Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Հայերէնը կը զուարճանայ (88)

August 17, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
   Կիրակնօրեայ ընթերցումներ (15)

 Տոքթ. Արմենակ Եղիայեան

1.Նուազաբանութիւն

Այս եզրով կը բնորոշենք մեր խօսքը նուազագոյն բառերով կազմելու երեւոյթը. օրինակ՝ մեզի երկար-բարակ տրուած  այն  հարցին, թէ՝ «Բոլոր պարտականութիւններդ անթերի կատարա՞ծ ես»,− կը պատասխանենք  մէկ «այո»  կամ  «ոչ» բառով: Այս այո-ն կամ ոչ-ը, որով օժտուած են աշխարհի բոլոր լեզուները, կը թոյլատրէ խնայել «անթերի կատարած ենք մեր պարտականութիւնները» կամ «անթերի չենք կատարած մեր բոլոր պարտականութիւնները»  հատուածները:

–Ե՞րբ կը մտածես ճամբորդել:

–Մայիսին:

Խնայուած է «կը մտածեմ ճամբորդել» հատուածը:

–Մեծը ճարտարապետ էր, փոքրը՝ արհեստաւոր:

Խնայուած է էր բայը, որուն փոխարէն դրուած է բութ մը:

Ինչպէս կը նկատենք, նուազաբանութիւնը կամ խօսքի խնայողութիւնը գրեթէ մնայուն երեւոյթ մըն է, որ կ’ընկերանայ մեզի խօսակցական շղթայի ամբողջ տեւողութեան եւ միշտ:

Ձեզի ծանօթ են նուազաբանութեան պատմական քանի մը պարագաներ:

Օրինակ՝ Յուլիոս Կեսարինը:  Այս զօրավարը Եգիպտոսը նուաճելէ ետք Հռոմ վերադարձի ճամբուն վրայ՝ 47 թուին Քա. ինչ-որ պատմական ճակատամարտ մը մղեց  պոնտական բանակի մը դէմ: Եւ մինչ Ծերակոյտը մանրամասն տեղեկագիր մը կը սպասէր, ան յղեց երեք բառանի պատգամ մը՝ veni, vidi, vici,  որ կը նշանակէ՝ «եկայ, տեսայ, յաղթեցի»:

Սակայն Կեսար ունեցած է  զինք գերազանցող մը, որ լակոնացիներն էին: Լակոնիան հարաւային Յունաստանի մէկ նահանգն է՝ Սպարտա   ոստայնով: Լակոնացիները համբաւաւոր էին իրենց սակաւախօսութեամբ:

Մակեդոնիոյ Փիլիպպոս թագաւորը,  Յունաստանի ամբողջ հարաւը գրաւելէ ետք, հարցումով մը դիմեց  լակոնացիներուն. «Իբրեւ բարեկա՞մ մտնեմ Լակոնիա, թէ՞ իբրեւ թշնամի»,– որուն անոնք պատասխապեցին՝ «Ո՛չ մէկը»:  Զայրացած Փիլիպպոս դիմեց երկրորդ անգամ՝ սպառնալով «որ Լակոնիան գրաւելու պարագային,  բոլոր քաղաքացիները պիտի վտարէ  անկէ»,– որուն անոնք պատասխանեցին միայն մէկ բառով՝ «եթէ»:

Կը մնար հասկնալ կամ գուշակել մնացեալը՝ « եթէ կարենաս գրաւել Լակոնիան»:

Չերկարեմ, կրնամ ծանծաղիլ, այս օրինակները պէտք է բաւարար ըլլան:

Եւ ահա պատահեցաւ որ ինձմէ ուզեն նուազաբանութիւն եզրի… անգլերէնը:

Անշուշտ ի մտի ունէի laconism բառը, սակայն պէտք է գոյութիւն ունենար ուրիշ մը:

