը  Արեւմուտքէն կրնայ գալ:

—Կայ մարդասիրական  հարց մը, որուն  մասին կարելի չէ լուռ անցնիլ:

—Մեր պետական դէմքերը սովորութիւն չունին հակաճառելու ռուսերուն հետ:

[email protected]                                                                                       Արմենակ  Եղիայեան

 

 

[1] Բաղադրեալ ածանց մըն է այս. բաղադրիչներն են՝ ուոր  եւ եակ:

[2] Ստուգաբանական  տարազ՝ երեր-ուորեակ > երր-ուորեակ > եռ-ուորեակ > եռուորեակ:

Previous Post

What If Pope Francis Steps Down? – OpEd

Next Post

Հարաւային Լիբանան-Իսրայէլ ծովային սահմանագծումին մանրամասնութիւնները կը շարունակուին քննարկուիլ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.