Պրպտումներս զիս  հասցուցին pauciloquy կառոյցին:  Ունեցած Webster’s-իս (2003-ի հրատարակութիւն) մէջ չկար ան: Դիմեցի ամենափրկիչ Google-ին, որ կ’իմացանէ, թէ այս բառը 2022-ին միայն  մտած է Webster’s-ի մէջ:

Բայց եւ այնպէս…

Բայց եւ այնպէս ան կը գտնուի Մեսրոպ Գույումճեանի «Հայերէն-անգլերէն ընդարձակ բառարան»-ի 1970-ի հրատարակութեան  մէջ:

Կարելի՞ բան է, որ հայ բառարանագիրը Webster’s-էն ճիշդ 52 տարի առաջ դրած ըլլայ  այս բառը: Երա՞զ է այս, հեքի՞աթ, առասպե՞լ… իսկ եթէ այս բոլորը  չէ, հապա ի՞նչ է ան:

Ուրկէ՞ բերած է ան այս բառը. քիչ  մը դժուար է ենթադրել, թէ ի՛նք հնարած է զայն , իսկ եթէ այդպէս  չէ, հապա ի՞նչ է, կա՞յ մէկը, որ կարենայ ինծի բացատրութիւն մը տալ:

Կը սպասեմ:

Իսկ մինչ այդ չեմ վարանիր հիացումս յայտնելու այս շնորհալի բառարանագիրին հանդէպ, որ իր երկու ծաւալուն՝ ակադեմական լրջութեամբ երկնուած անգլերէն-հայերէն եւ հայերէն-անգլերէն  աշխատութիւններով ծառայած է իր ժողովուրդին, որուն հիացումին եւ երախտագիտութեան առարկան պիտի մնայ  միշտ:

Յարգանք եւ պատիւ  իր յիշատակին:

2.Որոշում ընդունիլ

–«ԱՄՆ-ը համաշխարհային քաղաքականութիւնում որոշումներ ընդունողներից մէկն է»…

Մինչեւ հիմա ալ չեմ յաջողիր մարսել  այս «որոշում ընդունիլ» ասոյթը, որ խելքի պառկելիք բան չէ. հայեցի  մտածողութեան արդիւնք չէ այս, հայը նման բան չէ մտածած ու չի մտածեր, սակայն կրնայ… ընդօրինակել, այո, օտարամոլութիւնը բոլորիս մէջ ալ տեղ մը հանգիստ բազմած է եւ առիթ չի փախցներ աղարտելու մեր լեզուն:

Ընդունիլ կը նշանակէ ստանալ մեր անձէն դուրս մէկուն կամ բանի մը կողմէ մեզի մատուցուած, հրամցուած, պարտադրուած որեւէ բան. սկսած հիւրէն, անցնելով հարուածէ, հասնելու համար դիտողութեան եւ այլն, ասոնք բոլոր կարելի է ընդունիլ:

Բայց որոշումը…

Որոշումը բան մըն է, որ դուրսէն չի հասնիր մեզի, այլ ան կը ձեւաւորուի մեր մէջ՝ սեփական մտորումներու, որոնումներու, դատողութեան, բացառման ու ներառման հակադրամիասնական ճիգով:

Այս տրամաբանութեամբ՝ որոշումը կը կայացնենք, այլեւ կու տանք:

Ճիշդ չէ նաեւ «որոշում առնել» ասոյթը, որ շատ տարածուած է. եւ արդէն բացատրած եղանք, թէ ինչո՛ւ.  մենք կ’առնենք, ինչ որ կը տրուի ուրիշին կողմէ:

Ահա այս բոլորը նկատի առած՝ շատ խորթ կը հնչէ, որ Ամերիկան որոշում ընդունող ըլլայ… ուրկէ՜-ուր,  իր որոշումնրն ու կամքը աշխարհին պարտադրող այս հզօր գերտէրութիւնը յանկարծ որոշում ընդունող ըլլայ… :

  1. Հայերէնի մէջ կը գործէ բաւական հետաքրքական կանոն մը, որ է ածանցաւոր բայերու պարզացումն ու կանոնաւորումը բառակազմութեան ընթացքին:

Խօսինք օրինակով մը:

Առնել-ը ածանցաւոր բայ մըն է, որ ունի հետեւեալ կազմը՝ առ–ն–ել:

Ածանցն է «ն» բաղաձայնը, որ բառակազմութեան առթիւ կ’անհետանայ:

Օրինակ՝ առնել > ներառել, բացառել, հաշուառել:

Հարցը միայն այս անհետացումը չէ, յառաջացած բային խոնարհական կաղապարը եւս կը փոխուի՝ դէպի պարզացումը, կանոնաւորումը. բաղդատենք՝

առի              առիր           առաւ           ա՛ռ

ներառեցի      ներառեցիր    ներառեց      ներառէ՛

 

Այնպէս ալ՝

դրի                 դրիր                 դրաւ               դի՛ր

փոխադրեցի  փոխադրեցիր   փոխադրեց     փոխադրէ՛

          Զարմանալիօրէն, սակայն,  «ն»-ի կորուստ կը տեսնենք հոն, ուր ան ածանց չէ.  օրինակ՝ ձեռն-ձեռնել, ուր «ն»-ն արմատական է: Եւ ահա ունինք  ընձեռել, ընձեռուիլ, ընձեռում:

Այս բարեշրջումը երբեմն կ’ընդգրկէ ոչ-ածանցաւոր բայեր եւս. օրինակ՝

բերի               բերիր             բերաւ             բե՛ր

մտաբերեցի     մտաբերեցիր  մտաբերեց       մտաբերէ՛

Որքա՜ն քմայքոտ ու հետաքրքրական է մեր լեզուն:  Կը մնայ յարգել անոր քմայքները:

Մրցոյթ 81.

***Վերաշարադրէ՛ հետեւեալները.

—Ան ստիպուած կը  պայքարէր արտաքին եւ ներքին թշնամիներուն էմ:

—Պէտք եղաւ սպասել  մինչեւ նախարարական խորհուրդի նիստը:

—Ան կոչ ուղղեց արագացնել դատավարութիւնը՝ մեղմացնելու համար բանտին խճողումը:

—Նոր նախագահի ընտրութիւնը տեղի ունեցաւ քաղաքին մէջ կայացած համագումարին:

—Անուանի յառաջապահը հրաժարեցաւ միանալէ ֆրանսական ակումբին:

Ճիշդ պատասխանած են՝ Լիւսի Տէօքմեճեան (8),  Գէորգ եազըճեան(7), Վահէ Աբէլեան (7), Համբարձում Յարթունեան (8), Ցոլակ Ապտալեան (6), Պերճ Տէր Սահակեան(2), Գեղամ Խաչատրեան(2), Լեւոն Շառոյեան(7), Արմէն Պաղտոյեան(6),Եփրեմ Թոքճեան (9):

Մրցոյթ 82.

***Վերաշարադրէ՛ հետեւեալները.

—Ձեզի կը թելադրեմ պատրաստ ըլլալու ամէն տեսակի հաւանականութիւններու:

—Ոմանց կողմէ ներկայացուած չէզոքութեան վարկածը անարժէք է այս փուլին ընթացքին:

—Այցելութիւնը օրակարգի վրայ է եւ անիկա պիտի կատարուի յարմարագոյն պահուն:

—Ես այն օրը արդէն կանուխէն ելած եւ պատրաստուած պէտք էի եղած ըլլալ:

—Տէր Զօրը մեր  հաւաքական ժողովուրդի յիշողութեան մէջ արմատացած է:

[email protected]

Previous Post

Ankara denies new deal with Russia on S-400 air defense system

Next Post

Արամ Ա. կաթողիկոս զօրակցութիւն կը յայտնէ Ղպտի   եկեղեցւոյ պետ Թաուրատրոս պատրիարքին

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.